Երկօրեայ խանդավառ զբօսապտոյտ դէպի Sainte Adele – Saint Adolphe

Մոնթրէալ: Թէքէեան Մշակ. Միութիւն

Շաբաթ 17 եւ Կիրակի 18 Սեպտ. 2022-ը ջերմութեամբ լեցուն, անմոռանալի յիշատակ մը եղաւ, երբ երիտասարդներու զուարթութիւնը խառնուելով երէցներու ուրախութեան հետ, ստեղծեց խանդավառ զբօսապտոյտ մը:

Նախապէս մտածուած՝ մինչեւ յետին մանրամասնութիւններով ու մանաւանդ կանոնաւոր կազմակերպչական աշխատանքով տարուած պտոյտ մըն էր:

Հանգստաւէտ ինքնաշարժները, զոյգ օրերու ճոխ նախաճաշերը՝ պատրաստուած վարչութեան կողմէ, տիկինները պատուելու՝ յիշատակի նուրբ նուէրները, երեկոյեան հաւաքումի ու զուարճալիքներու բարձր տրամադրութիւնները, երկու եկեղեցիներու հոգեպարար այցելութիւնները, պանիրի գործարանի եւ յետոյ շերամաբուծութեան ու մեղրի կեդրոնի այցելութիւնները… եւ յետոյ վերադառնալու պարտաւորութիւնը… այս բոլորը… պատճառ դարձան անմոռանալի յիշատակ մը ձգելու մեր բոլորիս մտքին մէջ:

Վարչականներուն ջանքերը անսահման էին. միշտ պատնէշի վրայ, միշտ պատրաստ ու միշտ խնդումերես՝ աւելի կ’աւելցնէին բոլորին, արդէն բարձր, տրամադրութիւնը:

Շարունակութիւնը՝ յաջորդ զբօսապտոյտին՝:

 Ներկայ մը

 

            Յ. Գ. Երթի պահուն, բարձունքի մը վրայ, տեսանք լուսաւոր խաչ մը, որ ըստ մեզի տրուած տեղեկութեան, անոր պատկանող հսկայ հողաշերտը՝ նուիրուած էր 1927-ին, միութեանս ժրաջան անդամներէն Այտա Գարիպեանի աներհօրը կողմէ, ջարդէն մազապուրծ ազատած, եկած եւ ասպնջականութիւն վայելած՝ Գանատա: