Ապրիլ 17ի երեկոյեան, Մոնթրէալի ԹՄՄ Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿի եւ ԹՄՄի կառոյցներու ընդհանուր խորհրդակցական հանդիպում մը, ներկայ ժամանակներու հայ կեանքը – Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ – հետաքրքրող զանազան երեւոյթներու ի տես: Այս առթիւ յատկապէս Նիւ Ճըրզիէն ժամանած էր ՌԱԿի ղեկավար ընկերներէն Յակոբ Վարդիվառեան: Տեղւոյն ՌԱԿ «Էօժէն Բաբազեան» ակումբի ատենապետ ընկեր Արա Պալեանի բացման խօսքէն ետք, ընկեր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց այս հանդիպման տուն տուող պատճառները:
Այնուհետեւ, ընկեր Յակոբ Վարդիվառեան լայնօրէն անդրադարձաւ ՌԱԿի դիմաց կանգնած մարտահրաւէրներուն, այսպէս՝ սկսելով կուսակցութեան կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող երկպառակութենէն, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ խմորուող ընդդիմադիր շարժման, Սփիւռքի տարածքին ՌԱԿի ունենալիք նոր առաքելութեան, ՌԱԿի բարեկամ կազմակերպութիւններու հետ նոր համագործակցութեան, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դարադարձի տօնակատարութեան, ԹՄՄի կատարած հայ մշակոյթի պահպանման կարեւոր ներդրումին, Ռամկավար Ազատական մամուլի անփոխարինելի դերին, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Կուսակցութեան կառոյցներէն ներս երիտասարդ նոր անդամներու մասնակցութեան կարեւորութեան: Այս հանդիպման ներկայ եղող ընկերներ լայնօրէն մասնակից դարձան այս խորհրդակցութեան իրենց մտահոգութիւնները արտայայտելով ազատօրէն:
Ընկեր Վարդիվառեանի հեղինակութեամբ վերջերս լոյս տեսած «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Գ. Հատորի ներկայացումէն ետք, հեղինակը մէկական օրինակ նուիրեց մասնակից ընկեր-ընկերուհիներուն: