Հայաստանի Պետականութեան՝ Մայիսեան Յաղթանակներու եւ Հայաստանի Անկախութեան՝ Հարիւրամեակը Նշուեցաւ Աւելի քան հազար խանդավառ Մոնթրէալահայերու ներկայութեամբ

Բացառիկ ելոյթը փրոֆ. Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի.

 

Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան

Անցեալ Կիրակի օր Մայիսի 13-ին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Պետականութեան, Մայիսեան Յաղթանակներու եւ Հայաստանի Անկախութեան՝ Հարիւրամեակը, իսկապէս աննախընթացօրէն խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ աւելի քան հազար ներկաներով: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Centre Armenie հաստատութեան սրահներուն մէջ: Գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններու, ազգային երեք կուսակցութեանց միացեալ ոյժերով տեղի ունեցող այս ձեռնարկը կատարուեցաւ տօնախմբութեան հրաշալի մթնոլորտի մը մէջ: Հայաստանի մէջ վերջին օրերու պատմական ներքաղաքական զարգացումները զգալիօրէն աւելի եւս պատճառ մը դարձած էին որպէսզի ներկայ ժողովուրդին մէջ տիրէր իսկական անկեղծ եւ լաւատեսութեամբ լեցուն տրամադրութիւն մը:

Գործադրուեցաւ յատկապէս ճոխ յայտագիր մը սկսելով միացեալ փողերախումբերու մուտքով, գաղութի երեք վարժարաններու աշակերտներու, Համազգայինի պարախումբին, եւ յատկապէս այս առիթով հրաւիրուած՝ տաղանդաւոր երգիչներ՝ Կապի Կալոյեանի եւ Ռուբէն Սասունցիի խանդավառող կատարումներով:

Ձեռնարկին ամենակարեւոր եւ նշանակալից մասը սակայն, ելոյթն էր օրուան պատգամախօս եւ այս առթիւ յատկապէս հրաւիրուած, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտի Տնօրէն. Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանին:

Դոկտ. Մելքոնեան իր տպաւորիչ պատմագէտի, հռետորային ելոյթով ելեկտրականացուց մթնոլորտը եւ հազար հոգիներու ուշադրութիւնը գամուած պահեց իր հարիւրամեակի նշանակութեան եւ տուեալներուն մասին կատարած մանրամասն վերլուծման եւ մեկնաբանութեան ընթացքին. Դոկտ. Մելքոնեան իր խօսքերուն մէջ հմուտ կերպով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին մէջ անկախութեան եւ պետականութեան նկատմամբ աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր ձեւաւորուող մտածումներու եւ ձեւաւորման հանգրուաններուն: Ան ապա անդրադարձաւ քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան մինչեւ 1918 տեղի ունեցած արագընթաց զարգացումներուն, յիշելով կարեւոր թուականները, կարեւոր դեր կատարող անձնաւորութիւնները եւ հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարները որոնք առաջնորդեցին Մայիսեան հերոսական յաղթանակներուն եւ ի վերջոյ անկախութեան հռչակման: Ապա՝ յարգելի եւ գիտնական բանախօսը մատնանշեց թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութեան փոխանցումը գովելի եւ ճկուն կերպով տեղի ունեցաւ յաջորդաբար 1920-ին դէպի Խորհրդային կարգերը, ապա՝ 1991-ին դէպի նոր անկախութիւն եւ ահա ի վերջոյ այսօր դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն:

Այս Հարիւրամեակը Հայոց Պետականութեան հարիւրամեակն է եզրակացուց Դոկտ. Մելքոնեան:

Դոկտ. Մելքոնեանի խօսքերը ընդունուեցան յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Մոնթրէալահայութեան համար յիշատակելի օր մը եղաւ անկասկած Մայիս 13-ի այս ձեռնարկը:

Բոլորին մաղթանքն է որ այս օրերու աննախընթաց զարգացումները Հայաստան աշխարհը առաջնորդեն դէպի շատ աւելի պայծառ ապագայ մը:

«Ապագայ»