Արդէն մօտ մէկ տարի է, որ Փաշինեանի վարչակազմը առանձին սկսեր է իրականացնել մաքոքային դիւանագիտութեան եւ հանդիպումներու միջազգային՝ իրենց իսկ բնութագրմամբ «բազմավեկտոր» քաղաքականութիւն։
Թէեւ յանկարծակի այդպիսի փոփոխութեան ենթարկուած վարքագիծը մարտադաշտի վրայ պարտութեան մատնուած պետութեան համար քննադատելի երեւոյթ է, այսուհանդերձ աշխարհասփիւռ հայութեան գիտակից մեծամասնութիւնը, Հայաստան, Արցախ թէ Սփիւռք, սկզբնական շրջանին հետաքրքրուած էր կատարուած շրջադարձով։ Անոնք ողջունեցին հայկական աւանդական, հիմնականին մէջ՝ արեւելեան կողմնորոշման, զգուշաւոր, գործնականին մէջ միակողմանի ձեւաչափով ընթացող արտաքին քաղաքականութիւն վարելէ հրաժարելու գաղափարը։ Կերպարանափոխութիւնը կը կատարուէր հետեւեալ...
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, նկատի ունիմ անոր գիտակից հատուածը, վերջին հինգ տարիներու դառն փորձառութեամբ գիտէ, որ երբ ներքին ճակատի վրայ երկրորդական դէպք մը կամ իրադարձութիւն մը արհեստականօրէն կ’ուռճացուի, անպայման չարագուշակ բան մը պիտի յաջորդէ անոր արտաքին ճակատին վրայ, նկատի ունիմ հայ-ատրպէյճանական առճակատումը: Տակաւին պաշտօնի վրայ գտնուող Հայաստանի իշխանաւորները վերահաս վտանգը քօղարկելու (camoufler), կոծկելու, հանրային զգօնութիւնը թուլցնելու այդ հմտութեան իսկական վարպետներն են, իսկ ժողովուրդն ալ իր կռահումներուն մէջ դարձած է անսխալական:
Այս անգամ հրապարակ նետուած պատրոյգը...
Ռ.Ա.Կ.-ի Համադրուած Մամուլ
Մեր Խօսքը
Տասնեակ ամիսներէ ի վեր Հայաստան-Ատրպէյճան «Խաղաղութեան Համաձայնագիր» ստորագրելու նպատակաւ Հայաստանի իշխանութեանց բարձրագոյն մակարդակով կատարած «բազմավեկտոր» բանակցութիւնները զգալիօրէն մեծ թափ ստացած են վերջին շրջանին։
Ուաշինկթընէն մինչեւ Մոսկուա եւ այդ քաղաքական հակոտնեայ երկու բեւեռներուն միջեւ, անցնելով Եւրոպայի Պրիւքսէլ, Փրակ եւ այլ քաղաքներէն, կատարուող երթեւեկը հասած է քաղաքական գլխապտոյտ պատճառող արագութեան մը, մանաւանդ երբ անկարելի դարձած է այդ հանդիպումներէն բխող յաջորդական յայտարարութեանց մէջ տեսնել նուազագոյնը՝ աստիճանաբար ձեւ առնող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մը ուրուագիծը։
Ընթացքին ի յայտ...
Թէքէեան Մշակութային Միութեան (Թ.Մ.Մ.) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը Մայիս 16-ին ունեցաւ իր լիակատար նիստը, յետ նորոգ հանգուցեալ իր երկարամեայ ատենապետին որ պատահեցաւ Մարտ 25ին: Վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստին միաձայնութեամբ կազմեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով.
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան՝ ատենապետ, Գէորգ Մարաշլեան՝ փոխ ատենապետ, Յակոբ Վարդիվառեան՝ ատենադպիր, Միհրան Թումաճան՝ փոխ ատենադպիր, Մարօ Պետրոսեան՝ գանձապահ, Արա Չօլաքեան՝ փոխ գանձապահ եւ անդամներ՝ Հրաչ Թորիկեան, Արթօ Պերճ Մանուկեան, Միհրան Մինասեան, Հիլտա Յարութիւնեան, Գէորգ Պարտաքեան, Վաչէ Սեմերճեան:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը...
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
ՌԱԿ հանրապետական նախկին վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Բարեպաշտ սերունդ» հիմնադրամի (հիմնադիր` բարսեղ Բեգլարեան) միջոցներով 1915-ին Երեւանում վերահրատարակուեց օսմանագէտ պատմաբան Աւետիս Փափազեանի «Հայերի ցեղասպանութիւնը ըստ երիտթուրքերի դատավարութեան փաստաթղթերի» աշխատութիւնը փրօֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեանի առաջաբանով: Գրքում, որն առաջին անգամ 1988-ին էր լոյս տեսել Երեւանում 80 հազար տպաքանակով, իսկ 1990-ին եւ 1992-ին` յաջորդաբար անգլերէն եւ արաբերէն` Լոս Անճելըսում ու Հալէպում, ամփոփուած էին 1919-1920 թթ.ին Թուրքիայի օրինական իշխանութեան` սուլթան Մեհմետ 6-րդ Ուահիտետտինի հրովարտակով ստեղծուած Ռազմական արտակարգ ատեանի (թրիպունալ) դատական...
Հայաստանի` «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութեան» Հիմնադրութեան Առիթով
Խմբագրականներու յատկացուած մեր այս սիւնակը այսօր կը յատկացնենք Հայաստանի մեր պաշտօնակից «Ազգ» թերթի Ապրիլ 28 թիւին մէջ ծանուցած` Ապրիլ 25-ին Երեւանի մէջ «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութիւն» նոր կուսակցութեան մը Հիմնադրման լուրին:
Մեր ազգային ներքին քաղաքական կեանքին մօտէն հետեւողներուն` եւ յատկապէս կուսակցութեանց ներքին տագնապներուն հետեւողներուն` Ռամկավար գաղափարականով Հայաստանի մէջ այս նոր կուսակցութեան կազմութեան լուրը հաւանաբար պիտի չզարմացնէ երբեք:
Արդարեւ յայտնի է բոլորին թէ 102 տարիներ առաջ, Պոլսոյ մէջ ստեղծուած Ռամկավար Ազատական...
Ինչպէս նախօրօք յայտնած էինք, Մարտ 25-ին Ֆլորիտայի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, այս աշխարհէն բաժնուեցաւ հանրայայտ հասարակական գործիչ, կուսակցական ղեկավար, գրագէտ ու խմբագիր ընկեր Երուանդ Ազատեան: Հանգուցեալ ընկեր Ազատեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը արժանավայել շուքով տեղի ունեցան Տիթրոյթի մէջ Ապրիլ 20-21ի շաբաթավերջին: Արդարեւ բազմավաստակ ընկերոջ վերջին յարգանքի մատուցման համար զանազան շրջաններէ Տիթրոյթ փութացած էին մեծ թիւով եկեղեցականներ, ազգայիններ, ազգային դէմքեր, մշակոյթի գործիչներ, կուսակցական առաջնորդներ:
Տան կարգը կատարուեցաւ Ապրիլ 21, Ուրբաթ օր երեկոյեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Հայց....
Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան` Առաջնորդ Ամերիկահայոց Արեւելեան Թեմին,
Գերշ. Տէր Աբգար Սրբազան Յովակիմեան Առաջնորդ` Գանատահայոց Թեմին,
Հոգշ. Տէր Արէն Վրդ. Ճէպէճեան. հոգեւոր հովիւ` Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ,
Սգակիր` ընտանեկան հարազատներ,
Սիրելի Արա, Նաթալիա, Նինա Չոլաքեաններ,
Մկօ, Թալին, Հելկա Ազատեաններ,
Ժիրայր Բաբազեան
եւ ընտանեկան բոլոր պարագաները
Գաղափարական սիրելի հարազատ ընկերներ`
Յատկապէս ԹՄՄեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութեան, եւ ՌԱԿ. Գերագոյն Խորհուրդի Անդամներ եւ ընկերներ,
Ընկ. Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան` Լոնտոնէն
Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Պուէնոս Այրէսէն
Սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ:
Անձնապէս` որպէս հանգուցեալ սիրելի Էտմոնին երկար տասնամեակներու` մտածումներով,...
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ մտածող մասը անոր, փորձառութեամբ գիտէ, որ երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կամ անոր վարչախումբին անդամներէն մէկը կամ միւսը ներքին ճակատի վրայ աղմկայարոյց խնդիր մը նետեն հրապարակ, չարագուշակ բան կը պատրաստուի արտաքին ճակատին վրայ։ Արդարեւ, հասարակական կարծիքը շեղելու-զբաղեցնելու իսկական վարպետ է ՀՀ վարչապետը, որուն կապարճին մէջ բազմաթիւ նէտեր կան, թունաւո՛ր տեսակէն, որոնք պէտք եղած պարագային կրնան արձակուիլ աջ ու ահեակ, հակառակորդներու եւ նոյնիսկ բարեկամներու դէմ։
Ոստիկանական ու դատական հետապնդումներ, հրապարակային վարկաբեկումենր, ձերբակալութիւններ,...
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայալեզու թէ օտարալեզու հսկայական քանակութեամբ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու մէջ շատ փոքր թիւ կը կազմեն նիւթական հատուցման վերաբերող աշխատութիւնները: Տարօրինակ երեւոյթ` երբ նկատի ունենանք, որ իւրաքանչիւր հեղինակ, յօդուածագիր ու ճառախօս, արտայայտուելով պահանջատիրական մեր իրաւունքներու մասին, արձանագրելով հանդերձ Մեծ Ոճիրի անհատոյց մնացած ըլլալու փաստը, լաւագոյն պարագային հարեւանցիօրէն միայն կ’անդրադառնայ հարցի նիւթական-ֆինանսական կողմին, առաւելաբար շեշտելով եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու պարագան:
Հազուագիւտ աշխատութիւններէն մէկը,- գոնէ ինծի ծանօթ գիրքերուն մէջ,- մեր բացառիկ օսմանագէտ պատմաբաններէն Լեւոն Վարդանի 1970-ին Պէյրութ...