Մինչ Արեւմուտքը մերթ մտահոգութեամբ եւ մերթ հեգնանքով կը մօտենայ Ռուսաստանի «ընդհանուր պետութեա» գաղափարին` գոհունակութեամբ կը դիմաւորէ նկրտումները Թուրքիոյ կողմէ թուրանական կայսրութիւն ստեղծելու նախաքայլերուն: Տակաւին դաս չեղաւ Արեւմուտքին որ Թուրքիան հզօրացնելով զայն կ'առաջնորդէ անկախ գործելու ամենազօրութեան եւ որ առաջին հերթին, անգոսնելու նոյնինքն Արեւմուտքի շահերը: Այդ ուղղութեամբ Թուրքիա տուած է բազում ապացոյցներ, որոնց կարգին կարելի է յիշել Անգարայի կազմակերպած ջարդերը Սուրիոյ մէջ մարտնչող քիւրտերուն, ինչպէս նաեւ ճակատելով Իսրայէլի դէմ որ կը վայելէ Արեւմուտքի – եւ մասնաւորաբար`...
2022թ. Փետրուարի 17-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ՀՀ բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնում հանդիպում կայացաւ նախարար, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնում առաջադրուած թեկնածու պրն. Վահագն Խաչատուրեանի հետ՝ մասնակցութեամբ ՌԱԿ ատենապետ Հրաչեայ Կարապետեանի, փոխնախագահ Կարէն Կակոյեանի, ԿՎ անդամներ Մեսրոպ Յարութիւնեանի և Մարտուն Յովհաննիսեանի։
Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտում․ լայն ու հանգամանալից քննարկուեցին ՀՀ Սահմանադրական բարեփոխումների ընթացակարգին, Նախագահի լիազօրութիւններին, հանրապետութեան տնտեսութեանը, արտաքին քաղաքականութեանը վերաբերող և մի շարք այլ հարցեր։
Պրն. Խաչատուրեանը ներկայացրեց իր դիրքորոշումները երկրի...
ՆԱՄԱԿ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ...
ՆԱՄԱԿ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆԻՆ,
ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈԹՈՂՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ
ԲԱՑԱՅԱՅՏ ՎԱՆՏԱԼԻԶՄԻՆ ԴԷՄ
ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԴՈՒ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Փետրուար 12, 2022
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Մեր հայրենիքն ու համայն ազգը վիրաւոր դուրս եկան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն. եւ մինչ համայն ազգի ոյժերու լարումներով կը պատրաստուէինք բուժուիլ գոյութենական պատերազմի հետեւանքներէն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոր մարտահրաւէր մը պարզեցին մեր ժողովուրդին դիմաց, ազգասպանութեան պատերազմը փոխադրելով հոգեւոր մշակոյթի ցեղասպանութեան դաշտ:
Սովետական իշխանութեան բոլոր տարիներուն Ատրպէյճան տարաւ անուղղակի արշաւ մը՝ բնաջնջելու համար Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներն ու յուշակոթողները՝ յանգելու համար 2005ի Ջուղայի հայկական...
Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ մէկ կողմէ կը յայտարարէ թէ իր երկիրը կը ցանկայ մնայուն եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի հետ, միւս կողմէ կը դիմէ նոր սադրանքներու` խաչակրութիւն մը կազմակերպելով հայկական հոգեւոր ժառանգութեան դէմ, որ 44օրեայ պատերազմին պատճառով ենթարկուեցան ատրպէյճանական իշխանութեան:
Սովետական տարիներուն, այժմու նախագահին հայրը` Հայտար Ալիեւ, օգտագործելով Փոլիթ Պիւրոյի անդամակցութեան հանգամանքը, ծրագրեալ կերպով հայաթափեց Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը որ 60 տոկոսով հայաբնակ էր: Սովետական իշխանութեան փլուզումէն ետք արդէն ամբողջութեամբ պարպուած էր Նախիջեւանի հայութիւնը, հետեւաբար այլեւս...
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Վերջերս մեծ աղմուկ սկսած են բարձրացնել Հայաստան - Թուրքիա բանակցութիւնները: Առերես «առանց նախապայմաններու» այս բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են քողարկուած նախապայմանները պարտադրել Թուրքիոյ կողմէ՝ Հայաստանին:
Նկատի ունենալով
- Թուրք դիւանագիտութեան մեծ փորձառութիւնն ու սադրանքները.
2.- Հայաստանի տկար դիրքը՝ այս բանակցութիւններու ընթացքին:
3.- Հայաստանի բանագնացներու յարաբերական անփորձութիւնը:
4.- Հայաստանի համար «խաղաղութիւն» ապահովելու եւ Հայաստան - Թուրքիա սահմաններու բացումի Հայկական Պետութեան աճապարանքը,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը Հայկական կողմին կը ներկայացնէ իր «Կարմիր Գիծ»երը որոնցմէ անդին ոչ մէկ...
Հայաստան իր ներկայի բազում խնդիրներուն մէջ կարիքը չունէր դիմակալելու նոր խնդիր մը որ յառաջացաւ Արմէն Սարգսեանի անակնկալ հրաժարումով: Պէտք է ըսել որ իր հրաժարումը այնքան ալ անակնկալ չէր. միայն հրաժարման ժամանակն էր անպատեհ, երբ երկիրը կրկնակի բանակցութեանց եւ հակադրութեան մէջ է զոյգ թշնամիներու հետ – Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի:
Այսուհանդերձ կարծէք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութեամբ ընդունեց նախագահին հրաժարականը, եւ նոյնիսկ` հրաժարականին մասին արտայայտուած պահուն, թաքուն քննադատական մը ունէր Արմէն Սարգսեանի հանդէպ, յայտնելով որ նախագահական իշխանութիւնը պէտք...
Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց մեկնարկէն իսկ առաջ կը հաստատուին կարգ մը կատարուած իրողութիւններ որոնք կրնան դիւրացնել կամ ապարդիւն ընծայել այդ բանակցութիւնները:
Մեր ժողովուրդը, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, դրուած է հարցականի առջեւ. պէ՞տք են այս բանակցութիւնները թէ ոչ. ի՞նչ արդիւնքներ կ'ակնկալենք անոնց ելքէն եւ ի՞նչ պայմաններով պէտք է նստիլ բանակցութեանց սեղանին առջեւ: Այս հարցումներուն պատասխանները միանշանակ չեն, եւ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ:
Միակ հարցը որուն շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացած այն թէ պէտք է նստիլ մեր դարաւոր թշնամիին հետ դէմ առ...
Կը ներկայացնէ՝
Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ
Առցանց Լսարան - 18 -
Նիւթ՝
Արցախի Ներկան եւ Ապագայի Տեսլականը
Ելոյթ Կունենայ՝
ԴԱՒԻԹ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար
Առցանց հարթակը կը վարէ՝ Սեւակ Յակոբեան
Տեղի կ'ունենայ Չորեքշաբթի 2 Փետրուար 2022-ի, ժամը GMT 17:00-ին
(Արցախի ժամով՝ 21:00ին)
https://us02web.zoom.us/meeting/register/tZYvdOuupzMpGt2q37CFRXKk-L3mkZxrnS1Y
Լսարանին Մասնակցելու համար գրանցուիլ՝
Կամ կապուիլ՝email: zartonkadl@gmail.com
Whatsapp: +961 81 306447
Հայ-թրքական մերձեցումները սկսած են նոր թափ ստանալ. այդ մերձեցումներուն դրդապատճառներն ու ընթացքը այնքան ալ առնչուած չեն միայն բանակցող կողմերուն. այլ անոնք հետեւանքն են կարգ մը քաղաքական շրջանային կամ միջազգային զարգացումներու որոնցմէ կ'ուզեն օգտուիլ կողմերը, իւրաքանչիւրը` իր օրակարգով եւ առաջնահերթութիւններով:
Գործընթացը սկսաւ նախագահ Պայտընի մէկ յորդորովը նախագահ Էրտողանի, անցեալ Հոկտեմբերին, Հռոմի մէջ, անոնց մէկ հանդիպման ընթացքին: Ամերիկայի նախագահը այնտեղ յստակօրէն թելադրած է Թուրքիոյ կողմին վերացնել շրջափակումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ:
Ամերիկայի եւ Եւրոպայի նախագահները ուրիշ անգամներ...
Մեր ամբողջ ժողովուրդին սիրտը՝ Հայաստան-Արցախ հայրենիքը , այսօր ենթարկուած է գոյութենական այնպիսի ճակատագրական տագնապի մը որուն հետևանքով անվիճելի անհրաժեշտութիւն դարձած է ամբողջ ժողովուրդի անունով պահանջներ դնելու հայրենիքի պատասխանատուներուն դիմաց: Որոշ է նաեւ որ օրինական ոչ մէկ ձեւաւորում գոյութիւն ունի որպէսզի ժողովուրդը կարենայ օրինաւոր կերպով արտայայտել իր մեծամասնութեան պահանջները: Ահա այս իրականութեան գիտակից ըլլալով է որ այս յօդուածին որպէս հեղինակ ազատ կը զգամ թարգմանը ըլլալու նուազագոյնը մեր ժողովուրդի գիտակից խոշոր լուռ մեծամասնութեան մտածումներուն, մտահոգութիւններուն եւ...