Յիշատակելի Օր Մը

Երեքշաբթի՝ 29 Օգոստոս 2023-ին, «Milne Park»-ի մէջ տեղի ունեցած դաշտագնացութեան հաւաքը անմոռանալի օր մը եղաւ Թորոնթոյի եգիպտահայերու «խոհեմ տղոց եւ տիկին»ներու (wise guys & ladies) խմբակցութեան: Սոյն հաւաքին հաճոյքը ունեցանք վայելելու ներկայութիւնը, Մոնթրէալէն, Թորոնթօ ժամանած, վաղեմի մեր բարեկամներէն Պարգեւ եւ Արփի Նազարէթեանները:

Ներկաները անցուցին հաճելի ժամանակ, պատմելով եւ վերյիշելով իրենց անցեալի յուշերը:

Տիկիններու կողմէ պատրաստուած «Pot luck-lunch»-ը համտեսեցին, ներկաները շնորհակալութիւնները յայտնեցին Էտի եւ Լուսի Խունկանեաններուն եւ Կարի եւ Անի Յակոբեաններուն՝ որոնք սիրայօժար յանձն առած էին սոյն հաւաքի համադրումը:

Վարձքը կատար բոլորին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ