Յունիս 17-ի երեկոյեան Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղւոյն Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Մխիթար Աբբահօր Վենետիկի Ս. Ղազարի վանք մուտքին 300-ամեակը:
Ներկայ եղած են քաղաքական կազմակերպութիւններու, դեսպանութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, կրօնական դէմքեր, Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Պերճ Ռիչըրտ Սվազլեան, Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպիսկ. Մուրատեան, ինչպէս նաեւ Ս. Ղազարի վանքի նախկին սաներ եւ տեղւոյն հայ համայնքէն հոծ բազմութիւն մը, որոնք ծայրէ ծայր լեցուցած են եկեղեցին: Աբբայ, գիտուն, աստուածաբան եւ 1701-ին Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի ժառանգութիւնն ու վաստակը ոգեկոչուած է պատշաճ շուքով:
Իր գլխաւոր նպատակն էր բարձրացնել Հայոց հոգեւոր եւ մտաւոր կրթութեան մակարդակը: Մխիթար Սեբաստացի Միաբանութիւնը հիմնեց Կ. Պոլսոյ մէջ, բայց խուսափելու համար հալածանքներէ՝ զայն փոխադրեց նախ Մեթոն (Յունաստան), ապա 1717-ին Վենետիկ՝ Ս. Ղազար: Այս 300 տարիներու ընթացքին Մխիթարեան հայրերը արտադրած են աւելի քան 2.000 հատոր, յաջողած են հաստատել հայերէն, թէ այլ լեզուներով աւելի քան 200.000 գիրքերով օժտուած գրադարան մը: Վիենի Մխիթարեանները նոյնպէս հրատարակած են աւելի քան 2.000 հատոր եւ կազմած՝ զանազան լեզուներով աւելի քան 300.000 գիրքերէ բաղկացած գրադարան մը: Երկու Ուխտերը տասնեակներով վարժարաններ հիմնած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ: Անոնք կը պահպանեն հսկայական արխիւներ՝ անգնահատելի մատենագրութիւններու, արուեստի գործերու եւ քարտէսներու: Այս ամբողջը տեղի պիտի չունենար առանց Մխիթար Աբբահօր տեսլականին, վաստակին ու նուիրումին:
Նախ խօսք առած է օրուան գլխաւոր բանախօս Լիբանանի Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Մխիթար Աբբահօր անձը, կեանքը, գործը: Իր բանախօսութիւնը ներկայացուցած է հայերէն, անգլերէն եւ իտալերէն: Խոստացած է իր առաւելագոյնը ընել, որպէսզի Մխիթար Աբբահօր ժառանգութիւնը յարատեւէ յառաջիկայ 300 տարիներուն եւս: Այդ նպատակին մէջ կարեւոր դեր վերագրած է Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Հ. Լեւոն արք. Զէքիեանին:
Յաջորդած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադիր, ձեռնարկը հիւրընկալող Հ. Եղիա վրդ. Քիրեճեան: Ան մեծարած է Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ դրուատած Մխիթարեան նախկին սաներն ու անոնց այս առթիւ տարած աշխատանքը, որոնք ջանք չեն խնայած որպէսզի ձեռնարկը ըլլայ իսկապէս բացառիկ: Հ. Եղիա ըսած է, որ Մխիթարեան նախկին սաները յաջողած են իւրայատուկ համայնք մը հիմնել Թորոնթոյի մէջ:
Իրմէ ետք խօսք առած է Թորոնթոյի Մխիթարեան սանուց միութեան փոխնախագահ Յարութ Մարտիրոսեան: Ինք եւս ողջունելով այս 300-ամեակը, ըսած է, թէ կ’ուզէ առանձնացնել բառ մը՝ «հասցէ»-ն: Հասցէ, որովհետեւ Մխիթար Աբբահայր 41 տարեկանին ի վերջոյ գտաւ մնայուն, ապահով հասցէ մը վենետիկեան խաղաղ ծովալիճին մէջ՝ Ս. Ղազարի կղզիին վրայ: Տասնամեակներ հարկ եղան աւերակ շինութիւնները վերածելու համար յարգարժան, Հայոց Վերածնունդը ցոլացնող հասցէի մը: Հոնկէ այդ ցոլացումը սփռուեցաւ ամբողջ հայ ազգին վրայ, Օսմանեան կայսրութեան լուծի մութ շրջանին:
Իտալիոյ հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ Մարիա Գրիսթինա Մինիաթի իր ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը յայտնած է Ս. Ղազարի Մխիթարեաններուն նման բարձր գնահատուող միաբանութեան մը պաշտպանութեան՝ իր երկրին ունեցած ներդրումին համար: Ան նաեւ իր հպարտութիւնը յայտնած է ի տես Միաբանութեան հոգեւոր եւ մտաւորական իրագործումներուն:
Կարդինալ Գոլինզի ներկայացուցիչ Հայր Թիմոթիի ելոյթէն ետք գործադրուած է գեղարուեստական բաժին մը բանաստեղծութիւններով, երգերով ու երաժշտութեամբ:
Երջանկութեան, հպարտութեան երեկոյթ մը հայ համայնքին, Մխիթարեան նախկին սաներուն համար, իսկ քրիստոնէական հաւատքի եւ հայ մշակոյթի ծառաներուն եւ միաբաններուն՝ վերանորոգման առիթ մը: