Գանատայի Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 7 Յունիս 2018 Հինգշաբթի օր, ընտրութիւններուն մասնակցեցան Յառաջդիմական-Պահպանողական, Ազատական եւ Նոր Ժողովրդավար կուսակցութիւններու կողքին քանի մը փոքր կուսակցութիւններ եւս։ Թորոնթոյի Էճինքորթ ընտրատարածքէն Յառաջդիմական-Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանէն ներս առաջին Գանատացի-Հայ երեսփոխանը ընտրուեցաւ։
Ազգային յայտնի գործիչ Արիս Պապիկեան ժրաջանօրէն իր մասնակցութիւնը բերած է Գանատայի հայկական գաղութի կեանքէն ներս։ Ան մեծ աշխատանք տարած է գանատական, հայկական, բազմամշակութային, քաղաքական, ընկերային ծառայութեան, ուսումնական, գաղթականներու եւ այլ մարզերու ոլորտներէն ներս։ 38 տարիներու ընթացքին, ան չորս տարի վարած է Օթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը։ Այդ շրջանին Գանատական ծերակոյտէն եւ երեսփոխանական պալատէն ներս հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին աչքառու ու հիմնական իր ներդրումը ունեցած է։ Նոյնպէս շեշտակի մասնակցութիւն բերած է Թորոնթոյի շրջանի պետական դպրոցներու ուսումնական խորհուրդի այն նախաձեռնութեան, որով պետական երկրորդական վարժարաններու մէջ կը սկսէր դասաւանդուիլ ընդհանուր ցեղասպանութիւններու նիւթը։
Պրն. Պապիկեան որպէս թղթակից եւ լրագրող, հիւրընկալուած է հեռատեսիլային կարգ մը Կայաններու կողմէ եւ մասնակցած է ձայնասփիւռի մասնագիտական ծրագիրներու։ Իր յօդուածներն ու հարցազրոյցները տպուած են միջազգային բազմաթիւ թերթերու ու հանդէսներու մէջ։
Արիս Պապիկեան 2009 թուականին, Գանատայի կառավարութեան քաղաքացիութեան ու ներգաղթի Նախարար Ճէյսըն Քէնիի կողմէ Միսիսոկա տարածաշրջանին համար երկու շրջան քաղաքացիութեան դատաւոր նշանակուեցաւ, ուր ծառայեց վեց տարի։
Պրն. Պապիկեան հայկական գաղութային աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն առ ի գնահատանք Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ արժանացած է ոսկի մետալի, ինչպէս նաեւ Գանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրութեան 125 րդ. ամեակի առիթով արժանացած է մեծն Բրիտանիոյ Թագուհիի գնահատական շքանշանին։
Յարութիւն Դերձակեան