ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՍԱՐՔՈՒԵՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Դեսպանը եւ Փ. Ունճեան միասնաբար 25 ամեակի կարկանդակի հատումը կը կատարեն

Հայաստան Համահայկան Հիմնադրամի ( Հ. Հ. Հ. ) տարեկան համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը, այս տարի նուիրուած էր՝ Գանատայի հասարակապետութեան (Confederation )150 ամեակին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 25 ամեակին որ տօնախմբուեցաւ մեծ շուքով 12 Նոյեմբեր 2017 Կիրակի,    երեկոյեան Հայ Կեդրոնի գեղեցիկ սրահին մէջ։

Հ. Հ. Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան թուականէն ի վեր ազատագրուած Արցախի վերաշինութեան եւ զարգացման աշխատանքներուն իր մեծ ներդրումը բերելով, գիւղերու մէջ օգտակար ծրագիրներ կ՚ իրականացնէ, ազգանուէր եւ մարդասիրական աշխատանք կը տանի, մինչեւ օրս իրականացնելով  72 մեծ ու փոքր ծրագիրներ։

Երեկոյթը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներով, մեկնաբանութեամբ՝ Արմէնիա Սարգիսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեանի, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավար՝ Թէնի Նիկողոսեան։ Օր. Նիկողոսեան ներկաները ողջունելէ ետք պատուոյ հիւրերը մէկ առ մէկ ներկայացուց։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Հայաստանի Հանրապետութեան ( Հ. Հ. ) Գանատայի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Լեւոն Մարտիրոսեան, հիւպատոս Պրն. Սասուն Յովհաննէսեան, Հ. Հ. Թորոնթոյի պատուոյ հիւպատոս Պրն. Պերճ Սվասլեան,  հոգեւոր հայրեր, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչ Պրն. Խորէն Մարտոյեան, օրուայ հիւր պատգամաբեր խմբավար՝ Փիթըր Ունճեան ու կողակիցը, եղբայրը Պրն. Հայկ Ունճեան եւ կողակիցը, քաղաքիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ սրահը ամբողջութեամբ լեցնող մօտ 400 հիմնադրամի սատարող բարերարներու եւ համակիրներու ընտրեալ խուռներամ բազմութիւն մը։

Օր. Նիկողոսեան անցնող 25 տարիներու ընթացքին հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց, որոնցմէ յիշեց նորակերտ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, մայրուղիներ, ջրամբարներ, կեանքի կեդրոններ, ուսումնական եւ մշակութային կեդրոններ եւ այլ հաստատութիւններ։

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Լեւոն Մարտիրոսեան խօսք առնելով ողջունեց Հ. Հ. Հիմնադրամի տարեկան հանգանակութեան բոլոր մասնակիցները, ըսելով.« Հիմնադրամը կը շարունակէ իրականացնել իր բացառիկ առաքելութիւնը եւ բեղմնաւոր գործունէութեան շնորհիւ կը վայելէ մեր ժողովուրդի համակրանքն ու վստահութիւնը, ուշագրաւ է որ Հ. Հ. Հիմնադրամը կը մէկտեղէ եւ կը միահիւսէ մեր բոլորի գաղափարները եւ միջոցները, համախմբելով եւ հզօրացնելով Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը։ » Դեսպանը ընդգծեց եւ առանցնացուց մասնաւորաբար Թորոնթոյի մասնաճիւղի աշխատանքը, որ տարիներ շարունակ կ՚ ապացուցանէ իր ուժը եւ մեծ յաջողութիւններու հասնելու կարողութիւնը։ Դեսպան Պրն. Մարտիրոսեան իւրաքանչիւր նուիրատուի անհատապէս շնորհակալութիւն յայտնեց, շեշտելով որ 25 տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր տոլարներու ծրագիրներ իրականացան, միայն այս փաստը տուեալ աշխատանքի խօսուն վկայութիւնն է։ Դեսպանը Մկրտիչ Մկրտիչեանին յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնելով մաղթեց, որ նոյն կորովով շարունակէ այս ազգօգուտ աշխատանքները։

Գեղարուեստական բաժինին մէջ  սոփրանօ Արմէնիա Սարգիսեան իր քաղցր ձայնով շատ գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց իր յօրինած « Վարդան » անուն երգը, ջութակի ընկերակցութեամբ Տօքթ. Հենրիկ Կարապետեանի, կիթառի ընկերակցութեամբ Էտըմ Պէթսթոնի, որ աժնացաւ բոլորին ջերմ գնահատանքին։

Համազգայինի « Էրեբունի » պարախումբը, « Բալենի » եւ « Արտաշատ » պարերով հանդէս եկաւ, գեղարուեստական ղեկավար Արեւիկ Մարտիրոսեանի եւ պարուսոյց Լոռի Նաճարեանի մականին տակ, որոնք ելոյթ ունեցան խանդավառելով ներկաները։

Օփերայի սիրուած երգչուհի սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար, նշանաւոր երգահան Արմէն Տիգրանեանի «Վարդիթեր » եւ Անուշ օփերայէն « Ամպի տակից » երգերով հանդէս եկաւ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեանի։ Օր. Իշնար իր հրապուրիչ ձայնով ու անսայթաք մեկնաբանութիւններով հմայեց ներկաները ողջունուեցաւ ջերմ ծափահարութիւններով։

Թորոնթոյի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 25 ամեակի տարեդարձին առիթով մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ 25 րդ. տարեդարձին առիթով ձեռամբ դեսպանի եւ խմբավար Փիթըր Ունճեանի կարկանդակի հատումը կատարուեցաւ։

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան։ Ճաշի տեւողութեան պաստառի վրայ 2016 տարուայ ընթացքին համայն աշխարհի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամներուն կատարած գործունէութիւնները ցուցադրուեցան։

Թորոնթոյի Հ. Հ. Հիմնադրամի երկարամեայ ժրաջան ու անխոնջ Ատենապետ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան հանդէս եկաւ, հիմնադրամի վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց, Արցախի մէջ 2016-2017 տարեշրջանի շինարարական աշխատանքներու մասին նկարներով մանրամասն բացատրութիւններ տալէ առաջ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք տարիներու ընթացքին սիրայօժար եւ կամաւոր կերպով կը սատարեն Թորոնթոյի հիմնադրամի գործունէութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ « Նոր Հայ Հորիզոն » հեռատեսիլին, հայատառ մամուլէն « Թորոնթոհայ » ամսաթերթին, « Լուսաբաց » շաբաթաթերթին, Մոնրէալի « Ապագայ » եւ « Հորիզոն » շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ           « Մարմարա » օրաթերթին, որոնք երկար տարիներէ ի վեր իրենց սուղ սիւնակները սիրայօժար կը տրամադրեն հիմնադրամի ձեռնարկներուն։ Պրն. Մկրտիչեան յայտնեց թէ 2016 ին հանգանակային ճաշկերոյթէն գոյացած գումարներով Թորոնթոյի հիմնադրամը Ուխտասար գիւղին մէջ կը կառուցէ դպրոց մը, Խնձորիստան գիւղին մէջ կը կառուցէ համայնքային կեանքի կեդրոն մը, բազմազաւակ ընտանիքներու համար չորս առանձնատուներ եւ յաւելեալ ծրագիրներ։ Այս ծրագիրներէն ետք Պրն. Մկրտիչեան ներկայացուց 2018 ի մայր ծրագիրը, որ պիտի ըլլայ         « Ջուրի Կեանք » բնաբանով ոռոգման ջուր մատակարարել  գիւղերուն, որուն նպատակն է  Արցախի տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու համար օգնել հայ գիւղացիին։

Այնուհետեւ ցոյց տրուեցաւ օրուայ հիւր բանախօս նախկին ջութակահար, Թորոնթօ Սիմֆոնի Նուագախումբի եւ Սկովտիայի Արքայական Ազգային նուագախումբերու երաժշտական ու գեղարուեստական ղեկավար Փիթըր Ունճեանի մէկ տեսահոլովակը, ուր ինք կը ղեկավարէր Թորոնթօ Սիմֆոնի Նուագախումբը։ Ան ծնած է Թորոնթոյի մէջ հայ հօրմէ ու Սկովտիացի մօրմէ։ Պրն. Մկրտիչեան հակիրճ տողերով  ներկայացուց  օրուայ պատուոյ հիւր բանախօս Փիթըր Ունճեանը եւ զայն հրաւիրէց որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ։

Յայտնի խմբավար Փիթըր Ունճեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ իր կեանքի դրուագներու մասին,մասնաւորաբար շեշտեց թէ՝ երաժշտական կազմաւորման շրջանին ներշնչուած էր Լոնտոնի մէջ ջութակի ուսուցիչ Մանուկ Բարիքեանէն, Նիւ Եորքի մէջ Իվան Կալամեանէն եւ ղեկավարութեան դասերու աշխատանքի ընթացքին Herbert von Karayan էն։  25 տարիներ հիմնադրամի կատարած աշխատանքներուն անդրադառնալով սրտանց շնորհաւորեց բոլոր իրագործումները, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով հրաւիրեց ներկաները մասնակցիլ հիմնադրամի ծրագրած կենսական բոլոր գործերուն։ Պրն. Ունճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ՝ 2018 ին պիտի այցելէ Հայաստան ու պիտի ղեկավարէ Հայաստանի Ֆիլարմոնիա նուագախումբը որպէս հիւր ղեկավար։

Փիթըր Ունճեան իր խօսքերու աւարտին ներկաներու կողմէ բուռն ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ։  Ձեռամբ՝ Ատենապետ Պրն. Մկրտիչեանի խմբավար Ունճեանին նուիրուեցաւ Հայաստանի մէջ շինուած երեք մանրակերտ երաժշտական գործիքներ «Ուտ, Թառ եւ Քամանչա» , ինչպէս նաեւ 2010 թուականին National Geographic Traveler ի գրքոյկի նկարներու մրցոյթին ժողովուրդի գուէներով առաջնութեան մրցանակին արժանացած Մկրտիչ Մկրտիչեանի ոսպնեակէն դիտուած  « Արարատ լերան » գունաւոր նկարը։  Մինչ այդ իր միջազգային բազմամեայ երաժշտական վաստակին առ ի գնահատանք Փիթըր Ունճեանին  Հ. Հ.  Սփիւռքի նախարարութեան « Կոմիտաս » մետայլի տուչութիւնը կատարուեցաւ ու շնորհաւորագիրը յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի։

Հիմնադրամի Ատենապետը Պր. Մկրտիչեան փայլուն գաղափարը ունեցած էր կապ հաստատելու նշանաւոր ոտնագնդակի հայաստանցի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ, որ ներկայիս Հայաստանի Ազգային խումբի եւ Անգլիոյ Մանչէսթըր Եունայթէտ խումբին մաս կը կազմէ։ Պրն. Մկրտիչեան ձեռք ձգած էր Հենրիկ Մխիթարեանի կողմէ ստորագրուած մարզաշապիկը, որը աճուրդի դրուելով ապահովուեցաւ 25 հազար տոլար։

Որպէս դրամահաւաք տեղի ունեցաւ նաեւ զանազան ապրանքներու լուռ աճուրդ։

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի շրջանի համալսարանական աշակերտներէն 40 է աւելի խումբ մը երիտասարդներ, մեկենասութեամբ՝ Պրն. Սարգիս Եագուպեանի։ Այս աշակերտներէն երեքը Հայաստան այցելելու իրաւունք շահեցան գրաւոր պատասխանելով այն հարցումին թէ՝ ի՞նչու կ՚ ուզեն Հայաստան երթալ եւ ի՞նչպէս կրնան մասնակցութիւն բերել Հայաստանի բարգաւաճման։

Հիմնադրամի փոխ Ատենապետուհի Տիկ. Հուրի Նաճարեան « Մենք կը կառուցանենք մեր ապագան » բնաբանով իր սրտի խօսքը փոխանցեց հետեւեալ կերպով « Հ. Հ. Հիմնադրամը հանդիսացած է բոլոր հայ կազմակերպութիւններու հաւաստիականը իր բազմահազար ծրագիրներու իրականացումով, բարելաւած է Արցախի եւ հայրենի աշխարհի կեանքը միաժամանակ գործ հայթայթելով մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, նաեւ ապահովելով շարունակական տնտեսական զարգացում մեր զոյգ հանրապետութիւններուն։» Տիկ. Նաճարեան հրաւիրեց ներկաները նեցուկ կանգնելու իրենց յառաջիկայ աշխատանքներուն։

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Ատենապետ Մկրտիչեանի շնորհակալութեան խօսքերով, այս առթիւ յայտարարեց, թէ նուիրահաւագէն գոյացած է  $: 670.000 գանատական տոլար։ Որուն $:130.000 տոլարը նուիրուած է մեծ բարերար Բրշ. Պերճ Սրկ. Լիւլէճեանի կողմէ որ պիտի յատկացուի երկու գիւղերու ջրամատակարարման ծրագրին։

Հիմնադրամի այս ձեռնարկը հասաւ իր նպատակին, ուրախացնելով թէ կազմակերպիչները եւ թէ հիմնադրամին սատար հանդիսացող նուիրատուները։