ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Օրհնութեամբ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Երեքշաբթի, 15 Մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մարալ Իշխանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհահանդէս եւ վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն նուիրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանի կեանքին ու վաստակին։

Գիրքը ներկայացուց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ  հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Ա. Քհնյ. Գոյունեան։ Ներկայ էին զոյգ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Փոխառաջնորդ եւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան։

Բարի գալուստի խօսքէն ետք, օրուայ հանդիսավար` Տիկ. Պէթթի Փանոսեան հակիրճ ներածականով անդրադարձաւ Սարդարապատի հերոսամարտի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակին նուիրուած հպարտառիթ այս հանդիսութեան ընդմէջէն  անձնուէր հովիւ, յանձնառու ուսուցիչ, հայրենասէր, հայագէտ եւ գիտնական՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Առաջին Յովսէփեանի կեանքին ու վաստակին։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Արժ. Տ. Գառնիկ Ա. Քհնյ. Գոյունեան ներկայացնելու վաւերագրական եւ արխիւային բնոյթի զոյգ հատորները, նուիրուած՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի հարուստ եւ բազմաշնորհ գործունէութեան։ Զոյգ հատորներուն առաջինը տպուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, իսկ երկրորդը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ։ Զոյգ գիրքերու շնորհահանդէսէն ետք, խօսք առաւ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, ընդգծելով որ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոս եկեղեցական ըլլալուն կողքին նաեւ հայրենիքի հանդէպ դրսեւորած է հերոսական եւ նուիրական գործունէութիւն, մասնակցելով Սարդարապատի հերոսամարտին։ Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութեան, որ պատրաստուած էր «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան կողմէ։ Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, արժեւորելով եւ գնահատելով զոյգ հատորներու լոյս ընծայման աշխատանքը։

Բակման խօսքին մէջ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանին, համերաշխ եւ միասնական ոգիով սոյն երեկոյի կազմակերպման առթիւ, ապա անդրադարձաւ  Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսի  կեանքին ու բեղուն գործունէութեան եւ անոր բերած մեծ նպաստին։

Զոյգ սրբազաններու «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը։

Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի հրաւէրով հիւրերը ներկայ գտնուեցան Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբի կողմէ ներկայացուած Տոհմիկ պարին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։