Մելանի Ժոլի. «Գանատան Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելը չի բացառեր»

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար՝ Մելանի Ժոլի Գանատայի խորհրդարանին մէջ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան հարցով լսումներու ընթացքին չէ բացառած Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու կարելիութիւնը:

Երեսփոխան Իվ Փեռոն արտաքին գործոց նախարարէն խնդրած է մեկնաբանել` արդեօք Գանատան Ատրպէյճանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկել կը նախատեսէ՞, եւ արդեօք այդ հարցը քննարկուա՞ծ է եւրոպացի գործընկերներու հետ:

«Մենք հակուած ենք պատժամիջոցներու հարցը քննել շարք մը այլ երկիրներու հետ, որպէսզի այդ երկրին վրայ առաւելագոյն ճնշում գործադրուի: Այնպէս որ, ամէն բան սեղանի վրայ է», պատասխանած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը: