Գանատահայոց Թեմը Թորոնթոյի մէջ կազմակերպած է երիտասարդական միջկրօնական հաւաքներ

Ուրբաթ՝  9 Փետրուար 2018-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած՝ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պատկանող երիտասարդներու եւ հոգեւորականներու քննարկումներուն ու հանդիպումներուն երկրորդ փուլը եզրափակուեցաւ։

Շաբթուան ընթացքին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ յարկի տակ հաւաքուեցան 17 տարբեր կրօնքներու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներ (Քրիստոնեայ, Հրեայ, Մահմետական, Սիխ եւ Պուտտայական): Հաւաքի նպատակն էր փոխանակել կրօնական գաղափարներն ու անդրադառնալ Գանատայի կրօնական բազմազանութեանը։

Գանատահայոց Թեմի նախաձեռնած «Նշենք մեր բազմազանութիւնը» միջկրօնական երիտասարդական ծրագրի իրականացումը հնարաւոր դարձաւ Գանատայի կառավարութեան օժանդակութեան շնորհիւ։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր «Համաշխարհային Միջկրօնական Համերաշխութեան» շաբթուայ առիթով, որ հռչակուած է 20 Հոկտեմբեր 2010-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի կողմէ։

Գանատահայոց Թեմը, սոյն ծրագիրը պատրաստած է նշելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ հռչակուած «2018 թուականը Երիտասարդութեան Տարի» նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն իր օրհնութիւնը փոխանցեց ու կարեւորեց երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման գործընթացը։ Սրբազան Հայրն իր բացման խօսքի մէջ նշեց ըսելով՝ «ծրագիրը պատրաստելու ընթացքին՝ մենք ջանացինք պայմաններ ստեղծել կերտելու եւ ամրապնդելու կրօնական համայնքներու, յատկապէս անոնց ներկայացնող երիտասարդներու միջեւ գոյացած կամուրջները: Մենք երախտապարտ ենք Գանատայի կառավարութեան, որ համաձայնեցաւ աջակցիլ սոյն նախաձեռնութեանը»։
Հանդիպումներու առաջին փուլը կայացաւ Քէպէք նահանգի Մոնթրէալ քաղաքի մէջ, իսկ յառաջիկայ հանդիպումները պիտի ըլլան՝ 2018թ. Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն, Ալպէրթա նահանգի Գալկըրի եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայ նահանգի Վանքուվըր քաղաքներուն մէջ, ուր բարեկամական միջավայրի մէջ պիտի համախմբուին տեղի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, զարգացնելու Գանատայի բազմամշակութային երկրի երիտասարդական միջկրօնական երկխօսութիւնը։

Ծրագրի շրջանակներէն ներս կը ստեղծուին՝ վաւերագրական տեսանիւթ եւ կայքէջ, երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու նպատակով։

Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք կարեւորեցին այս նախաձեռնութիւնն ու ընդունեցին մեր հրաւէրը։