Գանատայի թեմէն (կեդրոնը Մոնթրէալ) վերահասու կը դառնանք, որ 13 Հոկտեմբեր, 2017-ին, Գանատահայոց Թեմիբարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, ուղեկցութեամբ Լաւալի Սուրբ Խաչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյհոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանի, մասնակցեցաւ Մոնթրէալի Կաթողիկէ Թեմի՝ Թագուհի ՏիեզերացՄարիամ Աստուածամօր Անուան Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Օծման Պատարագին։
Պատմական այս տօնակատարութիւնը նուիրուած էր Մոնթրէալի հիմնադրման 375-ամեակին, ինչպէս եւ Ֆաթիմայի մէջ երեքմանուկներուն Աստուածամօր վերջին յայտնութեան 100-ամեակին։ Արարողութիւնը նախագահեց Մոնթրէալի ԿաթողիկէԵկեղեցւոյ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Քրիստիան արքեպիսկոպոս Լէբինը։
Կաթողիկէ Թեմի այս Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան հազարաւոր հաւատացեալներ, որոնց շարքին էր նաեւ Մոնթրէալիքաղաքապետ յարգարժան Տիար Տէնի Քոտերը։
Այս ուրախ առիթով՝ Գանատահայոց Թեմի հոգեւորական դասն ու հաւատացեալները, ջերմօրէն կը շնորհաւորեն մերԿաթողիկէ քոյրերուն ու եղբայրներուն ի Քրիստոս։