Դոկտ. Երուանդ Զօրեան. «Կան դժուարութիւններ, բայց հայրենիք՝ Հայաստանը  յաւերժական է»

Որպէս հայութիւն, գիտութեան այսօրուայ դրուածքներուն, անհատական մակարդակի կարեւոր յաջողութիւններուն կողքին, մեծ հարցումներու առջեւ կանգնած ենք։

Այդ թեմաներով զրուցած եմ «Սինոփսիս Արմենիա» կազմակերպութեան նախագահ, ՀԲԸՄ-ի ականաւոր գործիչ՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին հետ։

 

Պրն. Զօրեան այսօր, պատեհութիւնը ունեցայ ներկայ գտնուելու Ձեր ղեկավարած կառոյցին կողմէ վկայականաց հանդէսին։ Ձեր հայեացքներու մէջ երեւելի էր բաւարարուածութիւնը՝ վաղուան յոյսը։ Հայաստանի մէջ երկար ճամբայ կտրած էք։ Ինչ են առաջին հունձքերու արդիւնքները։ Հակիրճ պիտի ուզէի լսել ձեր ծրագիրներուն մասին։

Իսկապէս երիտասարդութիւնը խոստմնալից է։ Այսօր ձեր տեսածը, արհեստական բանականութեան նոր դասընթացքներու աւարտումի արարողութիւնն էր, ուր 40-45 երիտասարդներ ստացան իրենց վկայականները։ Բայց այդ ամէն մէկ երիտասարդը ինքնիր վրայ աշխատած է արհեստական բանականութիւնը ընկալելու, անոր վրայ ծրագիրներ պատրաստելու, տուեալներ հասկնալու, եւայլն։ Ասիկա առաջին դասընթացքն է, կան նաեւ երկրորդ եւ երրորդ մակարդակի դասընթացքներ, որոնք դարձեալ տեղի պիտի ունենան, բայց այս առաջին դասընթացքի երիտասարդներէն շատ բան կ’ակնկալենք եւ վստահ ենք, որ անոնք մեծ արդիւնքի պիտի հասնին։

 

Վերջին ամիսներուն կարծէք նոր որոնումներու ժամանակ մը բացուած է նաեւ Սփիւռքի մէջ։ Անցեալէն եկած դէպի Հայաստան ուղղուածութիւնը տատանումներ կ’ապրի, եւ ինքնութեան խնդիրները Սփիւռքը կը պաշարեն տարբեր կողմերէ։ Իրօք ո՞ւր կ’երթայ հայկական Սփիւռքը։ Ի՞նչ է իրական պատկերը։

Սփիւռքը մէկ ուղղուածութիւն կրնայ ունենալ՝ հայապահպանում Հայաստանով։ Այսինքն՝ Սփիւռքը հայ պէտք է մնայ, որպէսզի կարենայ Հայաստանին օգտակար դառնալ, Հայաստանը բարգաւաճեցնել։ Այս ձեւով ինքնիրեն ալ օգտակար եղած կ’ըլլայ, քանի որ Սփիւռքի երկարատեւ ըլլալը միայն առողջ հայրենիքով կրնայ ըլլալ։ Ուրեմն յարաբերութիւններու ընդհանուր շաւիղը երկկողմանի է։ Սփիւռքը իր հայապահպանման աշխատանքը պէտք է համբերութեամբ, զօրաւոր եւ նոր ձեւերով կատարէ, եւ միեւնոյն ատեն ան պէտք է Հայաստանին թիկունք կանգնի, որպէսզի մեր հայրենիքը առողջ մնայ։

 

Օրերս,  Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նոր ձեւաչափով մը խօսեցաւ պետական շահերու եւ ազգային շահերու մասին։ Ինծի համար առնուազն անհասկնալի է պետութիւնէն՝ պետականութիւնէն դուրս ազգային շահ փնտռելը։ Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ բոլորը։

Պետութեան սահմանները միայն Հայաստանի սահմաններով կը չափուին, իսկ ազգը բոլոր հայ ժողովուրդն է՝ իր մէջ ընդգրկելով՝ Հայաստանը, Արցախը եւ ամբողջ Սփիւռքը։ Այո, երկուքը կան, բայց այս երկուքին շահերը պէտք է հաւասար ըլլան, որպէսզի ազգը կարենայ Հայաստանը պաշտպանել, եւ պետութիւնը կարենայ տէր ըլլալ Սփիւռքին։

 

Իսկ այդ հարթակը ո՞վ պէտք է ստեղծէ, որպէսզի այս մեծ հարցերն ու հարցադրումները քննարկուին եւ ի վերջոյ մենք հասկնանք, թէ Սփիւռքի ուղղուածութիւնը չէ փոխուած։ Այլ խօսքով Հայաստանը Սփիւռքին համար կը շարունակէ մնալ արժէքներուն արժէքը։ Քանի որ շատեր նոյնիսկ կ’ըսեն, թէ պարտուած Հայաստանը բեռ է Սփիւռքին համար։

Նախ, պարտուած Հայաստան չկայ։ Կայ Հայաստան մը, որ մեր հայրենիքն է, ինչ վիճակի մէջ որ է։ Անշուշտ ելեւէջներ միշտ ալ եղած են, բայց հայրենիքը կը շարունակէ մնալ։ Հայրենիքը չի դադրիր իր դերը կատարելէ, բայց այդ ելեւէջները պէտք է ընդունինք։ Մեր սահմանները պատմութեան ընթացքին երբեմն փոքրացած են, երբեմն ալ՝ մեծցած։ Այդ ելեւէջները միշտ պիտի ըլլան, սակայն պէտք չէ որ այդ պատճառաւ մեր հայրենիքէն հեռանանք։ Մեր պարտականութիւնը միշտ հայրենիքին զօրավիգ կանգնիլն է եւ աշխատիլ, որ ան միշտ բարգաւաճ ըլլայ։ Ի վերջոյ  դժուարութիւններ շատ կան, բայց հայրենիք՝ Հայաստանը  յաւերժական է։

 

Ձեր ճիգերով հիմնադրուած «Վիրթուալ Գոլէճ»-ի (Հայկական Առցանց Համալսարան) կարողացաք ի մի բերել Սփիւռքի ամենահեռաւոր կէտերուն վրայ գտնուող հայորդիները, ինչպէս նաեւ՝ հայկական վարժարանները։ Այսօր, սակայն վարժարաններու առումով մենք լուրջ ճգնաժամի մէջ ենք։ Ի՞նչ են ելքերը Պրն. Զօրեան։ Այս կը հարցնեմ, քանի որ դուք նոյնպէս Բարեգործականի անդամ էք, եւ երկար տարիներ ՀԲԸՄ-ը, Համազգայինի կողքին կը համարուէր Սփիւռքի կրթական նախարարութիւնը։ Այսօր ո՞ւր ենք այդ բոլորէն։

Կրթութիւնը կը շարունակէ մնայ մեր կիզակէտը։ Մեր նպատակը մեր մանուկները, պատանիները, երիտասարդները կրթել, պատրաստել եւ մշակելն է։ Մեր ժողովուրդին ապագան, թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, մշակուած՝ յղկուած երիտասարդներով պիտի ըլլայ եւ ամրանայ։ Կրթական ոլորտը ունի իր ուրոյն խնդիրները, նաեւ Սփիւռքի մէջ։ Շրջան մը դպրոցներ չենք ունեցած, ուրիշ շրջան մը շատ ունեցած ենք, հիմա քիչ մը պակասը ունինք եւ այդ մէկը համայնքներէն կախում ունի։ Եթէ Սփիւռքի պատմութեան նայինք, կը տեսնենք, որ կարգ մը հայկական գաղութներ, որոնք գոյութիւն ունեցած են ժամանակին, հիմա չկան։ Կան միայն շէնքերը, եկեղեցիները, բայց հոն հայութիւն գոյութիւն չունի։ Սակայն, միւս կողմէ, ունինք նորաստեղծ, նոր զարգացող գաղութներ։ Սփիւռքը շարժական է՝ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա կ’երթայ, Եւրոպայէն ԱՄՆ կ’երթայ, եւայլն։ Հարիւր տարի ետք Սփիւռքի կեդրոնը ո՞ւր պիտի ըլլայ՝ ես ալ չեմ գիտեր։ Ուրեմն, սա կը նշանակէ, թէ Սփիւռքը առաձգական է, մնայուն չէ, յարատեւ չէ։ Միայն հայրենիքն է, որ մնայուն է։ Այս մէկը գիտակցելով, պէտք է ընդունինք, որ կարգ մը հաստատութիւններ կը մեծնան, յետոյ կրնան փոքրանալ, իսկ ապագային կրնան այլ տեղ աճիլ։ Բայց կրթութիւնը միշտ պէտք է։ ՀԲԸՄ-ը, կրթութեան հանդէպ իր պարտաւորութիւնը ունենալով, 2006-ին ընդունեց հայկական «Վիրթուալ» համալսարանի գաղափարը։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր, որ առցանց (online) դասաւանդումը որդեգրենք եւ փորձենք հասնիլ ամենամեծ թիւով անհատներու եւ համայնքներու։ Ո՞ր դպրոցը կրնայ 132 երկիրներու մէջ ուսանող ունենալ՝ «Վիրթուալ» համալսարանը կարողացաւ, քանի որ առցանց է եւ սահմանափակում չունի։ Համացանցը մեզի համար նուէր մըն է, որ կրնանք օգտագործել որեւէ մէկ տեղ հասնելու համար։ Այսօր 33,000 ուսանող ունինք։ Համացանցային վարժարանը անշուշտ ամենօրեայ հայկական դպրոցները չի կրնար փոխարինել, սակայն, անդին հատուած մը կայ, որուն համար հասանելի չէ ամենօրեայ վարժարանը։ Եթէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ կրթութիւնը մեզի համար գլխաւոր անհրաժեշտութիւն է, ուրեմն պէտք է փորձենք լաւագոյն միջոցները գտնել զայն հասցնելու համար աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գտնուող հայ երեխաներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։ Արհեստագիտութիւնը, ներկայիս լաւագոյն միջոցն է։

 

Գիտութիւն, Սփիւռք, արդիական մարդուժ, այս երեք օղակները ինչպէ՞ս կազմակերպել։ Շատ հեռո՞ւ ենք տակաւին ունենալու այն դրուածքը, ուր Հայաստանը աշխարհին ներկայանայ իր «Սիլիքոն Վալի»ով։

Ինչպէս նախապէս ըսի, մեզի համար մարդն է կարեւորը։ Ամէնէն դժուար օրերուն՝ ցեղասպանութենէն ետք, հայութիւնը ստեղծած է դպրոցներ, երիտասարդական միութիւններ, քանի որ կը հաւատայ մարդու կրթութեան, դաստիարակութեան։ Այսօր ալ նոյնն է։ Այսօր Հայաստանը եթէ արհեստագիտական IT ոլորտին մէջ կը յառաջանայ, ճիշդ նոյն նպատակին համար է՝ մարդուն միտքը մշակելու, պատրաստելու համար։ Ամէն մէկ անհատ զինուոր մըն է իր բնագաւառին՝ մասնագիտութեան մէջ։

 

Կը վախնա՞ք Հայաստանի ապագային առընթեր, տեսնելով համաշխարհային եւ շրջանային փոփոխութիւնները։

Չեմ ուզեր «վախնալ» բառը գործածել, քանի որ իսկապէս չեմ վախնար։ Կը մտահոգուի՞նք՝ անշուշտ։ Ուրեմն, պէտք է մտածենք, թէ ինչ պէտք է ընենք, որ Հայաստանը կարենայ ինքզինք պաշտպանել եւ ինքնաբաւ ըլլայ։ Ասոր պատասխանը դիւրին է ՝ Հայաստանի բարգաւաճութիւնը։ Եթէ Հայաստանը բարգաւաճ ըլլայ, տնտեսապէս զօրանայ, ոչ միայն տեղական, այլեւ միջազգային առումով, ոչ մէկը կը մտածէ անոր վրայ յարձակելու մասին։ Ինչպէս այսօր Թայուանի պարագան է։ Ոչ մէկը Թայուանի վրայ կը մտածէ յարձակիլ, քանի որ աշխարհի Microchip-երու 70 տոկոսը հոն կ’արտադրուի։ Եթէ Թայուանի մէջ մեծ խնդիր մը՝ երկրաշարժ մը ըլլայ, ամբողջ աշխարհի տնտեսութիւնը կը խախտի։ Մենք ամէնքս chip-երէ կախեալ ենք՝ բոլոր գործիքները անոր վրայ հիմնուած են։ Ինք այդ chip-երու բնագաւառով ինքզինք պաշտպանած է։ Ատիկա իր ապահովագրութիւնն է։ Մենք երբ մեր տնտեսութիւնը hզօրացնենք, ուրիշներ պիտի չուզեն մեզի խանգարել, քանի որ մեզմէ կախեալ պիտի ըլլան։ Մենք այդ ներուժը ունինք եւ պէտք է աշխատինք այդ ուղղութեամբ։

 

 

 Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի