Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վերականգնումի ու Միութեան շարժումին եւ ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան հետ, իր վերջին նիստին որոշած է 50 հազար տոլարի դրամական օգնութիւն տրամադրել ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, կը հաղորդէ «Ազգ»-ը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի ԹՄՄիութեան կողմէ Ապրիլ 25-ին կազմակերպուած տարեկան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, այս մասին արդէն իսկ յայտարարած էր ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՌԱԿ Վերականգնումի շարժման ղեկավարներէն Երուանդ Ազատեան:
Վերոյիշեալ գումարին կէսը պիտի տրամադրուի ԹՄՄեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, իսկ մնացեալ կէսը պիտի գոյանայ ԹՄՄի զանազան շրջանակներէ այս նպատակին համար կազմակերպուած նուիրահաւաքէ:
Գումարի բաշխման ձեւի, չափի եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին հետագային։