«Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամը 10 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ ստացաւ Սիւնիքի մարզին մէջ կրթութիւնը զարգացնելու նպատակով

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ) Եւրոպական յանձնախումբին կողմէ Եւրոպական ներդրումային դրամատան միջոցով ստացաւ 10 միլիոն եւրօ ներդրումային դրամաշնորհ` Սիւնիքի մարզին մէջ երկու ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոն հիմնելու նպատակով: Հոկտեմբեր 25-ին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Օլիվեր Վարհէյը եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան փոխնախագահ Թոմաս Օստրոսը ստորագրեցին դրամաշնորհի յատկացման համաձայնագիրին վերջնականացման յայտարարութիւնը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի տնօրէն Արա Բարսամը եւ գործադիր տնօրէն Լիանա Ղալթաղչեանը:

Այս համագործակցութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Սիւնիքի մարզի երեխաներուն ստանալ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան արտադպրոցական կրթութիւն, մասնաւորապէս` Կապան եւ Գորիս համայնքներուն մէջ, ուր պիտի կառուցուին ոչ դասական կրթութեան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման երկու գերժամանակակից ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոններ:

3-18 տարեկան աւելի քան 6 հազար երեխայ եւ երիտասարդ կարելիութիւն պիտի ունենան ներգրաւուելու տարբեր ուղղուածութեամբ կրթական ծրագիրներու մէջ, որոնց կարգին` օտար լեզուներ, ձեռներէցութիւն, ճարտարագիտութիւն, աթլեթ: Հասանելի պիտի ըլլան նաեւ ընկերային եւ հոգեբանական անվճար ծառայութիւններ, միջազգային փորձագէտներու կողմէ պիտի իրականացուին դասընթացքներ:

2018 թուականին Լոռիի մարզին մէջ գործարկուած ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոնը ոչ դասական կրթութեան յաջողած նախաձեռնութեան վառ օրինակ է, որ նպաստած է Հայաստանի գիւղական համայնքներուն մէջ կրթութեան բարելաւման եւ զարգացման: Իր գործունէութեան 5 տարիներուն ընթացքին Լոռիի ՍՄԱՐԹ կեդրոնը սպասարկած է աւելի քան 4 հազար ուսանողի` 28 բնակավայրէ:

Սիւնիքի մէջ երկու ՍՄԱՐԹ կեդրոններու ստեղծումը սերտօրէն կապուած է «Ներդրումներ կրթութեան մէջ, յատկապէս` Սիւնիքի մարզին մէջ» նախաձեռնութեան հետ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Հայաստանի համար տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի բաղադրիչ: Անիկա նաեւ կը հանդիսանայ «Դիմակայուն Սիւնիք թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեան անբաժանելի մասը, որուն ծիրին մէջ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանի հարաւային շրջաններու ընկերային-տնտեսական դիմակայութեան բարձրացման. այս տարածաշրջանը ամէնէն աւելի տուժած է 2020-ի ռազմական գործողութիւններէն եւ 2023 Սեպտեմբերին արցախահայերու զանգուածային տեղահանութենէն: