Յարութիւն Դերձակեան
Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի մասունքները Գանատա բերուեցան Պուլկարիոյ-Փլովտիւ քաղաքի Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Հրաչ քահանայ Մուրատեանի կողմէ։ Այս առթիւ Արժ. Տէր Հայրը նախ Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Կիրակի 24 Յունիսին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ Սուրբի մասունքներով օրհնութիւն կատարուեցաւ։ Թորոնթոյի հայ հաւատացեալներու համար այս իւրայատուկ արարողութիւնը պատմական ու յիշատակելի օր մը եղաւ ։ Հակառակ աննպաստ օդին ու յորդառատ անձրեւին եկեղեցին կը յորդէր անօրինակ բազմութեամբ։
Սուրբ Պատարագին կը հանդիսապետէր Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան։ Դասին մէջ ներկայ էր փոխ Առաջնորդ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. սարկաւագներ ու Բրկ. ուրարակիր դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Տիանա Վանէսի։
Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետ ապրած է չորրորդ դարուն, ծնած է Մծբին քաղաքին մէջ այժմու ( Նուսայպին ) եւ վախճանած է 350 ին։ Ծնունդով ասորի եղած է եւ հայկական աղբիւրներու համաձայն Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջը Խոսրովուհիի որդին է։ Մանկութեան շրջանը անցուցած է Կեսարիա, իր հոգեւորական կրթութիւնը ստացած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ միասնաբար դաստիարակուելով Կեսարիոյ մէջ։ Վարչական բազմաթիւ կարողութիւններով օժտուած ըլլալով մեծ ժողովրդականութիւն ունեցած է եւ Անտիոքի Մելիտոս հայրապետը 330 ին զինք պատմական Ամիդ (Տիգրանակերտ) քաղաքին մէջ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Մծբինի աթոռին համար եւ Սուրբ Յակոբ կը ստանայ Մծբնայ Հայրապետի կոչումը։ Ան հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է սուրբերու շարքին, իր կատարած բազում հրաշքներու շնորհիւ կը կոչուի նաեւ «Սքանչելագործ »։ Ս. Յակոբ եղած է հմուտ կրօնապետ եւ քրիստոնէական նախնական դարերու մեծագոյն ուսուցիչը։
Յընթացս Ս. պատարագի Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով լայնօրէն ծանօթացուց պատարագիչ հիւր հոգեւորական Տ. Հրաչ քհնյ. Մուրատեանը, խօսեցաւ իր արժանիքներուն մասին, հրաւիրեց Տէր Հայրը որպէսզի օրուայ իր պատգամը փոխանցէ։
Տէր հայրը ներկաները ողջունելէ ետք, խօսեցաւ հաղորդական ոճով տպաւորիչ քարոզ մը, բնաբան առնելով Մատթէոսի աւետարանի մէջէն «Որոմին առակը », թէ ինչպէս թշնամիին ցանած որոմները հասկերուն հետ հասակ առին։ Հունձքի ժամանակ որոմները քաղեցին եւ այրեցին, մինչ ցորենները հնձելով ամբարեցին շտեմարաններու մէջ։ Տէր հայրը իր խօսքերը շարունակելով դիտել տուաւ որ « Ճիշդ ասոր կը նմանի երկնքի արքայութիւնը, այս առակին ուսուցանող, միտք ու հոգի նորոգող իմաստը շատ պարզ է, առակի մէջ պատմուող արտը մեր աշխարհն է, որ տրուած է մարդ արարածին մշակելու եւ ստեղծագործելու համար։ Ցորենի սերմերը բարի եւ առաքինի մարդիկն են, իսկ մշակը Յիսուս Քրիստոսը, որոմի սերմերը ցանողը մեր թշնամի սատանան չարերն են։ Այսօր աշխարհի մէջ կ’ապրին անօրէններն ու արդարները։ Այսօր Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի մասունքներէն օրհնութիւն ստանալով մաքրենք, նորոգենք եւ զօրացնենք մեր հոգիները։» ըսաւ Տէր հայրը, այս առիթով նշեց նաեւ Գիւտ Տփոց Ս. Աստուածածնի տօնը։
Ս. Յակոբ Մծբնայ Սրբազանի մասունքները « Ուրախ լեր » եւ « Հրաշափառ » ի երգեցողութեամբ Ս. խորանէն վար առնուեցաւ ու ներկայ բոլոր Յակոբները Ս. Էջմիածինէն բերուած մէկմէկ մոմեր ստացան եւ օրհնուեցան Առաջնորդ Սրբազանի կողմէ։ Սրբազան հայրը այս առիթով շնորհաւորեց բոլոր Յակոբ անուն կրողները։ Սրբազան հօր օրհնութիւնը ստացան նաեւ Հայաստան մեկնելիք շաբաթօրեայ Ս. Սահակ-Ս.Մեսրոպ վարժարանի աշակերտները։
Այնուհետեւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու, սարկաւագներու ու դպիրներու կազմուած թափօրով Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի մասունքներով օրհնութիւն կատարուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ անդաստանի արարողութիւն։ Դպրաց դասի կողմէ երգուած « Ո՜վ հայոց աշխարհ » երգեցողութեամբ այս յիշատակելի արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։