Opinions & Editorials

Յանկարծ աշխուժութիւն մը յառաջացած է հայ-թրքական յարաբերութեանց բնագաւառէն ներս: Նախանշանները սկսած էին այն օրէն ի վեր երբ Թուրքիոյ նախագահը` Էրտողան յայտարարած էր թէ դրական նշաններ ստացուած էին Երեւանէն եւ թէ երբ բարի կամեցողութիւն ցոյց տայ Հայաստանը` կրնայ հայ-թուրք յարաբերութեանց գործընթացը սկսիլ: Սակայն, արդէն այդ դրական ազդանշանները աւելի յաճախակի կերպով սկսան արձակուիլ Անգարայէն: Արդարեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Մեվլուտ Չաւուշօղլու, յաջորդական մամլոյ ասուլիսներով սկսած է հանդէս գալ այս կենսական խնդրին շուրջ, այն տպաւորութիւնը թողելով որ Թուրքիան...
Հարցումը ճիշդ տեղին է, երբ կը զգանք թէ մեր երկիրը եւ ժողովուրդը կը դիմաւորեն, կարծէք, վախճանական հանգրուան մը: Տարազը օրացոյցային ժամանակի մասին չէ, այլ պատմական ծանր դէպքերով բեռնաւորուած ժամանակաշրջանի մը մասին: Ժամանակի իմաստով` տարին կը վերջանայ աղէտալի զարգացումներու շարանով մը եւ կը սկսի օրացոյցային տարի մը` դարձեալ անորոշութեան մշուշներով: Միայն ազգային մտահոգութիւններէ հեռու ապրող հայ անհատներն են որոնք կրնան հոգեկան խաղաղութեան մէջ դիմաւորել նոր տարին: Ճիշդ է թէ մեր պատմութիւնը խճճուած է բարդ կացութիւններով եւ հիւսուած...
Վերնագիրը առնուած է նորվեկիացի թատերագիր Հենրիք Իպսէնի մէկ թատերախաղէն որ լոյս տեսած է 1882ին:  Նիւթը` ճշմարտութիւնը ունեցող անհատին պայքարն է խաւարամիտ զանգուածին դէմ. ճշմարտութիւն մը` որ միայն ի նպաստ է ինքնագիտակցութիւն չունեցող այդ զանգուածին: Ճշմարտութիւնը ունեցող անհատին պաշտպանութիւնը, հաւաքականութեան դէմ, բաւական խնդրայարոյց կեցուածք մըն է ընկերաբանական եւ օրինական սկզբունքներէ դիտուած: Իպսէնի պաշտպանած թէզը «մեծամասնութեան բռնատիրութեան» դրութիւնն է որ կրնայ միշտ ճիշդ չըլլալ:  Մանաւանդ երբ այդ զանգուածը ժողովրդավարական սկզբունքներով իր քուէն կու տայ եւ կ'ընտրէ իր օրինական...
Իր փոթորկոտ պատմութեան ճանապարհին Հայաստան բազմիցս գտնուած է իր լինելութեան հարցականին առջեւ. ու պատահած է նաեւ որ ան ողջ դուրս չգայ ճակատագրական այդ վիճակներէն: Այդ պատճառաւ ալ կորսնցուցած ենք աշխարհակալութիւն, թագաւորութիւն, անկախութիւն եւ ինքնիշխանութիւն` մեղքը սահմանելով թշնամիներու վիզին: Պէտք չէ մոռնանք որ արտաքին թշնամին քիչ անգամ կրնայ ծունկի բերել մեզ եթէ մենք ու մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը միասնական չըլլան: Թումանեանի կողմէ մշակուած «Թմկաբերդի առումը» ամէնէն պատկերալի մէկ նմոյշն է այդ ներքին փլուզման: Իրենց հերթին մենք...
Հայաստանի անկախութենէն ի վեր կայացած Սփիւռք¬Հայրենիք համաժողովներուն արդիւնքը այն եղաւ որ սփիւռքը մտաւ ինքնաճանաչման ուղիի մէջ` աւելի քան համալրուեցաւ Հայաստանի եւ անոր կարիքներուն հետ: Սփիւռքի բազմադէմ ըլլալուն եւ բազմաբեւեռ բնոյթ ունենալուն մասին բազում տեսութիւններ կ'առաջադրուին, սակայն քիչ անգամ կ'իրականացուին ազգագրական կամ մարդաբանական գիտական աշխատանքներ` հասկնալու համար ճշմարիտ բնոյթը այդ բազմաբեւեռութեան: Յետոյ` ի՞նչ կը հասկնանք Սփիւռք ըսելով, ո՞ր աշխարհամասին սահմանուած է այդ սփիւռքը: Այդ հասկացողութիւնն ալ կը մնայ առաձգական քանի սփիւռքի զանգուածները կ'ենթարկուին տեղատուութեան եւ ընդարձակման`...
Տարի մը առաջ, Նոյեմբեր 9ին վերջ գտաւ 44-օրեայ պատերազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այդ թուականէն ի վեր բանակցութիւններն ու վէճերը կը շարունակուին ամրագրելու համար պատերազմին հետեւանքները: Թուրք եւ ատրպէյճանական կողմը, այս կացութիւնը պատեհ նկատելով, կը ջանայ հայկական կողմէն կորզել աւելին քան կը նպատակադրէր իրականացնել խաղաղ բանակցութիւններով: Պատերազմին պատրուակը կամ պատճառը հայկական հսկողութեան ներքեւ գտնուող հողերու «ազատագրումն» էր: Ատրպէյճանի համար առաջնահերթը Արցախի շուրջ եօթը շրջաններու ձեռքբերումն էր: Պատերազմի հետեւանքով թուրք-ատրպէյճանական իշխանութեանց փոխանցուեցան ոչ միայն այդ եօթ շրջանները,...
Թուրքիոյ նախագահը` Ռեճիպ Թայյիպ Էրտողան ինքզինք այնքան ուժեղ կը զգայ որ մարտահրաւէրներ կ'ուղղէ Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին:  Միջազգային բեմի վրայ ան ամբարտաւան է. կը խօսի Սուլթան Սուլէյմանի համարձակութեամբ. եւ քանի որ դիւանագիտական շրջանակները չեն պատասխաներ նման լեզուով` Էրտողան կը հերոսանայ իր ժողովուրդին աչքին իբրեւ յաղթական հերոս: Էրտողանի ճակատումը Արեւմուտքի հետ ունի քաղաքակրթական բնոյթ. Թուրքիոյ վարչապետը, որ տարիներով օգտուած է Արեւմուտքի օժանդակութենէն – տնտեսական ու ռազմական բնագաւառներու մէջ – ինքզինք ինքնաբաւ եւ ուժեղ կը նկատէ հետապնդելու...
Այս տարի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան եւ ազգային, կազմակերպչական, համայնքային եւ քաղաքական գործունէութեան 100-ամեակը: Հարիւր տարիներու այդ փորձանաւոր ժամանակաշրջանը, կ'ընդգրկէ հայ ժողովուրդի քսաներորդ դարու պատմութեան եւ վերջին քանի մը տասնամեակներու իրերայաջորդ բախտորոշ բազմաթիւ հանգրուանները, ազգային ազատագրական շարժումներու, Ցեղասպանութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան վերապրումի, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի 70 տարիներու, Հայրենադարձութեան, Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան վերականգնումի եւ Արցախեան շարժումի ու ազգովին մեր դիմագրաւած վերջին ծանրագոյն ճգնաժամի  պատմական իրադարձութիւններով: Ասոնց զուգահեռ նաեւ Միջին Արեւելքի...
Այս տարուայ Հոկտեմբերի 1-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (Ռ.Ա.Կ.) կը թեւակոխէ իր գոյութեան անկիւնադարձային 100ամեակը: 1921ի Հոկտեմբերի 1-ը հայ աշխարհի ժամանակակից քաղաքական կեանքին պատմութեան մէջ խոր նշանակութիւն ունեցող թուական մըն է: Արդարեւ, մինչեւ այն օրը համանման գաղափարախօսութիւն ունենալով գործող գրեթէ տասնեակ մը կուսակցութիւններ, որոնց արմատները կերթային ետ մինչեւ հայկական առաջին կուսակցութիւնը հանդիսացող՝ Մկրտիչ Փորթուգալեանին 1885 թուին հիմնած Արմենական կուսակցութիւնը, այդ օրն է որ քաղաքական բացառիկ հասունութիւն եւ լրջութիւն ցուցաբերելով, որոշեցին միացնել իրենց ոյժերը եւ այնուհետեւ գործել...

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ

Այս օրերուն երբ համաճարակը կլանած է Հայաստանը եւ երբ 44օրեայ պատերազմին վէրքերը այնքան թարմ են ու դառն, ո՛վ սիրտ ունի անկախութեան մասին մտածելու կամ խօսելու: Սակայն, ժողովուրդ մը որ ապրած է կործանումներուն յոռեգոյնը` ցեղասպանութեան աղէտը եւ վերականգնած անկէ ետք, իրաւունք չունի յուսահատելու: Տասըմէկերորդ դարուն Անիի կործանումով եւ Բագրատունեաց իշխանութեան անկումով պահ մը այնպէս թուեցաւ հայոց պետականութիւնը կորսուած էր անվերականգնելի կերպով, սակայն անդին գոյութեան կոչուեցաւ Կիլիկեան թագաւորութիւնը եւ ծաղկեցաւ երեք դար ամբողջ մինչեւ որ ան...
Advertisement