Յաւելեալ բացատրութիւններու պէտք չկայ հաստատելու համար, թէ համազգային մեր գլխաւոր հարցը, ճակատագրական խնդիրը կայ ու կը մնայ եւ գոնէ տեսանելի ապագայի համար պիտի մնայ հայոց պետականութեան պահպանման եւ հզօրացման պարտականութիւնը: Ազգային միւս բոլոր հարցերը կը ստորադասուին ասոր, բոլոր ջանքերու արդիւնաւորումը պայմանաւորուած են ասով: Առաւել եւս այսօր, երբ վտանգուած է նոյնինքն այդ պետականութիւնը, ներառեալ կիսատուած-կծկուած Արցախը, որուն գոյութիւնը, որպէս ժողովուրդ եւ պետական միաւոր, վտանգուած է առաւել քան երբեւէ:
Երեսուն տարի շարունակ խօսեցանք ու շեփորեցինք Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան...
«Welcome to hell», «Բարի գալուստ Դժոխք». Իլհամ Ալիեւի առաջարկն է ասիկա` ուղղուած արցախահայութեան: Անօթի՞ էք, սովա՞ծ, հա՞ց անգամ չունիք, մանկական կե՞ր, դեղօրա՞յք, պենզի՞ն, խնդրեմ, մենք շատ ներողամիտ ենք, հանդուրժող: Ի՞նչ գործ ունիք Բերձորի հետ, ահա՛ ձեզի ապահով, լայն միջանցք: «Խանքենտիէն» (Ստեփանակերտ) դուրս կ'ելլէք դէպի ձախ` «Խոճալու» (Իվանեան), յետոյ կը հասնիք Ասկերան ու քիչ մը շարունակելով եւ անցնելով ռուսական խաղաղապահ զօրքի քովէն` կը հասնիք «Աղդամ» (Ակնա): Հոդ արդէն լրիւ մենք ենք, ինչ կ'ուզէք` կու տանք,...
Ամերիկեան վիզայի դիմումներ ու յարակից փաստաթուղթեր պատրաստող երեւանեան գործակալութիւններէն մէկուն տնօրէնը, նախկին լրագրող, օրերս մտերմաբար ինծի կը յայտնէր, թէ անձնակազմի սակաւութեան եւ դիմումներու առատութեան պատճառով Ամերիկեան դեսպանատան հիւպատոսական բաժինը մինչեւ յառաջիկայ Փետրուար յետաձգած է նոր դիմումներու ընդունումը սովորական վիզայի համար:
Առանց բարեկամիս վկայութեան ալ կարելի է պարզ աչքով նկատել, թէ Միացեալ Նահանգներ մեկնողներուն եւ մեկնիլ փափաքողներուն թիւը զգալիօրէն շատցած է, ինչ որ կը յուշէ կամ ենթադրել կու տայ արտագաղթի նոր ալիքի մը մասին, ոչ միայն...
Բովանդակ հայութիւնը Յուլիսի 25-ին գոհունակութեան շունչ մը քաշեց. Հայաստանի կառավարութիւնը վերջապէս որոշեր էր զանգուածային օգնութիւն ուղարկել 230 օրերէ ի վեր պաշարուած արցախահայութեան: Սովահար եւ սովամահութեան ենթակայ 130 հազար մեր հայրենակիցները 8 ամսուան մէջ առաջին անգամ ալիւր, ձէթ, մաքարոն, շաքար, կաթի փոշի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ պիտի ստանար, առաւել` դեղամիջոցներ, վիթամիններ եւ բժշկական այլ ապրանքներ: 30 հազար երախաներ, յղի կանայք, հիւանդներ ու տարեց մարդիկ գէթ առժամանակ սնունդ պիտի ստանային, գոյատեւումը շարունակելու կարելիութիւն եւ, նոյնպէս...
Մինչ Սովամահութեան Սպառնալիքին Ենթարկուած Է Արցախի Մեր ժողովուրդը
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Order of Canada Շքանշանակիր
Լրջօրէն կը տարակուսիմ որ այսօր գտնուի նոյնիսկ մէկ գիտակից հայ մարդ որ տեղեակ ըլլալով հանդերձ շրջափակուած Արցախի ժողովուրդէն արձակուող յուսահատութեան կանչերուն, ներքնապէս ենթարկուած չըլլայ յանցաւորութեան եւ անկարողութեան խոր զգացումներու:
Անկեղծօրէն անդրադառնանք Թէ մինչ մեր ազգը այս հանգրուանին կը դիմագրաւէ մեծ աղէտ մը, բոլորս գործնականին մէջ նստած ենք հանգիստ եւ որեւէ ձեւով մասնակից չենք որեւէ ազդու գործառնութեամբ օգնութեան հասնելու 120 000ի հասնող...
Կատաղի այն արձագանքը, որով նախորդ շաբաթ դիմաւորուեց ՀՀ նախկին արտգործնախարար Վարդան Օսկանեանի առաջարկը՝ փորձառու դիւանագէտների մի կուռ թիմով բեկում մտցնելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւ աշխոյժ աշխատանքով երկիրը դուրս բերելու ներկայ յուսահատական վիճակից, ապշեցուցիչ էր: Կարելի էր չկիսել նախկին նախարարի լաւատեսութիւնն ու ինքնավստահութիւնը, առարկել 100 տոկոսով յաջողութեան հասնելու վերաբերեալ նրա պնդմանը, սակայն 11 տարուայ դիւանագիտական վաստակ, հմտութիւն, Արցախեան հարցի բոլոր ծալքերին քաջածանօթ անձնաւորութեանը հեգնելը, նոյնիսկ 2-3 ամիս համր մնալու նրա թելադրութիւնը անընդունելի համարելու դէպքում...
Բնաւ պատահական չէ, որ դժնդակ այս օրերին մեր ժողովրդի մտապատկերում որպէս ապագայ հերոս ներկայանում է 8-9 տարեկան մի տղայ, ամենագէտ մի պատանեկիկ՝ Միքայէլ Յակոբեան անուն-ազգանունով: Հրաշամանուկը մեր, որ մեզնից շատ շատերի համար դարձել է վերջին յոյս, դէպի ապագայ ձգուող վերջին ապաւէն, տասնեակ հազարներով հետեւորդ ունի ֆէյսպուքեան իր էջում, աւելի մեծաթիւ հիացողներ՝ հեռուստատեսութեամբ ու համացանցային հեռուստաալիքներով: Ամենագրաւիչը ոչ միայն նրա ուղեղիկի ծալքերում կուտակուած-դասաւորուած տարաբնոյթ գիտելիքներն են, այլեւ՝ խոստումը, թէ մի օր «գաղտնի զէնք» է ստեղծելու,...
Հայաստանի անկախացումէն ետք, Արցախի ազատագրումի պատերազմին զուգահեռ, Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու կառավարութեան նախաձեռնութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծումը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն ձեռնարկումներէն մէկն է: Մեր պատմական յիշողութեան մէջ առաջին անգամ հայկական բոլոր հատուածներու` կրօնա-դաւանանքային, կուսակցական, տեղայնական, դասակարգային եւ այլ խմբաւորումներու միաւորումը ազգային պետականութեան շուրջ` ի խնդիր անոր հզօրացումին, վերաշինութեան եւ բարօրութեան: Այնքան տպաւորիչ էր եւ յուսադրող այդ իրադարձութիւնը, որով բացի հայութենէն` ոգեւորուած էին նաեւ մեզի բարեկամ երկիրները, մինչ թշնամիները…
Համահայկական կազմակերպութեան ստեղծումին...
Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքահայութիւնը տագնապալի օրեր կ'ապրին, պահը ճակատագրական է ամէն տեսակէտէ։
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Համադրուած մամուլի օրգանները ստեղծուած օրհասական կացութեան դիմաց, մեկնելով «Կը յիշենք, Կը յիշեցնենք եւ Կը պահանջենք» սկզբունքէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ անուանական Ընդդիմութեան կ'ուղղէ հետեւեալ հրատապ հարցերը.
ա) Այսօր, 29 Յունիս 2023, ճիշդ 200-րդ օրն է Արցախի շրջափակման։ 120 հազար արցախահայեր ենթակայ են ցեղասպանութեան՝ սովամահութեամբ, զինու ուժով, կամ այլապէս։ ՀՀ իշխանութիւնները ամենօրեայ ռեժիմով կը պահանջե՞ն միջամտութիւնը ՄԱԿ Ապահովութեան խորհուրդին,...
Գրեթէ ճիշդ 100 տարի առաջ, ի պատասխան թուրք դիւանագէտներու բողոք-պահանջին, թէ Սովետական Հայաստանը իրաւունք չունի եւ, հետեւաբար, իր զինանշանէն պէտք է դուրս հանէ Արարատը, Խ. Միութեան այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար (կոմիսար) Կէորկի Չիչերինը ըմբերանիչ խօսքով լռեցուցեր էր թուրքերը։ Կիսալուսինը, ըսեր էր ան, ի՞նչ գործ ունի թրքական դրօշին վրայ, մի՞թէ լուսինը Թուրքիոյ կը պատկանի։ Դարակազմիկ այդ խօսքէն ետք կը թուէր, թէ ոչ ոք այնուհետեւ պիտի համարձակէր այդպիսի պահանջ ներկայացնելու մեզի։ Կը թուէր, բայց պատահեցաւ։...