Թէքէեան Մշակ. Միութեան Տարեկան Վաճառքը (BAZAR) Բացառիկ Կերպով Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Մոնթրէալ

4 Նոյեմբեր 2022:

Առաւօտեան ժամը 10:30:

Արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէր Թէքէեան Մշակ. Միութեան սրահներուն մէջ: Տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, մեղուներու նման՝ աշխոյժ, արագ ու կանոնաւոր, պէտք է տային իրենց վերջին ջանքերը, կատարելիութեան հասցնելու օրուան հանդիսութիւնը… որովհետեւ ժամը 11:00-ին բացումը պիտի կատարուէր՝ վաճառքին:

Մի քանի շաբաթներու, հսկայական աշխատանքի պտուղն էր որ պիտի քաղէին այդ տիկինները, որոնց գլուխն անցած էր, ինչպէս տարինե՜ր, միութեան ժրաջան վարչական Անի Թորիկեանը:

… Յետ օրհնութեան, պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեանի տէրունական աղօթքին ու յաջողութեան սրտագին մաղթանքներուն, բացումի ու ժապաւէնի հատումի հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարեց՝ արժանավայել համեստութեամբ, հանդիսութեան նախագահուհի՝ Տիկ. Մարիա Ճէռահեանը:

Գեղեցկօրէն ներկայացուած այլազան քաղցրեղէններու ու կարկանդակներու անդիմադրելի մատուցումը, կեդրոնական ուշադրութեան առարկայ կը դառնար բոլոր ներկաներուն, մինչ համեղ ճաշերու բոյրը աւելի կը սրէր բոլորին ախորժը:

Շատ մը վաճառորդներ, արդէն Ծննդեան ու Կաղանդի վերաբերեալ ապրանքներով կը պատրաստէին մօտալուտ տօնական օրերու բարձր տրամադրութիւնը:

Հուսկ ուրեմն վիճակահանութեան տասնեակ մը նուէրներ եկան խանդավառութիւնը իր զէնիթին հասցնելու:

… Վերջապէս… երբ զոհողութեամբ լեցուն, հաւաքական աշխատանքի մը նպատակն է ստեղծել հաճելի մթնոլորտ մը, ու մանաւանդ առիթ տալ հասարակութեան, մոռնալու առօրեայ միօրինակութիւնները, մի’շտ յաջողութեամբ կը պսակուի:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ