Opinions & Editorials

Համազգային Ցնցիչ Ձախորդութիւններուն Վաղորդայնին   ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ   Տարբեր եւ բնական պայմաններու տակ, սովորական նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլար ժամանակ յատկացնել տարեվերջի այս օրերուն` յետադարձ ակնարկ մը նետելու, եւ անաչառ ու համարձակ քննութենէ անցընելու համար անցնող տարին, եւ անոր ընթացքին ձեռք բերուած իրագործումները, ինչպէս նաեւ մանաւանդ այդ վերջիններուն զուգահեռ նշելու այն ձախողութիւնները որոնք բնականաբար պիտի չուզէինք որ կրկնուէին արագօրէն մօտեցող յաջորդ ժամանակաշրջանին ընթացքին: Այս անգամ սակայն շատ աւելի լուրջ է կացութիւնը: Աշխարհատարած ամբողջ հայութեան գիտակից հատուածը, թէ հայաստանաբնակը, թէ...
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ Բնաւ աւելորդ չէ, ընդհակառակն` երբեմն խիստ անհրաժեշտ է մեր երթի ընթացքին ետ նայիլ եւ ներկայի ու անցեալի միջեւ զուգահեռներ դիտարկել, իրենց նմանութիւններով ու հակասութիւններով, նախկին փորձառութիւններով, ներկայ, ընթացքի մէջ գտնուող խնդիրներուն աւելի ճիշդ եւ արդիւնաւոր լուծումներ տալու համար: Նախորդ շաբաթ Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան մարաթոն-նուիրահաւաքը` ի խնդիր բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայ մեր ազգակիցներու օգնութեան եւ Մայր հայրենիքի այլ կարիքներու բաւարարումին: Ըստ Հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակի հաղորդագրութեան, նախնական տուեալներով այս տարի հանգանակուած գումարը...
(Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առթիւ)   Հիմնաւոր գոնէ 5 պատճառ կարելի է բերել Լիբանան պետութեան գոյութեան իրաւունքը ժխտելու եւ առնուազն 10 պատճառ` այդ իրաւունքը հաստատելու կամ վերահաստատելու համար: Հակասութիւններու երկիրն է Լիբանանը: Որքան փոքր իր տարածքով (հազիւ 10,400 քառ. քիլոմեթր), այդքան մեծ` տարածաշրջանային ընկալումներով, որքան տկար իր ապահովութեամբ (հայաստանցիները պիտի ըսէին` անվտանգութեամբ), այդքան գայթակղիչ իր անպաշտպանուածութեամբ: Արաբները զայն, յատկապէս մայրաքաղաքը նկատի ունենալով, «Արուս ալ-Պահր» (ծովահարս) կոչած են, բայց բոլորը գիտեն, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ անպաշտպան մնացած հարսերուն հետ… Մէկ...
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ         Կը թուի` Վերջին ահեղ դատաստանի օրերը մօտեցեր են: Նախորդ շաբթուան ընթացքին, կարծես ձայն ձայնի տուած, զղջումի, ափսոսանքի, ներողութեան պաշտօնական ու կիսապաշտօնական խօսքեր արտասանեցին յաջորդաբար Մեծ Բրիտանիայի թագաւորը, Գերմանիայի նախագահը, Հոլանտայի վարչապետը, նոյնիսկ` Անգլիկան եկեղեցւոյ պետը` Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոսը: Ինքնախարազանական խոստովանութիւններ` անցեալին իրենց գրաւած, դարերով գաղութի վերածած ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներու բնիկ ժողովուրդներուն դէմ կատարած իրենց յանցագործութիւններուն, ցեղասպան արարքներուն, խտրական ու ցեղապաշտ քաղաքականութեան, զանոնք ստրկացումի, անհատոյց աշխատանքի ենթարկելու, տանջելու, նուաստացնելու, բռնաբարելու եւ, մանաւանդ, վաճառքի հանելու...
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ   44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը, բուն Հայաստանի սահմանային գօտիներէն կարեւոր դիրքերու ու տարածքներու գրաւումը եւ յատկապէս վերջին` Արցախի լքումն ու բնակչութեան ելիցը (exodus), բնականաբար, դաժան ընկճախտի (depression) մատնեցին հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին մտածող զանգուածը: Մանաւանդ որ գալիք օրերը յուսատու որեւէ բան չեն ներշնչեր եւ, ընդհակառակն, ռազմաքաղաքական նորանոր սպառնալիքներ կախուած կը մնան Սիւնիքի, Տաւուշի եւ Արարատի շրջաններուն վերեւ` ճանապարհներու, միջանցքներու եւ enclave-ներու նկատմամբ թուրք-ազերիական սպառնալից պահանջներով, որոնց դիմաց Հայաստանը կը մնայ բոլորովին մինակ` նաեւ իշխանութեանց իրարայաջորդ սխալներու...
Անշուշտ Իլհամ Ալիեւը պետական այն գործիչը չէ, որմէ կարելի էր ակնկալել յաղթողի վեհանձնութիւն, պետական հեռատես մարդու խոհեմութիւն, մարդ` որ գիտէ թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ խաղաղութեան գինը, տեւակա՛ն խաղաղութեան գինը: Ընդհակառակն, ասիական տափաստաններէն իր վաչկատուն (nomad) նախահայրերէն ժառանգած գայլային բնազդները միշտ կենդանի են իր մէջ` յօշոտելու, յափշտակելու, նուաստացնելու իր զոհերը: Հոկտեմբեր 15-ին Իլհամը նորէն Արցախ գացած էր, նման այն ոճրագործին, որ, ինչպէս Տոսթոյեւսկիի «Ոճիր եւ պատիժ» վէպի հերոսներէն դատական քննիչը կը բացատրէ, շարունակ կը վերադառնայ հոն, ուր...
Նախորդ շաբաթ azg.am-ի մէջ հրապարակուեր էր «Ստեղծել Արցախի Հանրապետութեան վտարանդի կառավարութիւն» վերնագիրով յօդուածս` իբրեւ առաջարկ, յորդոր եւ պահանջ առաջին հերթին ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութիւն բռնագաղթած արցախահայութեան, երկրորդ` համայն հայութեան` քաջալերելու եւ օժանդակելու այդ նախաձեռնութիւնը: Նոյն հետայն համացանցին մէջ գոհունակութեամբ հանդիպեցայ նոյն յառաջադրանքով այլ գրութիւններու, ինչ որ կը փաստէ, որ այդ կամ նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ հանրային բազմաձայն պահանջ դառնալ, քանզի Ստեփանակերտի եւ Արցախի միւս տարածքներու«յանձնումէն» ետք ստեղծուած կացութիւնը, աւելի քան 100 հազար արցախահայերու դժնի կացութիւնը,...
Ցարական Ռուսաստանի Կովկասի պատասխանատու իշխան Գրիգորի Գոլիցինի օրերէն ի վեր հայ-ռուսական յարաբերութիւնները այնքան անկումային եւ լարուած չեն եղած, որքան հիմա: Եւ եթէ այն ժամանակ, 1903-1904, հակահայ այդ կառավարիչին հրահրած հայ-թաթարական կռիւները արիւնալի աւարտ ունեցան եւ հնչակեան մարտիկներու ձախող մահափորձը, յամենայնդէպս, զգաստացնել տուաւ ցարին, եւ իշխանը պաշտօնազրկուեցաւ ու որոշ չափով հանդարտութիւն տիրեց Կովկասի վրայ, ապա այսօր տիրող կացութիւնը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վրայ` որեւէ ելք, լարուածութեան թուլացում եւ յարաբերութիւններու նորմալացում չի ներշնչեր մեզի: Առաւել եւս, երբ լարուածութիւնը,...
Այս օրերուն ծանր է մթնոլորտը Հայոց աշխարհի ամբողջ տարածքին: Ծանրագոյնը Արցախի մէջ է, ոչ շատ պակաս ծանր է նաեւ կացութիւնը Հայաստանի մէջ: Անխուսափելիօրէն սփիւռքահայութիւնը եւս շշմած է վերջին շրջանին՝ յատկապէս վերջին օրերուն՝ հայոց աշխարհին մէջ կատարուած եւ տակաւին ալ կատարուող քաղաքական և ռազմական ցնցիչ զարգացումներուն իբրեւ անզօր ականատես: Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամենածանր շրջաններէն մէկն է որ կ'ապրինք այս օրերուն: Մեծագոյն մարտահրաւէրը բոլորիս համար կը կայանայ ջանալ ազգովին ստեղծելը, կացութեան լրջութեան համազօր հասուն եւ հանդարտ...
Քէօլնէն (Գերմանիա) ստացուած գրութիւն մը, կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպայի Ռաբբինական կեդրոնը (Rabbinical Centre of Europe), կրճատ` RCE, նամակ մը յղեր է Հայաստանի ղեկավարութեան` հայ ժողովուրդէն պահանջելով «անյապաղ եւ ամբողջովին դադրեցնել Ցեղասպանութիւն բառին գործածութիւնը», յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի իննամսեայ պաշարումին: Ու կարծես քիչ ըլլար այդ պահանջը, RCE-ի նամակը բացայայտօրէն կ’անտեսէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը` սահմանելով, որ «սարսափեցնող արտայայտութիւնները պատշաճ են միայն «նպատակային, հետեւողական (systematic) եւ լայնընդրգկուն այն ցեղասպանութեան համար, որ մարդկութեան...
Advertisement