Աշխատանքային այցով Նիւ Եորք գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան Սեպտեմբեր 19-ին հանդիպած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Տիոնի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ ուրախ է հանդիպելու Հայաստանի վաղեմի բարեկամ Ստեֆան Տիոնին` իբրեւ Գանատայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար, եւ շարունակել երկկողմ յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման շուրջ երկխօսութիւնը:
Նախարար Տիոն շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը եւ նշած, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան համակողմանի խորացման ուղղութեամբ ջանքերը:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-գանատական օրակարգին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, անդրադարձած են միջխորհրդարանական կապերուն, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի դիւրացման: Երկուստեք կարեւոր համարուած է գանատահայ համայնքին աշխոյժ դերակատարութիւնը յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ:
Հայաստանի եւ Գանատայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ եւ Ֆրանքոֆոնիայի շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան հարցեր:
Էդուարդ Նալպանտեան գանատացի գործընկերոջ ներկայացուցած է այս տարուան Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքները, անոնց վերացման ուղղուած` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ուղղուած ջանքերը: