Անցնող շաբաթ հայրենական քաղաքական շրջանակներու եւ մամուլի գլխաւոր թեման Ապրիլ 11-ին սահմանային Տեղ գիւղին մօտ հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներուն միջեւ պատահած բախումն էր, որուն հետեւանքով 4 քաջորդիներ կորսնցուցինք ու 3 վիրաւոր ունեցանք, իսկ ատրպէյճանական բանակին կրած կորուստները մեզի անյայտ մնացին: Այդ բախումը, որ կարելի է ըսել առաջինն էր Փետրուարին տեղի ունեցած կռիւներէն ետք եւ բոլոր ճակատներու վրայ Հայոց բանակի նահանջի ֆոնին` բացառիկը, լայն քննարկումներու, փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ վիրաւորանքներու առիթ դարձաւ: Եւ մինչ կը թուէր,...
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Ոմն լրագրողուհի,- անունը կարեւոր չէ,- որ սովորութիւն ունի ներկայանալու նաեւ «բնապահպանի» փետուրներով,- ինչպէս Լաչինի միջանցքը փակող ատրպէյճանցիները,- օրերս, աւելի ճշգրիտ` Ծաղկազարդի յաջորդ օրը, մաղձ թափեց Հայ Առաքելական եկեղեցիին ուղղութեամբ: Դիմատետրի իր էջին մէջ ան յայտարարեց, թէ «Եկեղեցին ատում է բնութիւնը»: Խօսքը, բացատրենք մեր ընթերցողներուն, կը վերաբերէր Ծաղկազարդի օրը եկեղեցիներու մօտ զանազան անհատներու կողմէ վաճառուող ուռենիի ճիւղերուն, որոնք Հայաստանի մէջ, առ ի չգոյէ արմաւենիի, աւանդականօրէն կը փոխարինեն Երուսաղէմ մուտք գործող Քրիստոսը դիմաւորող բազմութեան...
Հայաստանի Դիրքաւորումը Պարտի Շրջափոխուիլ
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Հաւանաբար շատ թեթեւ որակում նկատուի հաստատել թէ, ղարաբաղեան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ի վեր, հայ աշխարհը կ'ապրի գոյութենական տագնապալից շրջան մը իբրեւ հետեւանք առօրեայ իրարյաջորդ ծայրայեղօրէն մտահոգիչ զարգացումներու:
Իրականութեան մէջ, ծայրայեղ մտահոգութեան պատճառը գոյութենական անհամար հարցերուն լուծումներ գտնելու փնտռտուքին մինչեւ այսօր ձախողած վիճակն է:
Անցեալ գրեթէ երեք տասնամեակներուն ընթացքին հայութիւնը անարդարանալի եւ անպատասխանատու կերպով կ'ապրէր խաբկանքի մէջ թէ իր տարածքային ամբողջականութեան կապակցութեամբ մեծ մտահոգութեան որեւէ պատճառ չունէր: Պատերազմին աղէտալի վերջաւորութիւնը յանկարծ ցաւագին...
Վերջին 44-օրեայ պատերազմին առիթով քաղաքական աշխարհի լռութիւնը զարմացուց եւ զայրացուց հայ հասարակութիւնը ամէնուրեք: Սակայն, հետզհետէ պարզուեցաւ որ մինչեւ պատերազմը – երբ Ատրպէյճան կը զինուէր արագօրէն – միւս կողմէ տարած էր դիւանագիտական եւ լրատուական հսկայ աշխատանք համոզելու համար աշխարհը որ Պաքու արդար պատերազմ մը կը մղէ իր դէմ գործադրուած անարդարութիւնը շրջելու:
Երբ կը դիտենք Ատրպէյճանի առած նախաձեռնութիւնները եւ որդեգրած քաղաքականութիւնը` այդ գործարքները աւելի խելացի քաղաքական վարքագիծ մը կը բնութագրեն` Ալիեւի կարողութիւններէն շատ բարձր: Այդ կը նշանակէ...
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իրենց տրամադրութեան ներքեւ ունին հզօր հնարաւորութիւններ` միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորելու եւ նոյնիսկ ազդելու դատական որոշումներու վրայ: Այդ պատճառով է որ անոնք կը գտնուին միշտ նախաձեռնողի եւ թելադրողի դիրքերուն վրայ եւ Հայաստան` միայն հակազդողի: Անոնք կը գործեն ազդեցիկ խորհրդատներու թելադրութեամբ եւ – պէտք է ընդունիլ – արհեստավարժ միջոցներով որոնք կը պակսին հայկական կողմին:
Միջոցներու պակասին առընթեր հայկական կողմը միշտ թերահաւատ գտնուած է միջազգային ատեաններու որոշումներուն նկատմամբ, որոնք ընդհանրապէս արդարութիւնը վերապահած են զօրաւորին:
Սակայն, վերջապէս...
Խմբագրական
Նախագահ Ռեչեփ Թայիպ Էրտողանի քսանամեայ իշխանութիւնը կը պատրաստուէր 2023 տարին վերծանել դարակազմիկ իրադարձութեան մը` Տարտանելի երկրորդ միջանցքի եւ Աքքույուտի Աթոմակայանի ծրագիրներով եւ ինչպէս նաեւ ուժանիւթի կայան ստեղծելու յաւակնոտ առաջադրութիւններով: Այս եւ այլ իրագործումներով Պր. Էրտողան պիտի տօնախմբէր Աթաթիւրքի հիմնած Թուրքիոյ հանրապետութեան հարիւրամեակը, իր հերթին յաւակնելով երկրորդ Աթաթիւրքի պատիւին: Սակայն, այս բոլոր երազները փոշիի վերածուեցան Փետրուար 6-ի զոյգ երկրաշարժներով որոնք կայացան Կազիանթեպի եւ Քահրաման Մարաշի շուրջ, ահ ու սարսափի եւ աւերածութեան մատնելով աւելի քան 15...
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Ժամանակն է որ Արցախը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ուշքի գան եւ անդրադառնան թէ Լաչինի շրջափակման մղձաւանջը մոռցնել տուած է իրենց Արցախի իսկական մեծագոյն խնդիրը:
Արցախի 44-օրեայ պատերազմին կործանիչ զարգացումները փաստօրէն երկրորդական գետնի վրայ թողուցին 1988 թուի Արցախեան շարժումին կեդրոնական խնդիրըª Արցախի անկախութեան հռչակումը եւ տագնապի կիզակէտը վերածելով դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն Լաչինի ազատ անցքի ապահովումը:
Մանաւանդ կը թուի թէ մոռցուած են 1991-ի Դեկտեմբերի 10-ին հետեւելով օրուան միջազգային օրէնքներու բոլոր պահանջներուն կատարուած հանրաքուէին դրական արդիւնքները, Արցախ արդէն...
Այնքան բարդ եւ անորոշ է կովկասեան աշխարհի ռազմաքաղաքական վիճակը որ ամէնէն փորձառու դիւանագէտներն անգամ կը դժուարանան գուշակութիւններ ընելու կամ եզրակացութեանց յանգելու: Եւ Արցախի ճակատագիրը սերտօրէն առնչուած է քաղաքական այդ բարդ իրավիճակին հետ:
Կովկասեան շրջանը ազդեցութեան գօտիներու ռազմադաշտի վերածուած է, եւ Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրները դարձած են սոսկ մանրադրամ մեծերու այդ ճակատումին մէջ:
Տակաւին վերջերս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան յայտարարեց որ Պրիւքսէլը կը փորձէ տկարացնել Ռուսաստանը եւ գրաւել անոր դիրքերը Կովկասի մէջ:
Որքան ալ կողմերը...
Հայազգի, կիսահայ եւ ապահայ ռուսաստանցի Սերկէյ Լաւրով վերջերս սկսած է բացայայտօրէն թշնամական քաղաքականութիւն մը վարել Հայաստանի նկատմամբ: Պրն. Լաւրով, նախագահ Փութինէն վերջ, գլխաւոր ճարտարապետն է որ կը ձեւաւորէ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը աշխարհի հանդէպ. եւ իր խօսքն ու գաղափարները ծանր տարողութիւն ունին միջազգային հրապարակի վրայ: Հետեւաբար որեւէ երկրի, առաւել եւս Հայաստանի նման երկրին համար, վտանգաւոր է հակադրուիլ այդպիսի տիտանական պետական դէմքի մը:
Այս իրողութիւններուն վստահաբար գիտակից են Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք կը ջանան վարել զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը: Այսուհանդերձ...
Հայաստանի այսօրուան քաղաքական անմխիթար վիճակին գլխաւոր պատճառը այն է որ ոյժի դրութենէն մեկնելով չի կրնար ընտրութիւն կատարել իր դիմաց պարզուող երկընտրանքին մէջ: Եթէ պէտք է տարազել այդ երկընտրանքը միայն Արեւմուտք-Ռուսաստան հակադրութեան մէջ, ճիշդ պիտի չըլլայ երկընտրանքի սահմանումը, որովհետեւ ընտրանքները շատ աւելի են քան երկուքը: Այդ ընտրանքներէն մէկը եթէ Ամերիկա-Եւրոպական Միութիւնն է, անոնց դիմաց միայն Ռուսաստանը չէ որ կողմ է. այլ` Թուրքիա-Ատրպէյճան մէկ կողմ, Իրան առանձին մէկ կողմ եւ ապա Ռուսաստան` միւս կողմ:
Ցարդ Հայաստանի ճակատագիրը...