Մտորումներ
Պերճ Գոգորեան
«Գանատայի ազգային քայլերգը յօրինուած է կառավարիչ (Governer) տեղակալ THEODORE ROBITAILLE-ի օրով 1880-ին, նախ ֆրանսերէն լեզուով: Երաժշտութիւնը՝ CALIXA LAVALLEE -ի կողմէ. իսկ անգլերէն բառերու տարբերակը աւելի ուշ, դատաւոր ու բանաստեղծ SIR ADOLPHE – BASILE ROUTHIER-ի (1906-ին): Վաւերացուելէ յետոյ Գանատայի խորհրդարանին կողմէ, 1980 Յուլիս 1-ին առաջին անգամ հնչեց «O-CANADA» քայլերգը»:
Սոյն պատմականը ըրաւ Միութեանս ժրաջան տիկիններէն գանատայի քաղաքական գործունէութեան մասնակից՝ Այտա Գարիպեանը, որմէ յետոյ, յոտնկայս ներկաներուն առաջ, հպարտաբար երգեց «O- CANADA»ն:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Էօժէն Բաբազեան» վարչութիւնը գործակցաբար Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան, Մոնթրէալի մէջ միակը ըլլալով, Յուլիս 1-ը աւանդութիւն դարձուցած են տօնախմբելու «Canada Day»-ը:
Սրբազան Հօր Գերշ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:
Թէքէեան Մշակ. Միութեան դալար պուրակի գեղեցկութիւնը, թարմ ու առողջ օդի ջերմութիւնը, առատ ու ազատ սեղաններու պատուասիրութիւնը եւ մանաւանդ ժպտուն վարչականներու մեղուանման աշխատանքը, աւելի կը շեշտէին օրուան յաջողութիւնը:
Բոլորս ուրախ ու զուարթ կ’ըմբոշխնէինք Գանատայի ազգային տօնը: Սակայն յանկարծ մտորումներս տարբեր ուղղութիւն ստացան:
Այս հաճոյքին մէջ, անակնկալօրէն յիշեցի, որ կամքէ անկախ ու առողջական պատճառներով մի քանի սիրելիներ չէին մասնակցէր մեզի, որոնց շտապ ապաքինում կը մաղթեմ:
Մտորումներուս թռիչքը աւելի հեռուները տարաւ զիս: Կային նաեւ ուրիշ հարազատներ, որոնք առյաւէտ հեռացած են. մեզի հետ չեն այլեւս:
Արդեօք այս մտորումներս կը պղտորէ՞ին սոյն յօդուածին ընթացքը:
Ընդհակառակը: Անոյշ յիշատակներ աւելի կ’ազնուացնեն մեր հոգին: Եւ ի՞նչ է յիշատակը եթէ ոչ կեանքին ամենէն բիւրեղ հանգրուանը:
Յանկարծ սթափեցայ եւ նկատի առի, որ զոյգեր կը պարէին D.J. Ռաֆֆիի խանդավառ մեղեդիներու շոյանքէն տարուած:
Ահա անգամ մը եւս տիկ. Այտա Գարիպեան շնորհակալութիւն յայտնեց տասնեակէ աւելի ներկայ երեսփոխաններու ու քաղաքական դէմքերու, որոնք ինչպէս ամէն տարի, Յուլիս 1-ին, այս տարի եւս իրենց ներկայութեամբ, կը յարգէին «Canada Day»ը եւ փոխադարձաբար կը յարգուէին Ռ.Ա.Կ.-ի կազմակերպած Գանատայի ազգային տօնով:
Տիկ. Գարիպեան յիշեց անունները բոլոր ներկայ քաղաքական դէմքերուն ինչպէս՝
CHRISTINE ST. PIERRE. Députée Libérale de l’Acadie – Membre de l’Assemblée Nationale du Québec
MARWAH RIZKY. Députée de Saint-Laurent. Membre de l’Assemblée Nationale du Québec.
ALAN DESOUSA. Maire d’arrondissement. Conseil d’arrondissement de Saint-Laurent.
AREF SALEM. Chef d’Ensemble Montréal. Conseiller de la ville Saint-Laurent District Norman-McLaren.
VANA NAZARIAN. Conseillère de la Ville – Arrondissement de Saint-Laurent.
ANDRÉ ALBERT MORIN.
SETA TOPOUZIAN, Conseillère municipale de Renaud.
SONA LAKHOYAN OLIVIER.
Եւ անոնք ալ իրենց կարգին, գնահատական խօսքերով, վեր առին Հայ գաղութի ներկայութեան կարեւորութիւնը Գանատայի մէջ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռ.Ա.Կ.-ի, որ կը կազմակերպէ ամէն տարի աւանդութիւն դարձած Յուլիս 1-ի տօնակատարութիւնը:
Ինչպէ՞ս կրնայինք բաժնուիլ այս գեղեցիկ եւ բծախնդրօրէն պատրաստուած «Canada Day»ի հանդիսութենէն:
Երջանկութեամբ վայելեցինք մինչեւ երեկոյեան յառաջացած ժամերը:
…Վերջապէս ստիպուած էինք մեկնիլ՝ շնորհաւորելով բոլոր պատասխանատուները եւ մաղթելով նորանոր նմանօրինակ հանդիպումներ: