Opinions & Editorials

Ապրիլ 2-6 Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքին կազմակերպուած Ատրպէյճանական բանակի զինուորական եւ ամենաարդիական սպառազինութեամբ ու անակնկալի առաւելութեամբ կատարուած գրոհը Ղարաբաղի վրայ, տեւեց հազիւ մէկուկէս օր, երբ Արցախի բանակը ազդու հակայարձակումով երկու օրուայ մէջ ետ մղեց քանի մը հարիւր մեթր Թալիշի ուղղութեամբ սահմանէն ներս թափանցած թշնամի բանակը, որ շատ աւելի ծանր կորուստներ կրեց քան հայկական կողմը: Ատրպէյճանի բանակը նահանջեց եւ սահմանը վերադարձաւ իր նախնական գծին: Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Նախարարներու եւ ԵԱՀԿ Մինսկի Խմբաւորման...
«ՈՐՔԱՆ ԱԼ ՓՈԽՈՒԻ՝ ԿԸ ՄՆԱՅ ՆՈՅՆԸ»     Այս ժողովրդական ասացուածքը կը վերագրուի 19-րդ դարու ֆրանսացի գրողներու: Արդարեւ, հակառակ Երկիր մոլորակի վրայ հարիւր հազարաւոր տարիներու ընթացքին պատահած յեղաշրջումներու, աշխարհը կը մնայ նոյնը: Մարդկային մտայնութիւններն ու կենցաղները եւս հարիւրամեակներու ընթացքին մակերեսային փոփոխութիւններ կը կրեն, բայց խորքին մէջ կը մնան նոյնը: 1300 թուի սկիզբները, Թուրք վրանաբնակ ցեղախումբերը, ծանօթ Ղազի (կրօնամոլ ռազմիկներ) անունով, Օսման Պէյի առաջնորդութեամբ գրաւեցին ամբողջ Անատոլուն եւ ճամբան հարթեցին 21 տարեկան Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտ Բ.-ին որ քայքայուող Բիւզանդական...
Հրանդ Տինք, քաջարի լրագրողը որ հաւատաց թէ պիտի կարենայ ժողովրդավարութիւն ներմուծել Թուրքիոյ մէջ եթէ կարենար յառաջացնել ժողովուրդին առերեսումը այդ երկրին մութ պատմութեան, սպաննուեցաւ Յունուար 19, 2007-ին, «Ակօս» երկլեզուեան թերթի խմբագրատան սեմին. ան կը յուսար որ իր հիմնադրած այս հրատարակութեան միջոցաւ պիտի կարենար Թուրքերու եւ Հայերու միջեւ լուծողական երկխօսութիւն մը ստեղծել: Ան կը հաւատար որ Իսթանպուլի Հայերը կ'ապրին շատ մեկուսացած կերպով , եւ եթէ Թուրքերը աւելի լաւ ճանչցած ըլլային Հայերը, բոլոր նախապաշարումները պիտի անհետանային: Նոյնպէս, ան հաւատացած...
«'Զաման', սպաննուած Ուրբաթ օր, արթնցաւ Կիրակի օր որպէս կառավարամէտ խամաճիկ մը (zombie)» կը գրէ այս Շաբաթ օր լրագրող Փիօթր Զալեւսքի: Սակայն, Մարտ 4-ին Զամանի «սպաննութիւն»ը լռելեայն կամ առանց պատահարի չեղաւ: Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կառավարութիւնը, դատաւորական հլու պաշտօնավարէ մը դատական հրահանգ մը ի ձեռին, ներխուժեց թերթին խմբագրութեան գրասենեակները, ցուցարարներու հետ կռուելով արցունքաբեր կազերով եւ ջուրի թնդանօթներով: Հիմա «Զաման»ը կը մնայ ձերբակալուած, նուիրուած՝ արհամարհող նախագահի մը փառքը գովաբանողի պաշտօնին: Ազատ մամուլի վայրագ ոտնակոխումը կը վերադարձնէ երկրի...
ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՆԻՆ՝ ԻՐ ՊԱՆԾԱԼԻ ԱՆՑԵԱԼՈՎ, ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՆԵՐԿԱՅՈՎ ԵՒ ԱՆՍՏՈՅԳ ԱՊԱԳԱՅՈՎ    «Ա՜խ լեզուն, լեզուն. լեզուն  որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ պէս կ'ըլլայ...» Խաչատուր Աբովեան   Փետրուար 21-ը ՄԱԿ-ի կողմէ 2008-ին յայտարարուած է որպէս Մայր Լեզուի Միջազգային Տօն: Այս տօնին առիթով կ'արժէ անգամ մը եւս արագ անդրադարձ մը կատարել հայերէն լեզուի կտրած պատուաբեր ճանապարհին՝ հեռաւոր անցեալէն մինչեւ ներկայի կացութիւնը ու որոնել միջոցներ զայն վերակենդանացնելու: 2010 թուականին, աշխարհի բոլոր լեզուներու ներկայ կացութիւնը ուսումնասիրելով,  UNESCO-ն հայերէն լեզուն դասած է «լրջօրէն վտանգուած» դասակարգին եւ անխուսափելի...
Օրէնսգիտութիւնը Թուրքիոյ մէջ չէ յառաջդիմած Օսմանեան Սուլթաններու օրէն: Հայկական գրականութեան մէջ նուազ ծանօթութիւն ունեցող երգիծագիր մը՝ Առանցար անունով, հեգնանքով կ'անդրադառնայ իր օրերու թրքական օրէնքներուն մասին: Իր պատմութիւններէն մէկուն մէջ, հայ մը դատապարտուած է թրքական դատարանի մը կողմէ,  մուլլայի մը մօրուքը անարգած ըլլալուն համար (ճիշտ ինչպէս Սեւան Նշանեան անարգած է Մարգարէն): Սակայն երբ դատը վերաքննութեան եկած է, գթասիրտ դատաւորը անպարտ արձակած է դատապարտեալը, այն հիման վրայ որ մուլլայի դէմքին վրայի քանի մը մազերը թափած էին...
Առաջին անգամը չէ որ Վրաստան կ'արդարացնէ իր «բարեկամական թշնամի» համբաւը Հայաստանի հետ: Թէեւ խաչը աչքառու կերպով կը ցուցադրուի Վրաստանի ազգային դօշակին վրայ, Քրիսոնէական եղբայրակցութիւնը մեծ իմաստ մը չունի Վրաստանի կառավարութեան համար: Այլապէս, քիչ մը ակնածանութիւն եւ զօրակցութիւն պիտի ակնկալուէր Իսլամական երկիրներու ովկիանոսի մը մէջ այս երկու Քրիստոնեայ երկիրներու միջեւ: Սովետական շրջանին, բոլոր ազգային ձգտումները կը զսպուէին կեդրոնական կառավարութեան կողմէ, թէեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ արդէն իսկ սէր չկար, քանի անոնք պատերազմած էին իրար դէմ նախ...
ԹՈՒՐՔԻԱ ԶԱՌԻԹԱՓԻ ՎՐԱՅ   Թուրքիոյ գոռոզ քաղաքականութիւնը անցեալ շաբաթ աշխարհը մօտեցուց երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը սեմին: Հարեւան երկիրներ եւ գերպետութիւններ, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու տրամաբանութեամբ, թողուցին որ նորելուկ վայրագ Իսլամ կրօնամոլներ համատարած մահ ու սարսափի  մթնոլորտի մը մէջ նախ Իրաքի եւ յետոյ Սուրիոյ մէջ յառաջացնեն համատարած աւեր, մահ եւ շուրջ 3.2 միլիոն մարդկային զանգուածային գաղթ: Վերջին շաբաթներուն, օրական միջին հաշուով հարիւր մահեր տեղի կունենային Սուրիոյ մէջ,  մեծ մասամբ թրքական ռմբակոծումներու եւ Թուրքիոյ ու Սէուտական Արաբիայի...
ՆՈՐ ՄՈՒՐ ՄԸ ՄԵՐ ՃԱԿՏԻՆ     Ինչպէս անհատներու պարագային, խմբաւորումներ ալ՝ կազմակերպութիւններ, երկիրներ, ազգեր, եւլն. կատարեալ չեն ըլլար, այլ կ'ակնկալուի որ ձգտի'ն կատարելութեան: Այդ ձգտումի եւ իրագործումներու արժեչափն է որ կը հաստատէ անոնց քաղաքակրթութեան մակարդակը: Հայ ժողովուրդի պարագային, արդարացի հպարտութեամբ կ'ողջունենք կեանքի բոլոր բնագաւառներէ ներս միջազգային եւ համաշխարհային տարողութեամբ ամենաբարձր մակարդակներու հասած եւ գնահատուած հայորդիներու իրագործումները, որոնց իմացական  բարձրութիւնը ընկերաբաններու մտածել կու տայ թէ հայերու ծիները (genes, գէն) հասարակէն աւելի առողջ ու բարձրորակ են: Դժբախտաբար սակայն, միշտ...

ՏԵՍԱԿԷՏ

ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂԹԻ ԶՈՅԳ ԵՐԵՍՆԵՐԸ   Աշխարհի պատմութեան մէջ հազուադէպ չեն ժողովուրդներու զանգուածային գաղթերը՝ այլազան պատճառներով – պատերազմ, սով, կրօնամոլութիւն, ատելութիւն, համաճարակ, եւլն: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւս արձանագրած է մասսայական տեղափոխութիւններ, ինչպէս՝ Անիի անկումէն ետք (մօտ 1000 թուականին), Շահ Ապպասի կողմէ 17-րդ Դարուն Ճուլֆայի 300,000-ի մօտ հայ բնակչութեան  բռնագաղթը եւ տեղափոխութիւնը Նոր Ջուղա, Լեհաստանի մէջ (1370-ական թուականներուն կազմուած հայ գաղթօճախը), Հնդկաստանի մէջ (1500-ական տարիներուն) եւ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմտեան երկիրներ, ու վերջապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով աւելի քան...
Advertisement