ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔՈՎ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ԿԵՐՊՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 101-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Ա. ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀՍԿՈՒՄ ԼԱՎԱԼԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ    

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ

 

Ապրիլ 22 երեկոյեան ժամը 7-ին Լավալի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 101-ամեակին  նուիրուած հսկումի հոգեպարար արարողութիւնը:

Մոնթրէալահայ գաղութի երեք հայկական կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ եւ քաղաքիս բոլոր կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ 101-ամեակի Միացեալ Յանձնախումբի կազմակերպած այս ձեռնարկը Ապրիլ 16-ի արիւնարշաւէն յետոյ առաջին գլխաւոր ժողովրդային ոգեկոչումն էր:

Մօտ 200 հայորդիներ, կուսակցական ղեկավարներ, քաղաքական, միութենական ու կրօնական ներկաներ, յատկապէս այս առթիւ լարուած հսկայ վրանին տակ հետեւեցան կարճ սակայն տպաւորիչ յիշատակման ձեռնարկին:

Պրն. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի ղեկավարութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը ընթացք առաւ Գանատական եւ Հայկական քայլերգներով եւ տպաւորիչ տուտուկի ու երգի բարձրորակ ելոյթներով, որուն յաջորդեց Պրն. Մհէր Գարագաշեանի կուռ ու բացառիկ պատգամը, որ ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Հոգեւոր Հայրերու պատշաճ կրօնական արարողութենէն ետք, երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին մոմավառ յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք ներկաներն ալ իրենց տրամադրուած մեխակները զետեղեցին:

Միացեալ Յանձնախումբը կարեւոր նկատած է որ Մոնթրէալի մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան երկու յուշարձանները ըլլան մեր ուշադրութեան առարկայ. անոնք պէտք չէ անտեր մնան: Ահա այդպէս ալ եղաւ: Լավալի մեր յուշակոթողը որբ չմնաց այդ գիշեր:

Բ. “LES  GRAND REPORTAGES” ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Նոյն երեկոյեան, որպէս շարունակութիւնը յուշարձանի ներածումին, խուռներամ ժողովուրդը հաւաքուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան սրահը, ուր այս ֆրանսախօս նահանգի սիրուած ու յարգուած երիտասարդ ֆիլմարտադրող, մրցանակակիր, հաղորդավար, պատմական նիւթերու դասախօս՝ հայ ծնողներէ սերած, բնիկ Քէպէքցի սակայն բոլոր սրտով հայ՝ Փաթրիք Մազպուրեանի պատրաստած “Les Grand Reportages” վաւերագրական ժապաւէնը ներկայացուեցաւ: Հակառակ իր փափաքին, այլ պատասխանատուութեան պատճառաւ ինք չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ, սակայն ինք իր պատրաստած ժապաւէնի մէջ անձամբ իր դէպի Պոլիս ու ապա Երեւան քննական շրջապտոյտով կը ներկայացնէր Հայոց Ցեղասպանութեան տուն տուող պատմական եղելութիւնները եւ վերապրող սերունդի, յատկապէս նորանկախ Հայաստանի եւ Երեւանի մէջ վերընձիւղուած հայկական կեանքը կը ներկայացնէր որպէս յաղթանակ Ցեղասպանութեան դէմ եւ ուծացումի դէմ:

Գ. ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Ըստ տարիներէ ի վեր հաստատուած սովորութեան, մանաւանդ` Ցեղասպանութեան 100-ամեակով խրախուսուած արդարութեան պահանջատիրութեամբ, կրկին անգամ աւելի քան չորս հազար հայորդիներ, մեծամասնութեամբ Մոնթրէալէն եւ Թորոնթոյէն, Կիրակի, 24 Ապրիլին հաւաքուեցան Գանատայի խորհրդարանի առջեւ ուր ոստիկանութիւնը անցեալ երկու տարիներուն նման, ցանկապատերով երկու բաժիններ հաստատած էր, մին՝ հայերուն եւ միւսը՝ Թուրք ցուցարարներուն: Հայկական եռագոյն դրօշակներով, ազդանշաններով եւ վանկարկութիւններու բացագանչումներով լրջօրէն պատրաստուած ուղերձներու յայտագիր մը գործադրուեցաւ  մասնակցութեամբ պետական դէմքերու, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոգեւորականներու կողմէ: Թրքական վարձկան կողմը ի զուր կը փորձէր իր աղմուկով խանգարել մեր յայտագիրը. ի վերջոյ անոնք հեռացան իրենց բաժնէն:

Հայոց խումբը ապա շարժեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, ոստիկաններու հսկողութեամբ, միշտ բարձրաձայնելով իր արդարութեան պահանջատիրութիւնը: Նոյն պատկերը կրկնուեցաւ դեսպանատան առջեւ: Ցոյցի այս բաժինը ամբողջութեամբ ստանձնած էին հայ երիտասարդներ որոնք տպաւորիչ եւ լուրջ պատրաստութեամբ հանդէս եկան տպաւորիչ ելոյթներով:

Խորապէս գնահատելի է կարգապահ եւ պատուաբեր այս խոշոր տարողութեամբ գործունէութիւնը:

Դ. ՄԻԱՑԵԱԼ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ

Նոյն օրը երեկոյեան, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած էր միացեալ Սուրբ Պատարագ, մասնակցութեամբ քաղաքիս բոլոր Լուսաւորչական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու  հովուապետերուն եւ հոգեւորականաց դասուն: Ս. Պատարագի ընթացքին օծման յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներու անցեալ տարի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած սրբապատկերի նմանողութեամբ երկու նկարներու օծումը եւ յատուկ աղօթքներով մեր սուրբերու միջոցաւ խնդրանքը մեր սրբացեալ նահատակներու միջնորդութեան՝ երկնաւոր թագաւորութեան մօտ:

Այսպէսով կ’աւարտի Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ոգեկոչումներու շարքը եւ արդար պահանջատիրութեան կամքի վերանորոգումը:

 

Ուխտաւոր մը


Notice: Undefined variable: post in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871

Notice: Trying to get property 'ID' of non-object in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871