Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկական Երգերու Երեկոյ»ն Տեղի Ունեցաւ Բացառիկ Խանդավառութեամբ — _copy

Մոնթրէալ

13 Յուլիս 2024:

Շաբաթ երեկոյ ժամը 8:00:

Արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէր Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» Սրահէն ներս: Խանդավառութիւն մը: Բազմութիւն մը՝ երիտասարդներ, զոյգեր, ընտանիքներ, խուռներամ եկած էին ներկայ ըլլալու, ըմբոշխնելու փունջ մը «Հայկական Երգեր»:

Սրահը պատշաճօրէն յարդարուած, թեթեւ կապոյտ լոյսեր, կը ստեղծէին պահանջուած մեղմ ու գողտրիկ մթնոլորտը:

Սագօ Թաշճեան կը ներկայանար իր խումբով, յանձինն՝ Ժանօ Արապաթլեանի, որ կիթառի արհեստավարժ մասնակցութեամբ կը յայտնէր իր բեմային ձիրքերը, ինչպէս նաեւ Հովօ Էբոյեան (երգեհոնով) վարպետ ու ճարպիկ մատներով ուշադրութեամբ կը հետեւէր ու կը պահէր ներդաշնակութիւնը խումբին ու կը ներշնչէր երգիչը:

Ազգային թէ սիրային երգերու հաւաքածոյ մըն էր, որ մեզի կը ներկայացնէր Սագօ Թաշճեան, տեղին մեղմ, տեղին զիլ ու ուժեղ ձայնով կը խանդավառէր ներկաները ու կ’առաջնորդէր իր արհեստավարժ խումբը:

… Եւ յանկարծ այս ստեղծուած մթնոլորտի ջերմութեան մէջ, օրուան խօսնակ Ծովակ Սողիկեան իր շնորհալի ոճով կը ներկայացնէր օրուան անակնկալը՝ Տարօն Նազիրկանեանը:

Առաջին անգամ չէ, որ կը վայելենք Տարօնը: Քանիցս ներկայ եղած ենք իր հաճելի կատարումներուն, սակայն այս անգամ, զգալիօրէն գերազանցեց ինքզինքը: Նուրբ ու անոյշ ձայնով ան գերեց մեզ: «Զեփիւռի նման», «Չքնաղ երազ», «Բարի Արագիլ», «Ո՜վ դու գեղեցիկ» եւ ուրիշ սիրային երգեր, անգամ մը եւս կու գային մեզ յուզելու ու վերանալու իր  ձայնին խայծով:

Ներկաներու գնահատանքի ու ծափողջոյններու արժանի ելոյթ մըն էր, որ ան ունեցաւ, եւ վարչութեան ատենապետ՝ Նուպար Պապիկեանի ձեռամբ իրեն փոխանցուեցաւ գնահատանքի յիշատակագիր մը հետեւեալ բովանդակութեամբ՝ «Պրն. Տարօն Նազիրկանեանին, Առ ի գնահատանք՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, իր մատուցած մշակութային ու երաժշտական օժանդակութեանց եւ նուիրումին համար: Վարչութիւն՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Մոնթրէալ 20 Յուլիս 2024»:

… Եւ խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ: Սագօ Թաշճեան կրկին ձեռք առաւ բարձրախօսը ու իր զիլ ձայնով հրամցուց ամենագեղեցիկ երգերու փունջը. եւ ինչպէս ամէն արհեստավարժ երգիչ, ան ձգած էր ամենալաւը վերջաւորութեան:

Եւ յանկարծ մթնոլորտը տարբեր հանգամանք առաւ: Անհամբեր ներկաները, չկարենալով զսպել իրենց ուրախութիւնը, հետեւելով աշխոյժ երգերուն թափին, պարելով, ցատկելով, բարձրաձայն խանդավառութեան աղաղակներով… հարթակ խուժեցին:

Կ’ըսեն թէ ամէն ինչ վերջ ունի… սակայն կեանքի յաճախակի դժուարին օրերու այս թոհ ու բոհին մէջ, չեն մոռցուիր, երբե’ք, նմանօրինակ ուրախ յիշատակելի վայրկեաններ, որոնք կը շնորհուին Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցառումներով:

 

Ներկայ մը