Opinions & Editorials

Ողբերգութիւններն ու աղէտները, իրենց բազմազանութեամբ, եկած են բթացնելու մեր զգայարանքները եւ մեզ զգայազիրկ դարձնելու նոր ողբերգութիւններու դիմաց. հարց է թէ ժողովուրդ մը, ազգ մը, երկիր մը որքանո՞վ կրնան դիմագրաւել աղէտներ ու կորուստներ, ու շարունակել ապրիլ բնականոն կերպով: Այս հարցումները կը պարզուին մեր դիմաց Գեղարքունիքի շրջանի Ազատ գիւղի մէջ Յունուար 18ին պատահած հրդեհին պատճառաւ որուն զոհ գացին 15 քաջարի զինուորներ ու երեքն ալ կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ առողջական ծանր պայմաններու ներքեւ: Այս հրդեհին պատճառով պաշտպանութեան նախարարը` Սուրէն...
Վահան Թէքէեան բանաստեղծը կեանքի մէջ մռայլ մարդ մըն էր. բայց իր միտքին մէջ արեւներ կը հրկիզուէին եւ իր հոգին կը տարածուէր տիեզերական անհունութիւններուն մէջ: Թափառական մըն էր ան իր ժողովուրդին նման եւ այդ ժողովուրդի ճակատագրի բեռը իր ուսին: Իբրեւ բանաստեղծ` անոր հանճարը չպարզուեցաւ պայթումով մը ինչպէս սովորաբար կը պատահի բանաստեղծներուն – ինչպէս Դուրեանին ու Չարենցին – այլ աճեցաւ աստիճանական ծաւալումով` գրաւելու համար իր պատկառելի տեղը մեր գրականութեան մէջ: Ան իր առանձնութեան տիեզերքին մէջ չուզեց եւ կամ...
  Մեր Խօսքը              Աշխարհի անէծքն ու աղէտը հանդիսացող երկու ցեղասպան երկիրներ՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան դարձեալ գործի վրայ են՝ ամբողջացնելու համար այն ազգասպանութիւնը որուն ձեռնարկած էին դար մը առաջ: Ատրպէյճան կոչուած բռնատիրական երկիրը, զինուած եւ ուղղորդուած Թուրքիոյ կողմէ յաջորդական սադրանքներով եւ պատերազմական գործողութիւններով կը նպատակադրէ բնաջնջել մնացեալ այն փոքր հողամասը՝ Հայաստանի ինքնիշխան պետութիւնը՝ համայն քաղաքակիրթ աշխարհի լուռ վկայութեան ներքեւ: Լաչինի միջանցքի փակումը, բնապահպանման պատրուակով, իր խորքին մէջ միայն պատրուակ մըն է խեղդելու համար Արցախի հայութիւնը, պարզ այն պատճառով...
Դեկտեմբեր 5-ին խումբ մը ատրպէյճանցիներ փորձեցին Լաչինի միջանցքով հասնիլ Արցախ, «կենսաոլորտային խախտումներ» քննարկելու եւ արգելակելու պատրուակով: Ռուս խաղաղապահները, որոնք բազմիցս թերացած էին իրենց պարտաւորութեանց մէջ – ի վնաս հայկական կողմին – այս անգամ միջամտեցին կասեցնելով ատրպէյճանցիներու յառաջխաղացքը: Ի դէպ, Փարուխի եւ կարգ մը այլ շրջաններու գրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ` հետեւանքն էր ռուս խաղաղապահ ոյժերու բացայայտ թոյլտուութեան, վրդովումի ալիք մը բարձրացնելով Հայաստանի եւ հայ աշխարհի մէջ: Քրեմլինի իշխանութիւնները տուեալ առած են որ քանի դաշնակցային պայմանագիր ունին...
Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին սփիւռքի մտաւորական աշխարհը ունեցաւ քանի մը ծանրակշիռ կորուստներ. գրուեցան յիշատակի յօդուածներ որոնք կը բնութագրէին այդ կորուստները իբրեւ «տերեւաթափ» եւ այն «տերեւ»ներուն անկումը դարձաւ այնքան յաճախակի որ ստիպուած ենք որոնելու թէ ո՞ր ծառէն կը թափին այդ տերեւները: Մօտիկ անցեալի կորուստներէն մէկն էր պայծառ ու գաղափարապաշտ մտաւորական Գասպար Տէրտէրեան, բեղուն գրիչի, ոսկեհունչ հռետորաբանութեան վարպետը. իսկ անմիջական կորուստներու ցնցիչ օրինակներն ալ տուին բանասէր, մատենագէտ ու դաստիարակ Ժիրայր Դանիէլեանն ու ջղուտ գրող եւ պայծառ...
Ժամանակն է որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը Հայաստանէն մինչեւ Արցախ կամ ամբողջ երկրագունդի տարածքին միանգամայն կանգ առնէ եւ ապա կատարէ շատ լուրջ ինքնահայեցողական վերլուծումը իր ներկայ աշխարհաքաղաքական վիճակին` փորձելու համարիր իր մօտիկ եւ հեռու ապագային համար իրատես նախատեսութիւններ նախաձեռնել: Արագ ակնարկ մը վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ապշեցուցիչ զարգացումներուն վրայ, պէտք է սկսի ճակատագրական 44 օրերու քանդիչ պատերազմէն եւ անոր աղետալի վերջաւորութենէն որուն յաջորդեց սանձարձակ քաղաքական յորձամրրիկը որուն մէջ կլանուած է այսօր...
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի 36-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ zoomի հաղորդակցութեան միջոցաւ, Նոյեմբեր 5, 2022-ին, նկատի ունենալով Քովիտի համաճարակին պարագան:  Ժողովին մասնակցեցան 25 լիազօր պատգամաւորներ եկած զանազան մասնաճիւղերէն, ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնեաներ: Ժողովին բացումը կատարեց Կեդր. Վարչութեան ատենապետը՝ Երուանդ Ազատեան, որ կը նախագահէր պատգամաւորական ժողովը:  Ան ըսաւ թէ Միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ նման ժողով մը նկատելով համաճարակի պարագան: Ժողովին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը ստուգելէ ետք ատենապետը յայտարարեց օրինական եւ նշանակեց ընտրողական...
Մեր Խօսքը   2020 թուականի պատերազմը, ընդմէջ Հայաստանի եւ հարեւան Ատրպէյճանի, ծանր ու պատմակշիռ հարուած մըն էր մեր հայրենիքի ճակատագրին վրայ. որքան վհատեցուցիչ հանգամանքներ էին մարդկային եւ հողային կորուստները, նոյնքան նուաստացուցիչ էին յուսալքութիւնն ու անտիրութիւնը՝ միջազգային հասարակութեան անտարբերութեան եւ լռութեան պատճառաւ: Պատերազմին յաջորդող յետագայ զարգացումները, շրջանային եւ համաշխարհային ոյժերու քաղաքականութեանց տեղաշարժերը նոր ազդակներ ստեղծեցին որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը կարենար յենարաններ գտնել: 2022ի Սեպտեմբեր 13ին կայացած Ատրպէյճանի նոր յարձակումը, եւ հողային գրաւումները Ջերմուկի, Սօթքի, Վարդենիսի եւ սահմանային այլ շրջաններուն մէջ...
Ժամանակին Արշակ Չօպանեան առանձինն հայ դատի յանձնախումբ մը կը հանդիսանար եւ իր Փրօ-Արմենիա շարժումով ան ֆրանսական մտաւորականութեան մօտ հայութեան ի նպաստ տպաւորութիւն ստեղծած էր, այն աստիճան որ Ֆրանսան կը ներկայացնէր իբրեւ հայասէր երկիր. սակայն, այն օրը որ ֆրանսական կառավարութիւնը լքեց Կիլիկիան, 200,000 անպաշտպան հայերը թողելով քեմալական վոհմակներու սուրին տակ՝ հասկցանք որ հայասիրութիւն բացատրութիւնը քաղաքական եզրաբանութիւն մը չէր: Զայն ստեղծած էինք ինքնախաբէութեան համար: Ֆրանսական իշխանութիւնները Առաջին Աշխարհամարտին համոզած էին Պօղոս Նուպար փաշան եւ անոր միջոցաւ նաեւ...
Ծանօթ է որ Հոկտեմբեր 28-31ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Համաշխարհային Հայկական Համագումար»ը մեր ազգի այսօրուան ճակատագիրը քննարկելու եւ ելքի ու դարմանումի միջոցներ գտնելու: Եթէ ոչ այսօր` ապա ե՞րբ, այն պատկերին դիմաց որ կը գտնուի մեր հայրենիքը. եթէ չուզենք իսկ հաւատալ որ Արցախը կորսուած է` գոնէ ինքնամխիթարութեան համար պէտք է ընդունինք որ ան հակակշիռէն դուրս մնացած է: Ատենին, երբ Հայաստանը երաշխաւորն էր Արցախին, այսօր Հայաստան ինքը վտանգուած է մասնատման, գաղութացման եւ մինչեւ անգամ կորուստի: Այս բոլորը բաւարար...
Advertisement