Ապրիլ 8 եւ 9, 2016-ին Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը, հովուապետական այցով մեկնեցաւ դէպի Էտմընթոն, Ալպերթա։
Ապրիլ 8-ին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Duke of Edinburgh-ի անուան Արծաթեայ շքանշանի հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ կառավարատան մէջ եւ ուր պարգեւատրուեցաւ Էտմընթոնի հայ համայնքի երիտասարդներէն Սվետլանա Գրիգորեանը պատուաւոր արծաթեայ շքանշանով։
Ապրիլ 9-ին, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը վերահսկեց Էտմընթոնի Ս. Նարեկ ծուխի տարեկան անդամական ժողովը։ Ապա, ժողովին աւարտէն ետք մատուցեց Ս. Պատարագ Ս. Ֆիլիբ Անտոքեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագին աւարտէն ետք Էտմընթոնի եւ Րետ Տիր շրջաններու հայորդիները միախմբուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։ Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ նահատակներուն յիշատակը յարգեցին, որոնք զոհուեցան՝ Արցախի վերջին նախայարձակումներուն ընթացքին, ետքը սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը մասնակցութեամբ Էտմընթոնի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի աշակերտներուն որոնք հանդէս եկան «Նազանի» ազգային պարով եւ ասմունքներով ու այլ գեղարուեստական պատկերներով։