Պատերազմի մէջ պարտութիւն կրած երկիր Հայաստանը, ոյժ եւ հեղինակութիւն կորսնցուցած, կը փութայ մէկ քաղաքական հարթակէն դէպի միւսը, փնտռելով ապահովութիւն ու խաղաղութիւն, որոնք կարծէք կը հեռանան, կը մնան իբրեւ անհասանելի պատրանք:
Վերջերս Փրակայի մէջ կայացած եւրոպական համայնքի գագաթաժողովն էր, Ֆրանսայի նախագահութեամբ. այս օրերուն Ասթանայի ժողովն է, որուն լուսանցքներուն վրայ կը քննարկուին Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնները, միջազգային խաղացողներու շահերու ցանցին մէջ:
Հոկտեմբեր 6ին, Չեխիայի մայրաքաղաք Փրակայի մէջ հանդիպեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ...
Անել կացութեան մը դիմաց` ազգովին լծուած ենք փնտռտուքի ելք մը գտնելու ճիգով: Գուցէ այսպիսի տուայտանքի եւ երկընտրանքի դիմաց գտնուած են Հայաստանի իշխանաւորները երբ որոշեցին Անիի բանալիները յանձնել Բիւզանդիոնին: Եւ ահա հազարամեակէ մը վերջ դարձեալ ճակատագրական նոյն հանգրուանին առջեւ կը գտնուինք:
Անոնք որ Երեւանի պողոտաներէն կ'անցնին հաւանաբար չանդրադառնան թէ այս շէնշող քաղաքին ետեւ կը սողայ դառն ճակատագիր մը. լինելու եւ չլինելու հարցականը եւ հետեւաբար բոլորին կը յուշէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ատենի զգուշացումը թէ՝ «լրջանալու պահն է»:
Ամէն...
Ազգային գաղտնիք բացայայտած չենք լինի, եթէ յայտարարենք, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ Մայր Հայրենիքում, վիրաւոր Արցախում ծուարած, թէ աշխարհի ամենատարբեր անկիւններում սփռուած, այսօր խորը անապահովութեան եւ անորոշութեան մէջ է գտնւում:
Իր ռազմական յաջողութիւններով եւ Թուրքիայի համագործակցութեամբ քաջալերուած Ատրպէյճանը ոչ մի առիթ բաց չի թողնում Հայաստանը սահմանային յարձակումների սպառնալիքի տակ պահելու համար, ինչը է՛լ աւելի է սրում հայերի անհանգստութիւնը, քանի որ դրանք սովորաբար անպատիժ են մնում:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը բացայայտեց թերութիւնները մեր ժողովրդի, որ 1991 թուի անկախութեան հռչակումից...
Այսու կու գանք մեր ձայնը միացնելու բոլոր արդարամիտ շրջանակներու ձայնին, աներկբայօրէն դատապարտել Ատրպէյճանի նախայարձակումը Սեպտեմբեր 13ին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ներս թիրախ բռնելով Սօթիի, Ջերմուկի, Կապանի, Վարդենիսի շրջանները խլելով 49 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորեալներ:
Աշխարհի վրայ ամէն մէկ հայու պարտքն է անդրադառնայ այս տագնապալի կացութեան եւ առ այդ բարձրացնէ իր բողոքի ձայնը:
Իրենց հերթին պարտքն է Հայաստանի իշխանութեանց հզօր կերպով բողոքելու իրաւասու շրջանակներուն եւ առաւել եւս հակադարձէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած լրատու ե՛ւ մամուլի արշաւին,...
Խմբագրական
Այս օրերուն Հայաստանի մէջ ինչ որ ալ պատահի կը վերածուի քաղաքական հարցի կամ կը մեկնաբանուի քաղաքական հարթակի վրայ: Հետեւաբար զարմանալի չէր որ Սուրմալու շուկային պայթումը ունենար իր քաղաքական արձագանգները: Հակառակ որ իշխանութիւնները առաջին օրերուն յայտարարեցին թէ պայթումը հետեւանքը չէր ահաբեկչական արարքի մը, սակայն լրատու եւ ընկերային ցանցերուն մէջ առատ էին տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնները: Այսօր Հայաստանի մէջ սովորութիւն կամ սովորամոլութիւն դարձած աւանդութեամբ մը ամէն մեկնաբանող իր նախասիրած նիւթին ծիրէն ներս կը մեկնաբանէր պատահած աղէտը: Քիչերն են...
Հարցումը կրնայ տարօրինակ թուիլ, երբ այս հարցումին պատասխանը այնքան բացայայտ է: Ոեւէ հայ բնականօրէն ու գրեթէ բնազդական մղումով պիտի պատասխանէ որ թուրքն է հայութեան պատուհասը. սակայն երբ հարցադրումը տանինք քայլ մը առաջ եւ հարց տանք թէ ո՞վ կը դիւրացնէ թուրքին գործը` հարցին պատասխանը կը զգենու աւելի տարաբնոյթ երեւոյթ եւ սահմանում:
Դժբախտաբար շատ մը հարթակներու վրայ մենք է որ կը դիւրացնենք թուրքին քանդիչ արարքներն ու գործունէութիւնը: Դիտեցէք այսօրուան Հայաստանի բեւեռացուած վիճակը եւ պիտի համոզուիք վհատեցուցիչ երեւոյթին:...
Յիսուս-Քրիստոս մտրակներու շաչիւնին տակ, խաչը ուսին բարձրացած էր Գողգոթա լերան գագաթը, սակայն այսօր կը վարանի բարձրանալ Հայաստանի մէջ Հատիս լերան գագաթը` հակառակ Պրն. Գագիկ Ծառուկեանի բարոյական կամ վիրթուէլ մտրակներուն:
Երբ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կրակոցները չեն դադրիր, երբ թշնամին Նախիջեւանի մէջ նոր ոյժեր կը կուտակէ` բարձրացնելով նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը, ու դեռ բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ կը մտահոգեն Հայաստանի բնակչութիւնը, այս հանգրուանին բարերար Գագիկ Ծառուկեան հրապարակ կը նետէ բոլորովին անտեղի ծրագիր մը, հանրային ուշադրութիւնը շեղելու ազգը մտահոգող...
Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց չորրորդ նիստէն վերջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց.«հիմա շատ կարեւոր է, որ մեր գերատեսչութիւնները Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւնների հետ աշխատեն, որովհետեւ այդ աշխատանքից է կախուած պայմանաւորուածի իրագործումը: Իմ յանձնարարութիւնն է համադրուած (կոորտինացուած) աշխատանք, որ հնարաւորինս շուտ կարողանանք իրագործել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները»:
Իսկ Հայաստանի տնտեսութեան (էկոնոմիկա) նախարար Վահան Քերոբեան աւելցուց. «հիմա մենք ըստ էութեան Հայաստանը փակուղուց դարձնում ենք խաչմերուկ»:
Սակայն, այս բանակցութեանց նկատմամբ կարծիքները միատեսակ չեն, կան բազմաթիւ հարցականներ որոնք կը մնան անպատասխանի: Օրինակ, հարցականի տակ է...
Ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն ի վեր «Զանգեզուրի միջանցքը» դարձած է Հայաստանի համար գոյութենական սպառնալիք: Այդ թուականէն ի վեր անհամար գրութիւններ եւ զեկոյցներ հրապարակուած են այդ խնդրին մասին եւ ան օրակարգի հարց դարձած է տարբեր բանակցային հարթակներու: Այդ բոլորէն վերջ արդարացի է հարց բարձրացնել թէ հարկ կա՞յ անդրադառնալ նոյն խնդրին: Պատասխանը պարզ է. այո՛, հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական եւ յաճախ կը վերածուի գոյութենական վտանգի, ամէն անգամ որ Ատրպէյճան կը սպառնայ բանալ այդ անցքը, նոյնիսկ եթէ...
Ռուսաստան պատերազմ շղթայազերծելով Ուքրանիոյ դէմ, ամբողջ Արեւմուտքը հանեց իր դէմ: Անշուշտ, Արեւմուտքը Ուքրանիոյ ապահովութեամբ մտահոգուելէ առաջ` առիթ մը գտած է արիւնաքամ ընելու Ռուսաստանը: Արդէն մեկնաբաններու ուշադրութենէն չէ վրիպած զուգորդութիւնը Աֆղանիստանի պատերազմին հետ: Արդարեւ, Պրեժնեւի արկածախնդրութիւնը ատենին դարձած էր բազմաթիւ ազդակներէն մէկը սովետական կայսրութեան փլուզումին: Արեւմուտքը նոյն պատկերը կը տեսնէ Ուքրանիոյ մէջ, ուր ռուսական ոյժը կը սպառի, եւ Արեւմուտքը, առանց ուղղակի ճակատելու Ռուսաստանի հետ, կ'օժանդակէ Ուքրանիոյ որ յաջողցնէ Ռուսաստանի աւազախրումը:
Այս արիւնալի բախման մտահոգութիւնները իր մտքին...