Opinions & Editorials

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան Շրջանաւարտ Երկարամեայ Ատենապետ Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Մեր ազգային քաղաքական կեանքի պատմութեան լայն համայնապատկերին վրայ, նշանակալից տեղ կը գրաւէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ծնունդը, 1921 տարուայ Հոկտեմբերի 1-ին: Այդպէս ուրեմն ընթացիկ Հոկտեմբեր ամսուան մէջ կը նշենք Ռ.Ա.Կ.-ի 103-րդ տարեդարձը: Սկսելով 1921-ին նախորդող՝ Մեծ Եղեռնի հայոց գոյութեան իսկ սպառնացող տագնապալից տարիներէն, ապա խորհրդային համակարգի ստեղծման եւ համաշխարհային մեծ յեղաշրջումներու ու պատերազմներու այլապէս խրթին տարիները, եւ վերջապէս այս վերջնոյն յաջորդող երեք տասնամեակներու՝ Հայաստանի վերանկախացման յաջորդող բոլորովին նոր մարտահրաւէրներու տարիները,...
(Հայաստանն ու Սփիւռքը պետք է ծրագրեն նրա վերականգնումը) Այս տարուայ Սեպտեմբերի 19-ին լրացաւ Արցախի կարճատեւ, բայց փառահեղ անկախութեան ողբերգական աւարտի տխուր տարելիցը: Այս յօդուածի նպատակն է լուրջ եւ մանրամասն ծրագրուած մարտավարութեան սերմերը յայտնաբերել, որպէսզի Արցախի վերականգնումը դրուի իրական հիմքերի վրայ, օգտագործելով այն բոլոր միջոցները, որ հայկական աշխարհը կարող է հայթայթել: Մինչ վերջին բառերն էի գրում այս յօդուածի նախնական տարբերակի, ստացայ եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի ամենապատշաճ յօդուածը այս թեմայի մասին, որ իմ լաւ ընկերը եւ միջազգային իրաւունքի փորձագէտը` Ֆիլիփ...
Հայաստանի վերանկախացման երեսուներեք տարիներու պատմութեան մէջ, ընթացիկ 2024 տարուայ Յունիս ամսուայ վերջին օրերը կարելի է նկատել վերջաւորութիւնը, ծանր զարգացումներով յատկանշուած մօտ երեք տարիներու ժամանակահատուածի մը, որուն սկիզբը կը նկատեմ  2020 տարուայ 44-օրեայ Արցախի երկրորդ եւ տխրահռչակ պատերազմի օրերը: Այս յօդուածին առաջադրութիւնն է, մեր մամուլին տրամադրելի սահմանափակ տարածքին մէջ, կատարել վերոյիշեալ ժամանակահատուածին հակիրճ եւ առարկայական վերլուծական գնահատականը, եւ թուարկել, անկէ բխած՝ պատճառաբանուած ակնկալիքները, անմիջական գալիք երկու տարիներու շրջանին՝ մինչեւ յառաջիկայ 2026ին նախատեսուած ընդհանուր ընտրութիւնները: 2020 տարուան արցախեան...
Այլեւս Հայաստանի Հանրային Կեանքը Պէտք է Խաղաղի Փողոցէն Պէտք Է Բարձրանալ Սահմանադրական Օրինականութեան Մակարդակ   Աւելի քան ամիս մը անցաւ այն օրէն ուր Տաւուշի շրջանին մէջ կատարուած սահմանագծման աշխատանքներուն դէմ ծայր տուած բողոքը ձեւաւորուեցաւ որպէս «Տաւուշի Շարժում Յանուն Հայրենիքի», գլխաւորուած՝ Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կողմէ: Այս Շարժումը նախաձեռնեց քայլերթ մը դէպի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը ուր Մայիսի 9-ին տեղի ունեցաւ 31 հազար մասնակցողներով հանրահաւաք մը, եւ այդ օրն իսկ Շարժումին ղեկավար Սրբազանը մէկ ժամ պայմանաժամով պահանջեց...
Կարճ քաղուածք մը ընելով, «Տաւուշի Շարժում»ը  ծնունդ առաւ Մայիս ամսուայ սկզբնական օրերուն: Տաւուշէն մինչեւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ հասնիլը, ճամբուն վրայ եւ Երեւանի մէջ անոր միացան տարբեր խումբեր: Առաջին հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի օր Մայիսի 9-ին, ամբողջ հրապարակը լեցնող 31 հազար ներկաներու բազմութիւնով մը: Նկատի առնելով այս Շարժման բաւական խնդրայարոյց նկարագիրը եւ անոր նկատմամբ նոյնպէս բաւական բուռն համաձայն եւ հակառակ դրսեւորումները, մեր անցեալ երկու թիւերուն մէջ որդեգրեցինք միայն լրատուական նկարագրական ամփոփ ակնարկներ կատարելու քաղաքականութիւն մը: Յայտարարեցինք...
Սարդարապատի Կոթողին Մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Մուտքը Կը Խափանուի   Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տիրող անհանգստութեան խիստ մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, մինչ տակաւին ժամանակաւորապէս կը բաւականանանք մնալով կարճ լրատուութեանց սահմաններուն մէջ, սակայն Երեքշաբթի Մայիս 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ՝ Սարդարապատի Կոթողին մօտ տեղի ունեցած տխուր պատահարը, մեզ կը ստիպէ որ կատարենք յաւելեալ յստակացում: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ իր շքախումբին մուտքը դէպի Կոթող, առաջին հերթին խափանուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Հասկնալիօրէն այս պարագան պատճառ դարձաւ որ ոստիկանութեան նկատմամբ կատարուին լրջագոյն բողոքի եւ դատապարտութեան...
Համաձայն մեր անցեալ շաբթուան թիւին մէջ կատարած յայտարարութեան, այս թիւով եւս պիտի կատարենք ընդհանուր թուարկում մը անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր զարգացումներուն: Թերթիս այս թիւին մինչեւ մամուլին յանձնումը, Շարժումին շուրջ տեղի չունեցան յատուկ ուշագրաւ նոր զարգացումներ: Շարժումը մնաց ակնյայտօրէն Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութեան ծիրին մէջ սակայն իր օրական համախմբումի վայր որդեգրելով Սուրբ Աննա, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մօտ եկեղեցին: Անհնազանդութեան նախաձեռնութիւնները մինչեւ այսօր կը կատարուին սահմանափակ յաջողութիւններով: Ոստիկանական ջոկատները կերեւան աւելի մեծ թիւով ամէն տեղ ուր Շարժումի անդամները...
Կոչ Կ’ուղղենք Հայաստանի Իշխանութեան Զերծ Մնալ Ուժային Որեւէ Գործողութենէ Եւ Առիթ Ստեղծել Բացատրողական Ու Համաձայնական Հանդիպումի Կը Պահանջուի Ո՛չ Թէ Կղերապետութիւն, Այլ Իսկական Ժողովրդավարութիւն Ճակատագրական օրեր կ’ապրին Մայր Հայրենիքը, Հայոց պետականութիւնը եւ ժողովուրդը։ Սփիւռքահայութիւնը, գոնէ անոր ազգայնօրէն կենսունակ զանգուածները, իւրաքանչիւրը իր ապրած երկրին մէջ, հեւ ի հեւ կը հետեւի մեր Մայր երկրին մէջ կատարուող դէպքերուն եւ զարգացումներուն, նաեւ՝ ի հետեւանք պաշտօնի վրայ գտնուող իշխանութեանց ստեղծած արտակարգ վիճակին ու որդեգրած կեցուածքին, կանխատեսելի էր, որ հասարակական ղեկավար շրջանակներու...
Մեր ժողովրդի պատմութեան օրհասական բոլոր պահերին, բացառութեամբ դրսից թելադրուած արտառոց մի քանի շեղումների, Հայ Առաքելական եկեղեցին հանդիսացել է հայութեան վերջին, գուցէ միակ ապաւէնը թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ քաղաքական, նոյնիսկ, ճակատագրական որոշ պահերին` ռազմաքաղաքական կռուանը, ազգային միաւորման, դիմադրողական ոգու կերտիչն ու պահապանը: Լուսաւորչի այն կանթեղը, որին նայել ու ոգեշնչուել են, ինչպէս մեր մեծագոյն բանաստեղծներ` Յովհաննէս Թումանեանն ու Վահան Թէքէեանն են վկայել, իրարայաջորդ սերունդները վերջին աւելի քան 17 դարերի ընթացքում: Մեր ձեռքի տակ չկան տուեալներ, թէ վերջին 5...
Մեծ Եղեռնի Ապրիլեան տարեկան հանդիսաւոր նշումը գոնէ այն մէկ պատեհութիւնն է ուր հայութիւնը ամէն տեղ՝ մէկ կողմ կը թողու ամէն տեսակի նկատումներ եւ անհամաձայնութիւններ, եւ յարգանք կը մատուցէ իր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Այդ պատեհութեամբ է նաեւ որ իւրաքանչիւր համայնքի մէջ բոլոր կազմակերպութիւնները, միացեալ ոյժերով, հայութեան անժամանցելի պահանջատիրական արտայայտութիւնները կը բարձրաձայնեն այդ առիթով հրաւիրուած երկրի պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութեան: Իսկ այս բոլորին առանցքը անվիճելիօրէն մեր հայրենիքը Հայաստանն է որպէս անփոխարինելի նշանաբանը հայկականութեան եւ յենարանը մեր պահանջատիրութեան,...
Advertisement