Հաւաքական եւ մարդկային բոլոր նրբութիւնները ընդգրկող անզուգական, եթէ ոչ աննախընթաց երեկոյթ մը վայելեց մոնթրէալահայ գաղութը:
Շաբաթ՝ 19 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA), Sheraton-Laval-ի պսպղուն սրահներուն մէջ, տեղի կ’ունենար տօնակատարութիւն մը:
Տպաւորիչ շքեղութեան ու ճոխութեան մէջ, զգալի էր համեստութեան ու պարզութեան շքեղութիւնն ու ճոխութիւնը:
Հակառակ հոծ բազմութեան ալիքներուն՝ հանդարտ ու կանոնաւոր մուտք, կազմակերպուած կարգապահութիւն, կը ստեղծէին արտասովոր մթնոլորտ մը:
Բարձր տրամադրութիւններու շուքին տակ, անկեղծ բարեկամական ժպիտներով եւ փոխանցիկ ջերմութեամբ կը գրաւէինք մեզի յատկացուած սեղանները:
Որքան որ ալ մասնակցինք հայրենիքի ու Գանատայի քայլերգներուն (աւա՜ղ երբեմնի Արցախինը), չենք կրնար զսպել մեր մարմինի փշաքաղումը, մանաւանդ երբ այդ կը հրամցուէր մեզի Սիլվի Տէմիրճեանի ազգային ոգիով:
Իրենց ներկայութեամբ մեզի կը պատուէին.-
* Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Գանատայի մէջ՝ Նորին Գերազանցութիւն Անահիտ Յարութիւնեան,
* Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Քէպէքի մէջ՝տիար Լեւոն Աֆէեան,
* Mrs. Sona Lakhoyan Olivier, Membre of National Assembly for Chomedey and member of the Liberal party of Quebec,
* Mr. Andre Morin, Membre of National Assembly for L’Acadie and member of the Liberal party of Quebec,
* Mrs. Seta Topouskhanian, Councellor of the city of Laval,
* Very Rev. Father Hagop Yacoubian, on behalf of his Eminence Archbishop Papken Tcharian,
* Անցեալի եւ ներկայի շատ մը Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները ներկայ են այս երեկոյ:
Վերապատուելի Ճորճ Տապօ իր օրհնաբեր աղօթքով բարի գալուստ մաղթեց բոլորիս:
«Տօնակատարութի՜ւն եւ ոչ յուշատօն».- յայտարարեց օրուան խօսնակ՝ Ռաֆֆի Շնորհոքեան – ընկերակցութեամբ՝ Արփի Շնորհոքեանի (ֆրանսերէնով) – իր բացման խօսքին մէջ, որ յաջորդաբար ընդգրկեց յայտագրին ներկայացումը:
Զարմանալի չէր իր այս արտայայտութիւնը:
Առ ի յիշատակ ողբացեալ Զաւէն Խանճեանի նման ռահվիրան մը՝ արժանի էր միայն հանդիսա՜ւոր տօնակատարութեան: Յայտագրին յառաջացումով աւելի ծանօթացանք ողբացեալին անսակարկ ու անվերապահ նուիրումին: Ողբացեալ Զաւէն Խանճեան կոչեցեալէ մը ըլլալէ աւելի՝ ընտրեալ մը եղած է:
Դիպուա՞ծ թէ նախատեսութիւն: Յիշեցինք իր խօսքերը երբ վերջերս կարծես մարգարէաբար կը գրէր.- «… բայց ե՞րբ մեր ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան մէջ երգը հեռու եղած է ցաւէն: Ե՞րբ կեանքի տենչը հեռու եղած է մահուան շուքէն եւ ե՞րբ մեր յարութիւնը հեռու եղած է խաչելութենէն» (Արցախահայութեան՝ բարեգործական համերգին առթիւ):
Հանգամանօրէն հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Գանատայի մէջ՝ Նորին Գերազանցութիւն Անահիտ Յարութիւնեան իր պատգամը տալու, եւ այսպէս եզրափակեց.-
«Այսօր երբ մեր հայրենիքը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրների առաջ եւ մենք դեռ ունենք անազատութեան մէջ գտնուող ռազմագերիներ, երբ Արցախահայութեան իրաւունքները դեռ չեն վերականգնուած եւ ամէն օր մեր բոլորի աչքի առաջ ոտնձգութիւն կը կատարուի մեր մշակութային ժառանգութեանը Արցախում, Ձեր բոլորիդ գործունէութիւնը առաւել քան հարկաւոր է»:
Հետեւաբար մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն եմ յայտնում Ձեզ ձեր անխոնջ աշխատանքի համար թող Աստուած շարունակի օրհնել եւ առաջնորդել մեր միասնական ջանքերը ի բարօրութիւն մեր հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան»:
Այս յուշատօնը կը համընկնէր 105-րդ տարեկան հանդիպում-ժողովին, առաւել երիտասարդներու գնահատանքի ճանաչման հանդիսութեան:
Ռաֆֆի Շնորհոքեան ներկայացուց երիտասարդներուն սեղանը: Եւ ի զարմանս բոլորիս, մի քանի տասնեակ երիտասարդներ որոնք անվերապահօրէն, թեզանիքները սոտթելով գործի լծուողներ են՝ AMAA-ի համար՝ ոտքի կանգնեցան:
Հա’յ երիտասարդներ… կը հպարտանա՞ս թէ չէ…:
Ներկայ էր վերապատուելի Ռազմիկ Մինասեան՝ California-ի «Արեւ»ի երիտասարդաց Ճամբարի տնօրէնը: Ան նաեւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Երիտասարդաց գործիչն է Գալիֆորնիայի մէջ: Ահաւասիկ յարմար առիթ մը, որ ինքն ալ խօսք առնէր երիտասարդներուն եւ աղօթքով օրհնէր անոնց բացառիկ աշխատանքները:
«Եթէ ծրագրես մէկ տարուայ համար՝ բրինձ սերմանէ, եթէ ծրագրես տասը տարուայ համար՝ ծառեր տնկէ, իսկ եթէ ծրագրես հարիւր տարուայ համար՝ սերունդներ պատրաստէ»:
Այս էր նախաբանը պրն. Յարութ Ներսէսեանի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Գանատայի մէջ) սրտի խօսքին. բայց այս միայն ի’ր սրտի խօսքը չէր, այլ արձագանգը համայն AMAA-ի կոչին, կոչումին եւ գործունէութեան: Այս նախաբանը լոկ նախաբան մը չէր, այլ յարատեւ աշխատանքի, նուիրումի, եւ շատ անգամ անծայրածիր զոհողութեան:
Երջանիկ էր պրն. Յարութ Ներսէսեան, երջանիկ էր համայն AMAA-ն, ոչ թէ ունենալով հաճոյքը տեղ մը հասնելու ճանապարհէն, այլ այդ տե’ղը արդէն հասած հաճոյքէն, որ իսկակա’ն հարստութիւն մըն է:
Պատահական չէր ներկայութիւնը շնորհալի երեք երաժիշտներուն՝ յանձինն Sylvie Demirjian-ի (vocalist) Anahit Simonyan-ի (pianist), Eva Shahbazian-ի (violist). եւ երբե’ք պատահական՝ հրամցուած երգացանկը: Նախ Կոմիտասը՝ հայ բազմադարեան մշակոյթի անպարագիծ հսկան՝ իր անմահ «Օրօր»ով: Յետոյ անդրշիրիմեան անոյշ ձայն մը՝ կու գար միանալու Սիլվի Տէմիրճեանի բորբ ձայնին. այդ ձայնը-բացակայ սակայն միշտ… ներկայ -ողբ. Զաւէն Խանճեանի երկնային շշուկն էր հեռուէն… երբ կը լսէինք…:
«Աթոռիդ առջեւը կ’երկրպագիմ
Ու ամբողջ կեանքս ես Քեզ կը նուիրեմ»:
Իսկ անոր ներդաշնակօրէն կ’ընկերանային Անահիտ Սիմոնեան (դաշնամուր) եւ Էվա Շահպազեան (ջութակ):
Մանաւանդ, երբ Սիլվի Սիմոնեան ցնցեց մեզ… յիշեցուց մեր սիրելի Արցախը՝
«Ես քո Տաթեւն եմ, դու իմ Նորավանքը
Ես քո հոգին եմ, դու էլ իմ կեանքը.
Ես քո Գիւմրին եմ, դու իմ Երեւանը
Ես քո Արցախն եմ, դու իմ Հայաստանը…»:
Արցախեան անվերջանալի ճիչն էր, որ կը հասնէր մեզի Սիլվի Տէմիրճեանի ալեծուփ ձայնով:
Մէկ խօսքով երաժշտասէր այս խումբը՝ ձայնաւոր նեղոս մըն էր, արուեստի եզերքին վրայ բացուող բիւրաճիւղ Տէլդայով մը:
Վերջապէս Ռաֆֆի Շնորհոքեան մեզի ներկայացուց անհամբերօրէն ակնկալուած յետ մահու պատուաճանաչումը ողբ. Զաւէն Խանճեանի՝ AMAA-ի գործադիր տնօրէն (CEO 2014-2024):
Ահաւասիկ տիտան մը՝ իր պայծառ եւ խորասոյզ իմացականութեամբ AMAA-ի ծառայելու առաջադրութեամբ եւ մանաւանդ բիւրեղացած ազգասիրութեամբ:
Այս բոլորին առընթեր հարուստ եղած է իր գրական արգասիքը՝ յօդուածներ, գիրքեր, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներու դիմաց վահան-կուրծք մը՝ զարդարուած հայրենի մետալներով:
Որքան գեղեցիկ նոյնքան եւ զգայացունց յարգանքի արտայայտութիւն մըն էր հրաւիրել ազնուափայլ կողակիցը՝ տիկ. Սոնա Խանճեան, որ ընդունի իր ողբացեալ ամուսնոյն շնորհուած պատուասիրութիւնը:
«Մեր զէնքը մեր հաւատքն է, սէրը ծառայութիւն է եւ գրիչը, մենք լաւ ենք կառուցելու, կրթելու, լուսաւորելու եւ խօսքը տարածելու մէջ, Աստուած կը կանչէ Աւետարանչականը կրելու մեր ժողովուրդին լուծը եւ ստանձնելու ծառայութեան խոնարհ դերը. այս է մեր յանձնառութիւնը, այս է մեր խոստումը, այս է մեր մշակոյթը, այս է մեր առաքելութիւնը, այս է մեր հաւատքը եւ այս է մեր աղօթքը»:
Այո’, հակառակ օրուայ երեւոյթին՝ տիկ. Սոնա Խանճեան իր վերջին խօսքով մեզի կը հաղորդէր իր ամուսնոյն տուած խորհուրդը. եւ ա’յդ կ’ընէր ամենայն քաջութեամբ ու վեհութեամբ այնպէս՝ ինչպէս ողբացեալը պիտի ընէր եթէ ներկայ ըլլար:
Անգամ մը եւս անդրադարձանք «տօնակատարութիւն» գործածուած բառին խորունկ իմաստը:
Յայտագիրի կշռութաւոր յաջորդականութիւնը պահելով՝ մերթ ընդ մերթ տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան երիտասարդաց ամառնային բանակումներէն եւ ուսումնական աշխատանքներէն: Ակնյայտ էր Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնացումը եւ նախապատուութիւնը ապագայ սերունդին… եւ մենք ա’յդ զգացինք…:
Յուզական եւ սրտայոյզ մօտեցումով Ռաֆֆի Շնորհոքեան բեմ առաջնորդեց դոկտ. Նազարէթ Տարագճեանը եւ իր կողակիցը: Սրտի տագնապ, մահու եւ կենաց ելեւէջներ չէին պղտորած դոկտ. Տարագճեանի հաւատքն ու համոզումը Ամենակալին հանդէպ. եւ ժպտուն, լաւատես, դանդաղ, դողդոջուն քայլերով հասաւ մինչեւ ամպիոն ճեղքելով յոտնկայս հասարակութեան որոտընդոստ ծափերը:
Յարգանքի շնորհագիրեր արդար շռայլութեամբ կը յանձնուէին յաջորդաբար վերապատուելի Յակոբ Մանճէլիքեանի եւ ողբ. Զաւէն Խանճեանի տիկնոջ Սոնայի:
Հայ Աւետարանչականի համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր տնօրէն՝ վերապատուելի դոկտ. Վահան Թութիկեանի հոգեպարար փակման աղօթքը անհրաժեշտ էր, որ հասցնէր երեկոյթը իր հոգեւոր կատարելիութեանը:
Այսպէսով կը հասնէինք երեկոյթի վախճանին:
Ծափահարութիւններ, Ռաֆֆի Շնորհոքեան, շնորհակալական պատշաճ խօսքեր՝ բոլոր ներկաներուն, մասնակցողներուն, նիւթապէս թէ բարոյապէս օժանդակ ոյժերուն, գոհունակ դէմքեր, վերջապէս հանգստացած պատասխանատուներ, «վարձքդ կատար» մաղթողներ եւ վե’րջ…:
Ահաւասիկ երեկոյթ մը, որ ըմբոշխնեցինք՝ ցմրուր…:
Երեկոյթ մը, որ եթէ ուրիշ միութիւններ կը կազմակերպեն զանազան համոյթներ, ունենալով մէկ «թեմա», հասարակ յայտարար՝ մէկ նպատակ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ունեցաւ իմաստուն յղացումը (creativity) այս եզակի տօնակատարութեամբը՝ գունաւոր, ու բոլոր շարժումները միահամուռ կերպով հաւաքելով ստեղծեց ծիրանի գօտի մը՝ գեղարուեստական յայտագիր՝ երգ, նուագ, փոխադարձ յարգանք (մինչեւ իսկ յետ մահու), ապագայ սերունդի հանդէպ մտահոգութիւն, Գանատայի եւ հայրենիքի նկատմամբ ակնածանք, ազգային սէր ու գուրգուրանք եւ վերջապէս Արցախեան թախիծ ու ափսո՜ս:
Ահաւասիկ համապարփակ նրբերանգները ողջագուրող՝ գունագեղ խճանկար մը:
Առանց նուազագոյն տատամսումի, այսօրուանը բացառիկ երեկոյթ մըն էր… շատ մօտիկ կատարեալին:
… Եւ մենք պատմեցինք այս բոլորը…:
… Սակայն սոյն համոյթին գեղեցկութիւնը կը գերազանցէր մեր գրութիւնը… բազմապատկուած…: Չկայ ոչ մէկ գրիչ՝ որ հարազատօրէն նկարագրէ այսօրուայ մատուցուած յարգանքը, ոչ մէկ վրձին՝ որ հարազատօրէն գունաւորէ այսօրուայ Tableau-ն, չկայ ոչ մէկ նօթագրութիւն՝ որ կարողանայ երգել այսօրուայ «Ո՜վ Մեծասքանչը»:
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան այսօրուայ օրինակելի հանդիսութեան մէջ Երկնային… Աստուածային բան մը կար…:
Ի՜նչ էր ա’յդ… չենք գիտէր…:
Բայց կա’ր…:
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւններուն միացնելով՝ նորանոր յաջողութեան մաղթանքները՝
Պերճ Գոգորեան