Հ. Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանի Այցը Վանքուվըր

Նոյեմբերի կէսերուն՝ Գանատայի Վարչապետ Ճասթըն Թրուտօ-ի նախաձեռնութեամբ՝ Վանքուվըրի մէջ կազմակերպուած էր Մ.Ա.Կ.-եան խաղաղապահ ծրագիրներու հետ առնչուած միջազգային ժողով մը որուն հրաւիրուած էր մաս կազմելու Հ. Հ. պաշտօնական պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանի: Վանքուվըր իրենց այցելութեան առիթէն օգտուելով տեղւոյն հայ համայնքի ղեկավարները շտապ կերպով կազմակերպեցին մի քանի պատեհութիւններ ուր հայրենի նախարարը եւ իր շքախումբը փոքր եւ աւելի լայն խումբերով ծանօթացան գաղութի կազմակերպութեանց եւ անդամներուն եւ փոխադարձաբար առիթը տուին այս վերջիններուն հաղորդակից դառնալու հայրենիքը յուզող հարցերուն մասնաւորապէս այն խնդիրներուն որոնք կը վերաբերին Հայաստանի զինեալ ոյժերուն անոնց արդիականացման եւ մանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները ապահով պահելուն:

Վանքուվըրի այս այցելութիւնները կազմակերպուած էին տեղւոյն Միացեալ Յանձնախումբին կողմէ:

Աւագ Քահանայ Տէր Գեղարդ Կարապետեան կը ներկայացնէր Հայց. Առաք. Սուրբ Վարդան եկեղեցին, Վարդօ Փափազեան կը ներկայացնէր Ռ.Ա.Կ.ը, Տիկ. Ռոզի Թոքաթլեան եւ Տիկ. Մելինէ Գալփակեան ներկայացուցիչներ Թ.Մ.Միութեան Ատենապետուհին եւ Ատենադպրուհին, Հոգշ. Գարեգին Շըքրտմեան կը ներկայացնէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Պրն. Գրիգոր Ճաղճեան կը ներկայացնէր Հայ Մշակութային Միութիւնը եւ Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան կը ներկայացնէր Հ.Յ.Դ.ն:

Նոյեմբերի 14-ին՝ ջերմ եւ մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ընտիր ճաշարանի մը մէջ գեղեցիկ ճաշկերոյթ մը: Հայրենի հիւրերուն կ’ընկերակցէր Գանատայի մէջ նորանշանակ Հ.Հ. Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Պրն. Լեւոն Մարտիրոսեանը:

Յաջորդ օր Նոյեմբերի 15-ին տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի Սամ Լազարեան սրահին մէջ ժողովրդային հաւաքոյթ մը որուն ընթացքին Նախարար Վիգէն Սարգսեան յատուկ հաղորդականութեամբ մը ներկաներուն տուաւ սպառիչ տեղեկութիւններ Հայ Բանակին մասին եւ ան նշեց թէ մեր զինեալ ոյժերը պատրաստ են ոյժգնօրէն հակադարձելու թշնամիին կողմէ եկած որեւէ յարձակողական նախաձեռնութիւններուն:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան որպէս պատրաստուած եւ կարող ղեկավար խոր տպաւորութիւն ձգեց ներկայ հասարակութեան վրայ:

Հայրենի պատուիրակութիւնը Վանքուվըրէն ետք մեկնեցաւ Մոնթրէալ: