ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՑՈՅՑ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 24 Ապրիլին, նախորդ տարիներու նման, հազարաւոր գանատահայեր եւ անոնց նեցուկ կանգնողներ ցոյց մը կազմակերպեցին  Օթթաուայի Խորհդարանական բարձունքին վրայ, նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարեդարձը: 

Այս ոգեկոչումին դէմ ելած էր շատ աւելի փոքրաթիւ Թուրքամէտ ցոյց մը, բաղկացած քանի մը հարիւր Թուրք բողոքողներէ, որոնք հայկական խումբէն հազիւ քանի մը մեթր անդին հաւաքուած, Խորհրդարանի կից հողաշերտի մը վրայ, կը գոռային հակահայ լոզունգներ: Երկու խումբերը կը բաժնուէին ոստիկանական մետաղեայ պատուարներով:

Գանատան աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներէն մին է, որոնք կ’ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ապրիլ 2004-ին Գանատայի Խորհրդարանը որդեգրած էր որոշում մը ուր կ’ըսուի, «Այս Խորհրդարանը կը հաստատէ 1915-ի Հայերու Ցեղասպանութիւնը եւ կը դատապարտէ այս ակտը որպէս մարդկութեան դէմ իրագործուած ոճիր մը»: