Մխիթարեան պիտի տեղափոխուի «Արսենալ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի հնարաւոր տեղափոխութիւնը այլ ակումբ կը շարունակէ մնալ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին:

Mirror կը գրէ, որ ժամեր անց ֆութպոլիստը պայմանագիր պիտի ստորագրէ Լոնտոնի «Արսենալ»-ի հետ: Ըստ լրատուամիջոցին` հայ կիսապաշտպանը 4 տարուան պայմանագիր պիտի կնքէ «զինագործներ»ու հետ, իսկ տարեկան պիտի ստանայ 5 միլիոն սթերլին աշխատավարձ:

Հենրիխ Մխիթարեան «Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուած էր 2016 թուականին Տորթմունտի «Պորուսիա»-էն: