Տեղեկութիւններու առատութիւնը, եւ անոր հետեւանքով՝ ճշմարտութիւնը գիտնալը, կ’ընդլայնէ կարծիքներու ազատութեան սահմանը, տալով հարազատ պատկերը հաղորդակիցին ունկնդիր կամ ընթերցող – որ իր կարգին իրաւունք կ’ունենայ ընտրելու:
Կը մօտենայ Քէպէքի 41-րդ ընտրութիւնները. եւ դուք կրնաք մտածել, թէ այդ՝ ինչ կը նշանակէ ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար:
Ահաւասիկ մի քանի հիմնական հարցերու պատասխաններ, ըստ որուն վստահ կ’ըլլաք, որ արժէքաւորած էք ձեր ձայնը:
1) Քուէարկութեան իրաւունք ունին մասնակցելու 18 տարեկան եւ աւելի՝ գանատացի քաղաքացիներ, որոնք ապրած են Քէպէք՝ առնուազն 6 ամիս, բայց պէտք է վստահ ըլլալ, որ ձեր անունը ընտրողներու ցանկին մաս կը կազմէ: Այդ՝ կարելի է ստուգել առ ցանցով: Հակառակ պարագային՝ եթէ ձեր անունը նշուած չէ, կամ սխալ արձանագրուած է, կարող էք ուղղել զայն: Ուղղելու վերջնաժամկէտը Սեպտեմբեր 29-ը կ.ե. ժամը 2:00:
2) Ե՞րբ տեղի կ’ունենան ընտրութիւնները:
Քէպէքի 43-րդ նահանգային ընտրութիւնները տեղի կունենան Հոկտեմբեր 3-ին: Ընտրատեղամասերը կը բացուին առաւօտեան ժամը 9:30-ին մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:
3) Կանխորոշուած ընտրութիւններու օրը, Հոկտեմբերի առաջին Երկուշաբթի օրն է՝ սահմանափակելով քարոզարշաւի տեւողութիւնը 33-էն – 39 օր: Վարչապետ Ֆրանսուա Լըկօ-ի (François Legault) քարոզարշաւը սկսեր է 28 Օգոստոսին՝ այդ դարձնելով 36 օր:
4) Արդեօք կարելի՞ է կանխիկ քուէարկութիւն կատարել:
Ընտրութիւններուն օրը՝ միակ օրը չէ: Կրկնաքուէարկելու համար 7 օր եւս կա’յ:
* Սեպտեմբեր 23-ին ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 8:00:
* Սեպտեմբեր 24-ին ժամը 9:30-էն մինչեւ կ.ե. 4:00:
* Սեպտեմբեր 25-ին ժամը առաւօտեան 9:30 էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը:
* Սեպտեմբեր 26-ին ժամը առաւօտեան 9:30 էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը:
* Սեպտեմբեր 27-ին ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 8:00:
* Սեպտեմբեր 28-ին ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 8:00:
* Սեպտեմբեր 29-ին ժամը 9:30-էն մինչեւ կ.ե. 2:00:
5) Ո՞ր ընտրատարածքներուն մէջ կ’ապրիք:
Ընտրատարածքները սովորաբար կը փոխուին տարիներու ընթացքին: Ձեր սեփական շրջանը պարզելու համար կը գրէք ձեր «փոստալ քօտ»ը (Postal Code) Election Quebec-ի կայքի էջին:
6) Ի՞նչ բանի պէտք ունիք քուէարկելու համար:
Հետեւեալ փաստաթուղթերէն մին՝
* Վառորդական իրաւունք permis de conduire
* Առողջութեան ապահովագրութեան քարտ (L’Assurance de Maladie)
* Գանատական անձնագիր (Passport)
* Գանատայի զինեալ ուժերու «ID» քարտ:
(Քուէարկութեան գործընթացը արագացնելու համար, բերէք ձեր ընդունելիութեան ծանուցումը կամ յիշեցման դեղին քարտը:
7) Կարելի՞ է Քէպէքէն դուրս քուէարկել:
Եթէ Հոկտեմբեր 3-ին ժամանակաւորապէս դուրս էք շրջանէն, կարելի է քուէարկէք փոստով՝ գիտնալով, որ վերջին պայմանաժամը՝ (ET ժամանակով) 14 Սեպտեմբեր երեկոյեան 11:59-ն է Քէպէք:
8) Ո՞վքեր են թեկնածուները:
Հիմնական 5 քաղաքական կուսակցութիւններն են:
ա) Coalition Avenir Quebec (François Legault):
բ) Liberal party (Dominique Anglade):
գ) Conservative party (Éric Duhaime):
դ) Québec Solidaire (Gabriel Nadeau-Dubois):
ե) Parti Qubecois (Paul St-Pierre Plamondon):
Երկու կուսակցութիւններ եւս կան, որոնք կը պայքարին «Անկլօֆօն»–ի, փոքրամասնութեան եւ Մոնթրէալի ձայներու համար՝
զ) Bloc Montreal (Balarama Holness):
է) Canadian Party of Quebec (Colin Standish):
9) Արդե՞օք Covid-19-ն կ’ազդէ՞ քուէարկութեան գործընթացքին վրայ:
Election Quebec ուշադիր կը հետեւի Covid-19-ի զարգացման, բնականաբար դիմակ կրելը պարտադրիչ պէտք է ըլլայ, յատկապէս կարգ մը վայրեր, ինչպէս՝ հիւանդանոցներ եւ երկարատեւ խնամքի տուներ:
10) Անոնք որոնք վտանգուած են Covid-19-ի հետ կապուած բարդութիւններու զարգացմամբ կամ անոր պատճառով ինքնամեկուսացմամբ, կրնան քուէարկել փոստով:
11) Ինչո՞ւ պէտք է քուէարկեմ:
Ոմանց համար քուէարկութիւնը կրնայ յոգնեցուցիչ կամ ապարդիւն պարտականութիւն մը ըլլալ, իսկ ուրիշներ կը կարծեն, թէ իրենց ձայնը անօգուտ է, սակայն ձեր ձայնը միջոցն է ձեր կարծիքը արտայայտելու՝ ձեր առօրեայ կեանքին վրայ ազդող որոշումներուն վերաբերեալ: Այդ՝ թոյլ կու տայ ֆինանսական ներդրումներ կատարելու՝ օգնելու այդ թեկնածուին կամ քաղաքական կուսակցութեան, որուն արժէքները կը համընկնին ձեր արժէքներուն հետ: