«Ծաղկազարդ»ը մեր եկեղեցւոյ ամենակարեւոր ու ամենազուարթ տօներէն մէկն է, որ ամէն մեծ ու փոքր հայ քրիստոնեայ, մոմերով զարդարուն, եռանդով կ’ուղղուի եկեղեցի, տօնելու համար մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:
Այս առիթով Թ.Մ.Մ.-ը իր կարգին ոչ մէկ ճիգ չխնայեց մեր ժողովուրդի եռանդն ու ուրախութիւնը բազմապատկելու համար: Ուստի, ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը հաւաքելով մեր սիրելի ընտանիքները ճոխ սեղաններու շուրջ եւ հրամցնելով համեղ «շաւուրմա»-ն: Ճաշկերոյթի հանդիսավարներն էին Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Կարինէ Ճիյէրճեան: Մթնոլորտը շատ ճոխ էր եւ բոլորին տրամադրութիւնները շատ բարձր: Մեր սիրելի Ատենապետ ընկ. Պերճ Գոգորեան իր սրտի ջերմ խօսքերը փոխանցեց ներկաներուն, բոլորին շնորհաւորելով Ծաղկազարդը, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք աջակից եղան սոյն ձեռնարկին յաջողութեան:
Ճաշկերոյթի խինդն ու ուրախութիւնը շարունակ բարձր պահելու մտքով պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ պատանուհի Սինդիա Խաչոյեան իր «Նազ Պար»ով: Բոլորը հմայուած դիտեցին եւ ուրախ եղան որ մեր մշակոյթը միշտ կենդանի կը պահուի:
Յաջորդաբար, քանոնով ելոյթ ունեցաւ ընկհի. Մեղրիկ Գանձանակեան, որ իր գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ արտայայտեց մեր հին երգերու բարձր արուեստը:
Օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ հաւկթախաղով: Բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան գոյնզգոյն հաւկիթներ եւ սկսաւ հաճելի հաւկթախաղը: Վերջաւորութեան, ամենազօրաւոր հաւկիթը արժանացաւ նուէրի մը: Ապա երեք զոյգերու միջեւ կատարուեցաւ «գորոն»ներ պատրաստելու մրցում մը: Այն զոյգը որ աւելի արագ եւ գեղեցիկ «գորոն» պատրաստեց, ստացաւ նուէր մը: Անտեսանելի չէր կրնար ըլլալ այն գեղեցիկ անկիւնը որ պատրաստած էր յանձնախումբը գունաւոր հաւկիթներով ու ճուտիկներով զարդարուած, որպէսզի ներկայ փոքրիկները յիշատակի պատկերներ ունենան այս տօնակատարութենէն: Մեծապէս գնահատուեցան նաեւ ներկաներուն հրամցուած անուշեղէնները:
Թ.Մ.Մ.ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր հիւրերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն ու միշտ վառ կը պահեն հայ մշակոյթի այս օճախը: Նոյնպէս, յատուկ շնորհակալութիւն D.J. Ղեւոնդ Գաւլաքեանին, որ ճոխացուց ու խանդավառեց սոյն ճաշկերոյթը:
Կը շնորհաւորենք բոլորին Ծաղկազարդն ու Սուրբ Յարութեան Տօնը մաղթելով բոլորին լուսաշող ապագայ:
«Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց:
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»
Մայտա Մանուկեան-Թաշճեան