Խորհրդածութիւններ՝ Հայաստանի վերջին զարգացումներուն առիթով

Նիկոլ Փաշինեանի Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը

100-ամեակի Դափնեպսակը Պիտի Հանդիսանայ

Պայմանաւ որ…

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

 

Անցաւ 2018 Մայիս ամիսը եւ Մայիս 28-ը:

Ի վերջոյ ամբողջ մէկ տարիէ ի վեր 100-ամեակի նախօրէին կատարուող յայտարարութիւնները, վերլուծումները, փոխադարձուող հանրային գրաւոր եւ բերանացի բանավէճերը ինչպէս նաեւ Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր կեդրոններու մէջ տեղի ունեցած ծրագրուած 100-ամեակի նշումները եւ տօնակատրութիւնները, ահա կատարուեցան եւ վերջացան:

Վերեւը յիշուած այս ամբողջ  ժամանակամիջոցին սակայն, բացի վերջին քանի մը շաբաթներէն, ոչ մէկուն միտքէն կրնար անցնիլ եւ բնականաբար ոչ ալ մէկը կրնար նախատեսել, թէ ճիշդ 100-ամեակի բուն տարեդարձին՝ պիտի նոյնպէս կատարուէր՝ ամբողջ Հայաստանը եւ նաեւ հայութիւնը ցնցող պատմական իրադարձութիւն մը որ հասկնալիօրէն կոչուեցաւ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն» եւ որ կարելի է արդարօրէն նկատել անցնող հարիւր տարիներուն մէջ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայրենիքին անցած ճանապարհին դափնեպսակը, ու այդ առիթով հայրենիքին ստացած հրաշալի նուէրը: Վերնագրին մէջ կ’աւելցնեմ սակայն, «պայմանաւ որ…» սահմանումը որ բնականաբար կը կարօտի բացատրութեան:

Նախ տեղին է շատ հակիրճ կերպով անդրադառնալ նոյն ինքն 100-ամեակին:

Երբ տարի մը առաջ, Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարեցին թէ այս տարուայ Մայիսին պիտի նշուէր այս պատմական իրադարձութիւնը, հասկնալիօրէն այդ ծանուցումը տուն տուաւ վերեւը յիշուած հրապարակային փոխանակումներուն, սակայն այսօր այլեւս կատարուած բոլոր վերլուծումներէն, պատմական տուեալներու բացայայտումներէն եւ պաշտօնական եւ հանգամանաւոր անհատներու յայտարարութիւններէն ետք, կը խորհիմ թէ որեւէ գիտակից, հետաքրքիր, եւ դիտող եւ ընթերցող հայու համար յայտնի է թէ նշուած հարիւրամեակը ամբողջ հայ ժողովուրդին հպարտութիւն եւ ցնծութիւն ներշնչող առիթ մըն էր: Այս հարիւրամեակը կը պատկանէր ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ կը վերաբերէր անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին անոր ապրած, գործած, պայքարած, պատերազմած եւ յաղթած բոլոր հանգրուաններուն եւ այդ բոլորով ձեռք բերած բոլոր իրագործումններուն որոնց ընդհանուր գումարը պարզապէս՝ 1918 Մայիսի յաղթական հերոսամարտերէն սկսելով, անցնելով Մայիս 28 Առաջին անկախութեան եւ Հանրապետութեան հռչակումէն, յետոյ անցնելով 1920-ին ստեղծուած Սովետական Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութենէն եւ 70 տարուայ ընթացքին այնտեղ կառուցուած պատկառելի պետութենէն, եւ ի վերջոյ 1991-ին հռչակուած Երրորդ նորանկախ Հանրապետութենէն, մինչեւ այսօր մեզի հասած հայոց հարիւր տարեկան ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է: Ոչ աւելի եւ ոչ պակաս:

Այդ հարիւր տարիներուն ընթացքին հայ ժողովուրդի տարբեր հոսանքները, տարբեր կազմակերպութիւնները, տարբեր կուսակցութիւնները եւ տարբեր անձնաւորութիւնները ունին իւրաքանչիւրը իրենց պատմութիւնը իրենց կատարած իրագործումները, սխրագործութիւնները եւ երբեմն ձախաւերութիւնները, գովելի եւ նաեւ յատուկ պարագաներու մէջ դատապարտելի արարքները: Սակայն ընդհանուր գումարը հանդիսացող Պետականութեան տօնին  առիթով պէտք էր դիտել ամէն ինչ վերէն եւ տեսնել միայն ընդհանուր գեղեցկութիւնը: Եւ բարեբախտաբար այդպէս ալ եղաւ:

Շնորհաւոր ըլլայ Հայոց Պետականութեան 100-ամեակը:

Սակայն հայ ժողովուրդը ունեցաւ աւելին:

Արդարեւ Հայաստանի բնակիչին համար եւ սփիւռքահայ մտահոգ եւ ուշադիր դիտողին համար բացայայտօրէն նորանկախ Հայաստանին մէջ կեանքը բոլորովին հանգիստ չէր: Ամէն օր եւ ամէն ժամ խօսիլ բացասական երեւոյթներուն մասին տեղին չէ եւ մանաւանդ արդիւնաւոր (productive) չէ: Սակայն յաջորդական յարմարագոյն առիթներով կը կատարէինք մեր դիտողութիւնները երբեմն խիստ երբեմն աւելի քաղաքավար դարձուածքներով, թէ յատկապէս վերջին աւելի քան տասնեակ մը տարիներու ընթացքին օրուան իշխանութիւնները երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը երթալով աւելի հեղձուցիչ դարձուցած էին, յատկապէս ընկերային կեանքին մէջ եւ գործառնութեանց ընթացքին, օրէնքը եւ արդարութիւնը երթալով ընդվզեցուցիչ չափերով արհամարհելը սովորական եւ բնական դարձնելով:

Քաղաքակիրթ երկրի մը համար անընդունելի այս վիճակին կարեւոր եւ ահաւոր արդիւնքներէն մէկը Հայաստանի քաղաքացիներուն տագնապալի չափերու հասած մեծ թիւով արտագաղթն էր անկասկած: Որոշ է թէ առանց բնակիչի Հայաստան չի կրնար գոյութիւն ունենալ:

Ահա այս պայմաններուն մէջ է որ 2018 Ապրիլին Յանկարծ յայտնուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած եւ այս բոլորին դէմ արտայայտուող բողոքի շարժումը, որ օրերու ընթացքին, փոխանակ սկզբնաւորութեան ժամանակաւոր կարծուած երեւոյթի մը, վերածուեցաւ ամբողջ երկրին մէջ տարածուած ժողովրդական բողոքի եւ պոռթկումի շարժման մը եւ որ ի պատիւ բոլորին, այսինքն թէ այս շարժման ղեկավարներուն եւ ժողովուրդին, եւ թէ նախորդ իշխանութեան ղեկավարներուն, քանի մը շաբթուայ ընթացքին հանգեցաւ իշխանութեան ամբողջական դրական յեղաշրջումին:

Անհաւատալի եւ ամբողջ աշխարհին համար աննախընթաց գովելի երեւոյթ մըն էր այս որուն հիմնական նպատակը եւ ձեռք բերուած յաջողութիւնը կը կայանար երկրին մէջ օրէնքի եւ արդարութեան նկատմամբ յարգանքի վերահաստատման մէջ: Մասնաւորապէս, այսպէս կոչուած համատարած «Գորրուպցիան» վերջնականօրէն արմատախիլ ընելու սահմանուած շարժման յաղթանակին մէջ:

Այսօր տակաւին հազիւ թէ քանի մը շաբաթներ անցած են Մայիսի 8-ին այս ժողովրդավարական շարժման ղեկավար՝ Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովին կողմէ Վարչապետ ընտրուելու պատմական անկիւնադարձէն: Բնականաբար նախատեսուած՝ ամբողջ Հայաստանի տարածքին կատարուելիք բարեփոխութիւններուն իրագործումը պիտի պահանջէ բաւական ժամանակ եւ պայքար:

Մէկ օրէն միւսը չէ որ այդպիսի յեղաշրջում կրնայ կատարուիլ:

Սակայն բարեբախտաբար մինչեւ այսօր առնուած քայլերը արդէն իսկ իսկական յոյս եւ վստահութիւն կը ներշնչեն:

Հրաշալի եւ դրական երեւոյթներէն մէկը այն է թէ ամբողջ հայ ժողովուրդին մէջ բայց մանաւանդ Հայաստանի մէջ, յանկարծ կը տիրէ լաւատեսութիւն, յոյս եւ նոյնիսկ վստահութիւն թէ այլեւս ամէն բան անդառնալի կերպով պիտի մտնէ լաւ հունի մէջ:

Որպէս Սփիւռքահայ երբ այս օրերուն կը կարդանք եւ կը դիտենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող լրատուութիւնները, հարցազրոյցները եւ վերլուծումները, անխուսափելիօրէն այնտեղ կը տեսնենք թէ կը տիրէ իսկապէս անկեղծ գոհունակութեան եւ անկեղծ արտայայտութեան վիճակ մը որ այլեւս բոլորովին կը բացակայէր մինչեւ այս վերջին Մայիսեան յեղաշրջումը:

Սակայն ահա ճիշդ այս հանգրուանին է, որ նոր իշխանութիւնը գլխաւորութեամբ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, եւ իր հետ ամբողջ հայ ժողովուրդը, յատկապէս ի Հայաստան եւ սակայն  նաեւ ի վերջոյ ի սփիւռս աշխարհի, խանդավառութեան եւ տօնախմբութեան առաջին օրերէն ետք, պէտք է մտնէ շատ լուրջ եւ խոր հաշուարկումներով առնուելիք յախուռն քայլերու շրջանի մը մէջ եւ օգնէ որ լաւատեսութիւնը հասնի իրական գործնական բարելաւումներու:

Նոր իշխանութիւնը եւ հայաստանաբնակ ժողովուրդը պարտի խուսափիլ քանի մը փորձութիւններէ:

Անոնցմէ առաջինը անհամբերութիւնն է: Այնքան ժամանակ որ նոր իշխանութիւնը հաստատօրէն եւ գործնականօրէն իր առած քայլերուն մէջ կը դրսեւորէ արդարութեան անզիջող գործադրութեան նախապայմանը, պէտք չէ անհամբերութիւն ցոյց տալ այս կամ ան անարդարութեան անմիջական վերացումը չի տեսնելու պարագային: Անշուշտ անհրաժեշտ է հետեւողականօրէն բացայայտել այդ բոլոր վիճակները եւ անզիջող կերպով պահանջել սրբագրութիւնները եւ պահանջել բարեփոխութիւններուն արգելք կեցողներուն նկատմամբ օրինական պատժամիջոցներու գործադրութիւնը: Սակայն այլեւս անընդունելի է փողոց իջնելով երկրին նորմալ կեանքը եւ ընթացքը խանգարելու ձեռնարկելը:

Ընդհանրապէս անհրաժեշտ է խուսափիլ, որքան որ կարելի է, հայ ժողովուրդին յատուկ արտայայտութեանց ձեւերուն մէջ չափազանցութիւններէն: Մէկ կողմէ պէտք չէ նախկին իշխանութեան բոլոր մասնիկները եւ անոնց հետ գործողները նախատինքի ենթարկել: Ի վերջոյ այնտեղ կային մեծ թիւով պարկեշտ, հայրենասէր եւ կարող ու փորձառու անհատներ որոնց շարունակական ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը այսօրուայ կատարուելիք աշխատանքին համար անգին հարստութիւն մըն է որմէ պէտք է օգտուին երկիրը եւ ժողովուրդը:

Նոյնպէս անհրաժեշտ է խուսափիլ միւս ծայրայեղութենէն որ կը կայանայ նոր իշխանութեան գլուխը եղողները նկատել կատարեալ եւ ամենակարող: Ամենաբարի նկատումներով իսկ պէտք է խուսափիլ խանդավառութիւնը անհատի պաշտամունքի վերածելու փորձութենէն: Ճիշդ այս փորձութիւնն է որ անցեալին թէ Հայաստանին եւ թէ ամբողջ աշխարհին մէջ ազնուագոյն ղեկավարները տարիներ ետք յաճախ դարձուցած է ամբողջատիրական դատապարտելի անձնաւորութեանց:

Ի վերջոյ երբ ընդհանուր ակնարկ մը կը նետենք՝ կը տեսնենք թէ ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանին Մայիս 8-ի վաղորդայնին իր կազմած նոր կառավարութեան անդամները, ընդհանուր առմամբ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն իրենց ունեցած ակադեմական պատրաստութեամբ եւ յաճախ նաեւ աշխատանքային նախորդող փորձառութեամբ: Բնականաբար, սակայն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը պարտի գիտնալ թէ միայն այսօրուընէ սկսեալ իր կատարելիք գործունէութեամբն է որ ինք պիտի գնահատուի:

Նոր իշխանութիւնը պարտի հիմնական աշխատանքի որպէս ձեւ որդեգրել հաստատուած չափանիշերով ինքնաքննադատութեան եւ ինքնագնահատման դրութիւն մը որուն մաս կազմէ նաեւ որոշ յաճախականութեամբ մը՝ ստացուած արդիւնքները համաժողովրդային հարցաքննման (polls) ենթարկելու սովորութիւնը: Մէկ խօսքով անհրաժեշտ է ամէն միջոց ձեռք առնել՝ կանխելու համար լաւագոյն նպատակներով սկսուած գործը ժամանակի ընթացքին բթանալու եւ չարափոխուելու վտանգը:

Վերջապէս կը մնայ «Սփիւռք»ը: Այն Սփիւռքը որ կը հաշուէ բուն հայրենիքի բնակչութենէն շատ աւելի քան կրկնապատիկը թիւ եւ ուր կան բազմաթիւ տաղանդներ եւ նոյնիսկ համաշխարհային ամենաբարձր յաջողութեանց հասած անհատներ, այնտեղ կան բազմաթիւ լաւագոյն նպատակներով ստեղծուած կազմակերպութիւններ, կան հարիւրամեայ փորձառութիւն եւ գործունէութիւն ունեցող աւանդական կուսակցութիւններ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ այլն: Այս բոլորն ալ այս օրերուն, հայրենիքի ժողովուրդին հետ կ’ապրին լաւատեսութեան, խանդավառութեան եւ հայրենիքին օգտակար դառնալու անկեղծ տրամադրութեան մը մէջ:

Ամենամեծ վարկածը այս օրերուն՝ ինչպէս անցեալին՝ կը կայանայ Սփիւռքի այս մեծ կարելիութիւնները ի շահ հայրենիքին լաւագոյնս գործածելու միջոցը գտնելուն մէջ:

Այսօր ուրիշներու կարգին՝ գոհունակութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան  Սփիւռքի նոր նախարար Մխիթար Հայրապետեանի նշանակումը: Երիտասարդ այս նոր նախարարը ինք եւս միւս բոլորին նման իր նոր պաշտօնը կստանձնէ լաւագոյն տրամադրութիւններով: Այստեղ ստիպողաբար կը յիշեմ նախորդ նախարարուհին, որուն որոշ չափով ծանօթ էի իր պաշտօնի կոչուելէն առաջ, եւ որուն պատահեցաւ որ կը հանդիպէի օր մը իր պաշտօնի կոչուելէն անմիջապէս առաջ: Ես ինքս որպէս սփիւռքահայ կեանքին բաւական ծանօթ եւ մասնակից մէկը շատ ուրախ էի այն օրը յուսալով առիթը ունենալ, անպաշտօն կերպով, կարգ մը կարծիքներ փոխանցելու այս կարեւոր նոր պաշտօնին կոչուելիք անձնաւորութեան: Սակայն այդ հանդիպման առիթով մի քանի ժամուան ընթացքին, չեմ կարծեր թէ մի քանի նախադասութիւններէն աւելին կրցայ տեղաւորել այն արդէն իսկ կազմուած իր գաղափարներուն եւ ծրագիրներուն տեղատարափին մէջ՝ որ ստիպուած ունկնդրեցի այս «երկու հոգիներով» ունեցած մեր «երկար խօսակցութեան» ընթացքին…

Այս անգամ մաղթանքս է որ նորանշանակ նախարարը հանգիստ ժամանակ տրամադրէ եւ լուրջ պրպտումներ կատարէ, դիմելով սփիւռքին ծանօթ տարբեր հաւաստի աղբիւրներու, նախ քան վերջնական ծրագիրներ մշակելը: Մասնաւորապէս այստեղ կ’ուզեմ մատնանշել, ենթադրաբար իրեն վերագրուած մէկ արտայայտութիւնը որ կը վերաբերի իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ «Սփիւռքի Խորհրդարան» մը կազմելու իր գաղափարին:

Խորհրդարան կը նշանակէ Խորհրդարանի ընտրուած անդամներ որոնք կու գան հաւաքականութենէ մը ուր կը տիրէ որոշ կարգ կանոն եւ օրէնքի գործադրութիւն որուն միջոցաւ այնտեղ կը կատարուին ընտրութիւններ: Արդ Սփիւռքը բացի անկէ որ իր մէջ կը պարփակէ իսկապէս հսկայական կարողութիւններ եւ հարստութիւն, ինչպէս նաեւ մեծ բարի տրամադրութիւն, զուրկ է ընտրութիւն կատարելու բոլոր նախապայմաններէ:  Այնտեղ կայ ոչ ընդհանրական կարգ, ոչ կանոն եւ ոչ ալ օրէնք: Հետեւաբար որեւէ ջանք կամ յաւակնութիւն անկէ բխած «Խորհրդարան մը» կազմելու՝ անխուսափելիօրէն սահմանուած է ամբողջական ձախողութեան: Այս պատճառաւ իսկ նորանշանակ նախարարին անկեղծ եւ շեշտուած  յանձնարարութիւն պէտք է տալ մէկ կողմ դնել այսպիսի որեւէ ծրագիր: Միւս կողմէ սակայն շատ աւելի արտադրողական (production) պիտի ըլլայ որ նախարարը կազմէ իրեն օգնող «խորհրդատու մարմին» մը որուն անդամները զատուին ըստ իրենց ունեցած անհատական կարողութեանց եւ գործունէութեան վաստակին՝ նկատի առնելով անցնող տարիներուն ընթացքին Սփիւռքին մէջ իւրաքանչիւրին ունեցած շօշափելի եւ տեսանելի քոնքրէթ գործունէութիւնը եւ ձեռք բերած արդիւնքները:

Այսքանով կ’ուզեմ եզրակացնել այս ընդհանուր ակնարկը կրկնելով վերնագրին մէջ արտայայտած միտքս թէ իսկապէս Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը Հայոց Պետականութեան 100-ամեակի նշումներուն եւ տօնակատարութեանց դափնեպսակը հանդիսացաւ:

Միւս կողմէ, այդ հանգամանքը պիտի աւելի եւս ստորագծուի եւ ամրանայ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն՝ պայմանաւ որ ստեղծուած աննախադէպ անկեղծ խանդավառութեան եւ արդարութեան հանդէպ յարգանք ներշնչող մթնոլորտը խելացի կերպով շարունակուի եւ գործի վերածուի, եւ ամէն կերպով ջանք թափուի խուսափելու նախատեսելի անցեալի սխալներու կրկնութենէն:

Սրտանց յաջողութիւն մեծայարգ Պրն. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Ձեզ, Ձեր բոլոր գործակիցներուն եւ յաւերժական Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: