Նախարար Ստեֆան Տիոն շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը

Աշխատանքային այցով Նիւ Եորք գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան Սեպտեմբեր 19-­ին հանդիպած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Տիոնի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ ուրախ է հանդիպելու Հայաստանի վաղեմի բարեկամ Ստեֆան Տիոնին` իբրեւ Գանատայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար, եւ շարունակել երկկողմ յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման շուրջ երկխօսութիւնը:

Նախարար Տիոն շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 25-­ամեակը եւ նշած, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան համակողմանի խորացման ուղղութեամբ ջանքերը:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ­-գանատական օրակարգին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, անդրադարձած են միջխորհրդարանական կապերուն, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի դիւրացման: Երկուստեք կարեւոր համարուած է գանատահայ համայնքին աշխոյժ դերակատարութիւնը յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ:

Հայաստանի եւ Գանատայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են ՄԱԿ-­ի, ԵԱՀԿ եւ Ֆրանքոֆոնիայի շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան հարցեր:

Էդուարդ Նալպանտեան գանատացի գործընկերոջ ներկայացուցած է այս տարուան Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքները, անոնց վերացման ուղղուած` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ուղղուած ջանքերը: