Դոկտ. Կէօնճեան յաջողեցաւ մէկ ու կէս ժամուայ մէջ վարպետօրէն խտացնել Quantum Ֆիզիքա-ի աշխարհը

Անցեալ Ուրբաթ օր Ապրիլ-ի 13-ին՝ Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ. եան  Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան Սրահը լեցուած էր ունկնդիր՝ հետաքրքիր հոծ բազմութեամբ մը որ եկած էր լսելու համար Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի կողմէ տրուելիք ծանուցուած զրոյցը «Quantum Physics-ի Կախարդական Աշխարհը» նիւթին շուրջ:

Դոկտ. Կէօնճեան ըլլալով Գանատահայ ծանօթ ազգային ղեկավար դէմք՝ բնականաբար, Մոնթրէալահայութիւնը աւելի ծանօթ է անոր տարբեր առիթներով իր ունեցած առաջնորդող եւ վերլուծական կուռ ելոյթներով տեղական կամ համագաղութային ազգային լուրջ նիւթերու մասին: Սակայն, օրուայ բանախօսը ներկայացնող Թ.Մ.Մ.ի ղեկավարներէն Պրն. Արթօ Մանուկեան յիշեցուց ներկաներուն թէ Դոկտ. Կէօնճեան՝ համագաղութային, ազգային իր բազմերես գործունէութեան հետ զուգընթաց եւ նոյնիսկ աւելի եւս շեշտուած կերպով բեղուն վաստակ մը ունի գիտութեան եւ Թէքնօլօժիի աշխարհին մէջ: Ան երկար տարիներ Մոնթրէալի McGill համալսարանին մէջ «Quantum Electronics»-ի բնագաւառին մէջ եղած է փրօֆէսօր եւ գիտահետազօտութեան վարիչ եւ նաեւ գիւտարար բազմաթիւ թեքնիք բնագաւառներուն մէջ: Որոշ թիւով հետաքրքիր շրջանակի մը յայտնած շեշտուած փափաքին ընդառաջելով է որ Դոկտ. Կէօնճեան յանձն առած էր ներկայացնել այս զրոյցը, Թէքէեանի Ուրբաթօրեայ յատուկ հետաքրքրական դասախօսութեանց շարքին մէջ:

Ներկայ հասարակութեան մէջ կը գտնուէին այլազան պատրաստութիւն ունեցողներ: Համալսարանական բարձրագույն ուսում ունեցողներու կողքին կային նաեւ սիրողական հետաքրքրութիւն ունեցողներ, ինչպէս նաեւ պարզապէս յարգելի բանախօսը երկար տարիներէ ի վեր ճանչցող եւ սիրող ներկաներ:

Գիտական այնքան բարդ նիւթ մը, այդպիսի այլազան պատրաստութիւն ունեցող ունկնդիր ներկաներուն՝ մատչելի եւ հետաքրքրական ձեւով ներկայացնելը իսկական մարտահրաւէր մը պիտի ըլլար որեւէ բանախօսի մը համար:

Դոկտ. Կէօնճեան յայտնի կերպով՝ վարժ դասախօսի մը կարողութեամբ կրցաւ այդ դերը կատարել, մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ ունկնդիրներու ուշադրութիւնը մագնիսացած կարենալ պահելով իր ներկայացուցած նիւթին աստիճանական զարգացման ընթացքին:

Մեկնելով Newton-ի դասական ֆիզիքայի ակունքներէն ան անցաւ Quantum Ֆիզիքա-ի բոլորովին նոր եւ տարբեր աշխարհը ներկայացնելու: Ան բացատրեց թէ այս վերջինը կը ծառայէ յատկապէս հասկնալու եւ բացատրելու համար աթոմներու եւ էլեքթրոններու խորհրդաւոր աշխարհը:

Անեքթոտներով եւ պարզեցումներով համեմուած իր ներկայացման մէջ, Դոկտ. Կէօնճեան տեսութիւններու մակարդակէն անցաւ կիրարական աշխարհին ուր շնորհիւ Quantum Ֆիզիքա-ին, վերջին կէս դարուայ ընթացքին ստեղծուած են էլեքթրոնիքային այնպիսի կազմածներ, ինչպէս միքրօէլեքթրոնիքան եւ լազերները, որոնք բոլորովին յեղաշրջած են մեր առօրեայ կեանքը: Ի վերջոյ յարգելի դասախօսը ներկաներուն երեւակայութեան յանձնեց գիտութեան աւելի եւս խորհրդաւոր այն հորիզոնները որոնք այս օրերուն կը մշակուին մասնագիտական շրջանակներուն մէջ եւ որոնք աւելի եւս մեծ յեղաշրջումներու պիտի առաջնորդեն գիտութեան աշխարհին մէջ եւ աւելի վերջ մեր առօրեայ կեանքին մէջ՝ յառաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին:

Ներկայացման վերջաւորութեան՝ Դոկտ. Կէօնճեան նոյն հասկնալի մօտեցումով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Որոշապէս ներկաներուն տակաւին կեդրոնացած եւ տպաւորուած տրամադրութիւնը ցոյց կու տար թէ Դոկտ. Կէօնճեան այս անգամ եւս յաջողութեամբ պատասխանած էր իրեն ուղղուած մարտահրաւէրին: Բուռն ծափահարութիւններով ներկաները իրենց գնահատանքը յայտնեցին գիտական այս խրթին նիւթը, մէկ ու կէս ժամուայ ընթացքին մատչելի կերպով ներկայացնելու կարողութիւնը ցուցաբերած գիտնական դասախօսին:

Շնորհաւորելի է Թ.Մ.Մ. եան վարչութիւնը այս եւ այլ հետաքրքրական նիւթերու շուրջ Ուրբաթօրեայ յաջող ձեռնարկներ ներկայացնելու իր յարատեւ ջանքերուն համար:

 

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ