Թէքէեան Մշակ. Միութեան Մասնակցութիւնը Մեծ Պահքի «Հսկում»ի Արարողութեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հաւատքով ու երկնային ճշմարտութեան հանդէպ՝ համոզումով կը դիմաւորենք մեծ պահքի օրերը:

Այս առիթով Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին որդեգրած է գեղեցիկ սովորութիւն մը, երբ առիթ կու տայ այս շրջանի Չորեքշաբթի օրերուն մասնակցողներուն, որ իրենց աջակցութիւնն ալ բերեն:

Անհատ հաւատացեալներ, միութիւններ՝ Հսկումի արարողութենէն  ետք, յաջորդաբար կը ստանձնեն հաւաքոյթ մը: Այս առիթով 9 Մարտի՝ Չորեքշաբթին, պատրաստուած էր Թէքէեան Մշակ. Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ:

Եկեղեցական հսկումի աւուր պատշաճի արարողութիւնը կատարուեցաւ ի ներկայութիւն՝ Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեանի, Տէր Դաւիթ քհնյ. Մարգարեանի, Թեմականի եւ ծխականի ատենապետներուն ու անդամներուն:

Դարձեալ ըստ սովորութեան, այս անգամ հրաւիրուած էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդական փոխանորդ՝ Հայր Գէորգ  Ծ. Վրդ. Զապարեան, որ իր պատգամը շնորհէ մեզի: Ան իբրեւ նշանաբան ընտրած էր «Զանցառութիւն իբրեւ մեղք»ը: Վարդապետը մեզ հոգեպէս առաջնորդեց դէպի այն սկզբունքին թէ՝ այլ մեղքերու կողքին՝ երբ կը հեռանանք ուրիշին օգտակար ըլլալու կամ ճշմարտութիւնը ի երեւոյթ բերելու, մէկ խօսքով «զանց կ’առնենք» իրականութիւնը՝ կը մտնենք նոյնքան մեղանչումի դասակարգին մէջ:

Յետ արարողութեան, հոծ թիւով հաւատացեալներ հաւաքուեցան «Վաչէ Յովսէփեան» սրահին մէջ, ուր պատուասիրուեցան պահքի յարմար համեղ ուտելիքներով:

Մոնթրէալի  Թէքէեան Մշակ. Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբը ոչ մէկ ճիգ ու ճաշակ խնայած էր գլուխ հանելու այս ճոխ սպասարկութիւնը:

Հետաքրքրական էր, վարդերու գեղեցիկ փունջերու բաժանումը բոլոր տիկիններուն՝ այս առիթով:

Ներքին հարուստ պաշարով տոգորուած ազգայինները բաժնուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն, իրենց հետ տանելով Մեծ Պահքի օրհնութիւնը, Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի քարոզի վայելքը եւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան սովորութիւն դարձած օրինակելի մասնակցութիւնը: