Հայաստանի իշխանութեանց դիմագրաւած տագնապալից բազմաթիւ հարցերու շարքին Արցախեան հիմնախնդիրը իր ազգային տարողութեամբ ամենախրթին եւ մտահոգիչ հարցն է այսօր:
Փաշինեանին գլխաւորած իշխանութեան աշխատաձեւին հետեւողին համար, ամենավհատեցուցիչ երեւոյթը այն է որ Արցախեան հարցով յստակ ուղղութեան բացակայութիւն կը տիրէ այնտեղ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
Անորոշութիւն եւ յաճախ պարտուողականութիւն դրսեւորող այս կեցուածքը աւելի եւս ահազանգային դարձաւ երբ վարչապետ Փաշինեան Ապրիլի 13-ին Ազգային Ժողովին մէջ իր ունեցած երկար ելոյթով ընդհանուր ընդվզում ստեղծեց բացայայտօրէն յայտարարելով թէ հայ ժողովուրդը պէտք է վարժուի համակերպուիլ...
Այն ինչ որ պատահեցաւ Յունիսի 3ին Երեւանի մէջ կարծէք նախանշանն էր որ ցոյցերու ընթացքը սկսած է դուրս գալ հակակշռէ եւ մտնել վտանգաւոր ուղեծիրի մէջ: Արդարեւ, ցուցարարները այդ օր ուղղուած էին դէպի Պռօշեանի վրայ գտնուող կառավարական ամարանոց` պահանջելով որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դուրս գայ եւ լսէ իրենց պահանջները: Սակայն, յանկարծ ցոյցը ստացաւ աւելի բուռն բնոյթ երբ ոստիկանները արձակեցին լուսաձայնային նռնակներ եւ ցուցարարները փոխադարձեցին զանոնք քարերով եւ բռունցքի հարուածներով: Անմիջապէս հաղորդուածը եղաւ ան որ 38 վիրաւորեալներ...
ՄԱԿը եւ միջազգային հանրութիւնը կը պատգամեն որ Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք սահմանները պէտք չէ ենթարկուին փոփոխութեան. սակայն Արեւմուքն ու ՆԱԹՕն կը ռմբակոծեն Եուկոսլավիան ու փլատակներէն կը հիմնեն իսլամկան նոր պետութիւն մը` Քոսովոն Եւրոպայի սրտին վրայ եւ զայն կը յանձնեն հասարակ ոճրագործներու, զէնքի առեւտուրով զբաղող ահաբեկիչներու: Երկիր մը որ տակաւին մինչեւ այսօր չի կրնար ոտքի կանգնիլ առանց ՆԱԹՕի յենարաններուն:
Ամերիկան կը պաշտպանէ Սուտանի ապստամբները, եւ գոյութեան կը կոչուի նոր երկիր մը` Հարաւային Սուտանը: Ռուսաստան կ'արշաւէ Վրաստանի...
Ամէնէն անմիտ, նուաստացուցիչ եւ յուսահատական հարցադրումն է անհատի կամ խմբաւորման ուղղուած թէ` ան նիկոլակա՞ն է թէ քոչարեանական, իշխանամէ՞տ է թէ ընդդիմադիր: Բոլոր անոնք որ կը դաւանին մէկ կամ միւս կողմին հակիլ, կը նշանակէ որ կը խուսափին պատասխանատուութենէ եւ թէ դատելու իրենց իրաւունքը զիջած են կողմերուն եւ հրաժարած են վերլուծելու եւ ինքնուրոյն կարծիք ունենալու իրաւունքէն: Անոնք կը սպասեն որ Փաշինեանը կամ Քոչարեանը իրենց փոխարէն մտածեն, դատեն եւ հրաւիրեն զիրենք որ որդեգրեն այդ դատողութիւնը: Արժանապատուութեան տէր...
Առանց երկար մեկնաբանութիւններու, մինչ մօտէն կը հետեւինք Հայաստանի մէջ այս շրջանին տեղի ունեցող ներքաղաքական թէ արտաքին քաղաքականութեան ճակատագրական զարգացումներուն, հակիրճ կերպով կը յայտարարենք հետեւեալը:
Իրաւունք կու տանք մենք մեզի, որպէս հայ՝ պահանջելու անոնցմէ որոնք կը յաւակնին հայրենիքի ճակատագրին ճշդման մէջ որոշիչ դեր կատարել, արդարացնել այդ իրաւունքը, իրենց գործունէութեան մէջ բացայայտօրէն ցուցաբերելով խորագոյն չափով ԼՐՋՈՒԹԻՒՆ եւ արհեստավարժ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ:
Դժբախտաբար, վերոյիշեալ լրջութեան եւ կարողութեան բացակայութիւնը այսօր ակնյայտ է շատերուն մօտ որոնք տակաւին կը յամառին եւ կը համարձակին միջամուխ...
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Ապրիլի 13-ին,վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին մէջ աւելի քան ժամ մը տեւող զգայացունց ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ ան կուտակեց յաջորդաբար, երբեմն հակասութիւններ ալ պարունակող, ինքնաքննադատութիւններ, նախորդ իշխանութեանց ուղղուած քննադատութիւններ եւ Հայաստանի 1990-ի անկախացումէն ի վեր պատահած իրադարձութեանց թուարկումներ, որոնք բոլորը առաջնորդեցին նոր զինաթափութիւն մը հանդիսացող ՝ Արցախի գոյավիճակը բնութագրող պարտուողական իր ցնցիչ ձեւաւորման: Արդարեւ, Ապրիլ 13-ին Փաշինեան գալարումներով դրոշմուած իր ելոյթով արձակեց այն ռումբը որ 44-օրեայ Արցախեան պատերազմի տխուր վերջաւորութենէն ի...
Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւնները մէկ օղակն են հայ-թրքական մերձեցումներուն, որոնք իրենց կարգին դրսեւորումն են միջազգային աւելի ընդարձակ զարգացումներու: Այլապէս նախագահ Պայտըն պիտի չթելադրէր նախագահ Էրտողանին յարաբերութիւնները բարելաւել Հայաստանի հետ, իսկ նախագահ Փութին պիտի չհեռաձայնէր Փաշինեանին եւ Ալիեւին բանակցութեանց նախօրէին` իրազեկելու եւ իրազեկուելու կացութեան մասին:
Արդէն պարզ դարձաւ որ Ապրիլ 6ին Պրիւքսելի մէջ պիտի հանդիպին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ, սկսելու համար խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւնները:
Պէտք է ընդգծել որ այս...
Աշխարհաքաղաքական զարգացումները Կովկասի մէջ առաջադրած են շրջանի երկիրները համակերպելու աշխարհի նոր համակարգին` եզրակացութեան հասցնելով անոնց ընթացիկ թէ դարաւոր հակամարտութիւնները: Այս իրողութեանց լոյսին տակ դէմ յանդիման կու գան Հայաստանն ու Թուրքիան կարգ մը անհաշտելի իրականութիւններ բերելու հասկնալի տարազներու ներքեւ, գոնէ եթէ կարելի չըլլայ զանոնք լուծել միանգամայն:
Արդէն երկու հանդիպումներ կայացան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ, Մոսկուայի եւ Վիեննայի մէջ: Արդարեւ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սարտար Քըլըչ ունեցան պաշտօնական հանդիպումներ, բանակցութեանց օրակարգ ձեւաւորելու, եթէ չհաշուենք վերոյիշեալ երկու ներկայացուցիչներու...
Թուրքիոյ տնտեսութեան ցնցիչ տկարացումը եւ Էրտողանի 2023ին վերընտրութեան հեռանկարի մշուշապատումը խոր մտահոգութեան մատնած էին իշխող Արդարութիւն եւ Բարօրութիւն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, առաջնորդելով զայն երկրի արտաքին քաղաքականութեան վերաքննութեան: Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը տագնապներ ստեղծած էր բազմաթիւ շրջանային եւ հեռաւոր երկիրներու հետ: Այսպէս, այդ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը լարուածութիւն ստեղծած էր Յունաստանի հետ Եգիական ծովու շուրջ յառաջացած հակամարտութեան պատճառով. Կիպրոսի հետ` բնական կազի առափնեայ հետազօտութեանց պատճառաւ, Իսրայէլի հետ Համասի եւ պաղեստինցիներու պաշտպանութեան հետեւանքով, Սէուտական Արաբիոյ հետ լրագրող Խաշոկճիի սպանութեան պատճառաւ,...
Այսօր աշխարհի բոլոր քաղաքական շրջանակներու ուշադրութիւնը բնականաբար կեդրոնացած է Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ, որովհետեւ գերպետութիւններէն սկսեալ մինչեւ շրջանային փոքր երկիրները կենսականօրէն հետաքրքրուած են պատերազմին պատճառներով, որքան` անոր ելքով:
Ռուսաստանի դառնութիւնն ու վրէժխնդրական զգացումները կը բխին այն փաստէն որ Մոսկուա խաբուած է Արեւմուտքէն եւ կը հետապնդէ Ռուսաստանը նուաստացնելու քաղաքականութիւնը: Արդարեւ, երբ Միխայել Կորպաչեւ կը պայմանաւորուէր նախագահ Ճորճ Պուշի հետ Գերմանիոյ միաւորման մասին` օրուան պետական քարտուղարը` Ճէյմս Պէյքըր վստահեցուցած էր որ Գերմանիոյ վերամիացումէն եւ ՆԱԹՕի կազմին մէջ մտնելէն...