ԹՄՄ ի Սարօ Մանուկեան Ֆոնտի Նորոգչական աշխատանքը գնահատանքի կ’արժանանայ

Հաղորդագրութիւն

Ինչպէս անցեալին հաղորդուած էր Մոնթրէալի ԹՄՄ-ն  Սարօ Մանուկեան Ֆոնտի մեկենասութեամբ նորոգուած էր Բերձորի Թէքէեան Վարժարանի Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան դասարանը: ԹՄՄ ի  Հայաստանեան անձնակազմը ղեկավարութեամբ վարիչ քարտուղար ընկհի՝ Գայանէ Մուրատեանի յատուկ կարգադրութեամբ Հոկտ. 7-ին Բերձորի Թէքէեան Վարժարանի մէջ տեղի ունեցան երկու կարեւոր միջոցառումներ:

Օգտուելով ՌԱԿ ի ղեկավարներէն ընկ. Վարուժան Սիրաբեանի ներկայութենէն, նախ Վարժարանի ուսուցչակազմին յանձնուեցաւ ԹՄՄ-ի տարեկան «Ուսուցիչ մը հովանաւորէ» ծրագրի դրամական օժանդակութեան յանձնման արարողութիւնը, ապա ի ներկայութեան Բերձորի քաղաքական վարչական մարմնի անդամներուն, ԹՄՄ ի ներկայացուցիչներուն ինչպէս նաեւ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ընկ. Սիրաբեան հատեց վերանորոգուած դասարանի մուտքին զետեղուած ժապաւէնը: Լրիւ նորոգուած ու յարդարուած դասարանը կ’արդարացնէր ծրագրի բոլոր ակնկալութիւնները: Հոն էին Մեսրոպ Մաշտոցը, մեծածաւալ Այբուբենը, գիրքեր նոր ու հին, Համօ Սահեանը, Վահան Թէքէեանը, Յովհ. Թումանեանը…:

Առի գնահատանք կատարուած նուիրատուութեան եւ ի յարգանք հիւրերուն Վարժարանի աշակերտութիւնը ունեցաւ հայ լեզուն պանծացնող մշակութային փոքր յայտագիր մը:

Ուրախութիւնը գագաթնակէտին կը հասնէր երբ Բերձորի քաղաքապետարանին կողմէ ԹՄՄի Սարօ Մանուկեան Ֆոնտին քաղաքապետարանի թիւ 132-Ա որոշումին իբր արդիւնք կը յանձնուէր «Արցախ Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմ»ի կողմէ պատրաստուած ու կնքուած Շնորհակալագիր մը:

Շնորհակալութեան այդ վկայականի բնագիրը շուտով պիտի ցուցադրուի ԹՄՄի Մոնթրէալի կեդրոնին մէջ:

Ահաւասիկ տարի մը առաջ սկսուած աշխատանք մը որ իր լրումին կը հասնի: մանրամասնեալ ծրագրումը, ճշգրիտ պիւտճէն, դրամական ժամկէտային փոխանցումները, շաբաթական գործի յառաջացման տեղեկատուութիւնները եւ մանաւանդ թափանցիկ ու պարկեշտ ձեւով կատարուած ծախսերը օրինակ մը պիտի ըլլան ապագայ նոյնանման ծրագիրներու:

Արդէն յաջողութիւնը վարակիչ սկսած է դառնալ ու ահա ուրիշ նուիրատու մը յանձնառու եղած է այս անգամ «Պատմութեան» դասարանի նորոգութեան: Այդ ծրագրի մասին յաջորդիւ:

Այո, կարելի է ճիշդ ու պարկեշտ ձեւով օժանդակել մեր Հայրենիքին ու Արցախին:

Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը կարող է իր ցուցմունքներով եւ տրազերծ համակարգով օգտակար ըլլալ բոլորին որ նման արարքներով հայրենաշխութեան մասնակից կ’ուզեն դառնալ:

                                                                                              Թղթակից