Երեքշաբթի, օգոստոս 6-ին, հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երեք Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը հանդիպեցան Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ:
Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Արեւմտեան Թեմի, Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Գանատայի Թեմին, եւ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան, Արեւելեան Թեմին առաջնորդները խորհրդակցեցան Թեմերուն առընչուող հոգեւոր եւ վարչական գործնական հարցերը քննելով: Այս հանդիպումները տեղի կ’ունենան առնուազն տարին երկու անգամ:
Քննարկուած հարցերէն էին կղերին վերապատրաստութեան միջ-թեմական ծրագիրներու մշակումը, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին քրիստոնէական դաստիարակութեան, թեմական աշխարհական ղեկավարներու կազմութեան, եւ հաւատացեալներուն հոգեւոր խնամքին վերաբերեալ յայտագիրներու պատրաստութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը որոշեցին թեմերու հոգեւորականներուն համար միացեալ ընթացիկ պատրաստութեան հանդիպումներ ունենալ 2025-ին, եւ Թեմական Խորհուրդներու Ատենապետներու հանդիպումը Նիւ Եորքի մէջ` յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուն: Քննարկուեցաւ նաեւ 2025-ի յուլիս ամսուն կայանալիք Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումին (ՀԵՀԵՄ) ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Էջմիածին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեամբ:
Այս տարի Գանատայի Թեմը իր կազմութեան 40-ամեակը կը յիշատակէ, եւ այս բարեբաստիկ առիթով Յովնան եւ Մեսրոպ Սրբազանները իրենց ջերմ մաղթանքները յայտնեցին Առաջնորդ Աբգար Սրբազանին` Գանատայի Թեմին հոգեւոր յարատեւ աճումին եւ անսասան հաստատութեան համար: