Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցւոյ Գանատահայոց թեմի 39-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Մայիս 26-27, 2023-ին շաբաթավերջին, Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ՝ թեմիս Առաջնորդարանին, նախագահութեամբ՝ թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ ներկայութեամբ՝ Եգիպտահայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի, ներկայ էին թեմիս եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը ու պատգամաւորները, իսկ այլ պատգամաւորներ ժողովի մաս կազմեցին առցանց «Zoom»ի միջոցաւ:
Թեմի հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ`26 Մայիս 2023-ին, առաւօտեան, սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Աշոտ Սրբազան հայրը: Նոյն երեկոյեան ժամը 7:30-ին սկսաւ պատգամաւորական ժողովի նիստը: Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ պրն. Վազգէն Ալթունեան (Միսիսոկայէն), ատենադպիր Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան (Միսիսոկայէն հայերէն), եւ տիկ. Հիլտա Թուրշուճուեան – Չաքար (Լաւալէն – անգլերէն), խորհրդարանական նշանակուեցաւ պրն. Օհան Օհաննէսեան, գնահատանքի անդամ նշանակուեցաւ պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան: Հիւրընկալ թեմական խորհուրդի անունով բարի գալուստի եւ ժողովի յաջողութեան խօսքերով հանդէս եկաւ Ատենապետ պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան, ողջոյնի խօսք ուղարկած էր նաեւ Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան վարչապետ՝ Ն. Վ. Ճասթին Թրուտօ:
Թեմի փոխ առաջնորդ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ամփոփ կերպով ներկայացուց հոգեւորականաց ժողովի տեղեկագիրը: Ներկայացուեցաւ Առաջնորդարանի ներկայ գործող յարակից մարմիններու տեղեկագիրը, Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ պրն. Լեւոն Իսախանեան, ներկայացուց գրասենեակային իր աշխատանքները, ժողովականները իրենց գնահատանքը յայտնեցին տարուած ժրաջան աշխատանքներուն համար:
Ժողովի Ա. նիստը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով: Ժողովի երկրորդ նիստը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ` 27 Մայիս 2023-ին, առաւօտեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով, թեմիս պատգամաւորները յոտնկայս ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեան գիրը ուղղուած պատգամաւորական ժողովին ընթերցանութեամբ փոխ առաջնորդ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի, իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը փոխանցեց պատգամաւորական ժողովին, Եգիպտահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան:
Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց իր զեկոյցը, թեմական խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց ատենապետ պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան, Աւանդապահ մարմնի տեղեկագիրը ներկայացուց պրն. Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան, թեմի ծուխերու ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց տարած աշխատանքներուն մասին: Ճաշի դադարէն ու խմբային յիշատակի նկարահանումէն ետք, գումարուեցաւ երրորդ նիստը: Ընտրողական յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան, տեղի ունեցաւ թեմական խորհուրդի, լրացուցիչ ընտրութիւնները թեմի կալուածոց Աւանդապահ մարմնի, հաշուեքննիչ եւ ընտրողական յանձնախումբերու ընտրութիւնները:
Գանձապահ պրն. Ռիչարտ Եղիայեան ներկայացուց նիւթական տեղեկագիրը եւ 2023-ի նախահաշիւը, նոր հարցերու բաժնի մէջ եղան շինիչ առաջարկներ: Գնահատանքի յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան որոշուեցաւ պատգամաւորական 40-րդ ժողովը գումարել Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ (Թորոնթօ) համայնքի հիւրընկալութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ելոյթ ունեցաւ փակման խօսքով, որմէ ետք «պահպանիչ» աղօթքով իր աւարտին հասաւ թեմի 39-րդ պատգամաւորական ժողովը:
Կը շնորհաւորենք պատգամաւորական39-րդ ժողովը հիւրընկալող թեմական խորհուրդին համագործակցութեամբ. Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանին, կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ Տիկնանց միութեան անդամուհիներուն:
* * * * *
Գանատահայոց թեմի 39-րդ պատգամաւորական երկօրեայ ժողովի նիստերուն աւարտին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ճաշկերոյթ Շաբաթ՝ 27 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին «Centre Armenie» կեդրոնի մէջ:
Ճաշկերոյթի նախաժամին, տեղի ունեցաւ նկարչութեան եւ այլազան նուէրներու լուռ աճուրդ (Silent Auction) ճաշկերոյթի ընթացքին իրենց սրտի եւ ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Ն. Գ. Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանը, տեսանիւթի միջոցաւ երախտիքի խօսքը ուղղեց Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկաւ թեմական խորհուրդի Ատենապետ պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան, սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ օրուայ պատուոյ հիւրը պրն. Օհան Օհաննէսեան (Թորոնթոյէն):
CYMA-ի 30-րդ ամեակի պատմական ակնարկ մը նետեց, Մայր Աթոռ Ս. Էջմածնի միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Արարատ Եպս. Գալթագճեան, ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը:
Գեղարուեստական յայտագրի իրենց մասնակցութիւնը բերին, Մօնալիսա Շահտա եւ ընկերները երգով եւ փունջ մը հայկական պարերով ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» պարախումբը:
Օրուայ հանդիսավար պրն. Ալիկ Յակոբեան հրաւիրեց Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը շնորհաւորեց յայտագրի մէջ բաժին առնողները:
Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանի փակման խօսքով երեկոյթը իր աւարտին հասաւ զուարթ մթնոլորտի մէջ:
Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ օգնականները, որոնց բծախնդիր աշխատանքն ու հիւրընկալութիւնը, շաբաթավերջը դարձուցին անմոռանալի: