Հաղորդագրութիւն – Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը եւ ՌԱԿ-ը նեցուկ են Ալան տըՍուզայի

Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պաշտօնապէս զօրավիգ կը կանգնին Պրն. Ալան ՏըՍուզայի Գանատայի Լիպերալ Կուսակցութեան Սէն-Լորան ընտրաշրջանի թեկնածու՝ ֆետերալ լրացուցիչ ընտրութիւններուն, ուր պիտի ընտրուի Սդէֆան Տիոնին փոխարինողը:

Պրն. ՏըՍուզան Սէն-Լորանի բնակիչ մը եղած է աւելի քան 44 տարիներու ընթացքին: Ան ծառայած է որպէս ընտրեալ պաշտօնատար աւելի քան 31 տարիներ (Սէնդ Քրուա դպրոցի հոգաբարձութեան, քաղաքապետարանի օրէնսգէտ՝ երեք տարեշրջանի համար, եւ որպէս Քաղաքապետ՝ չորս տարեշրջանի համար):

Ան նաեւ ծառայած է Մոնթրէալի քաղաքապետութեան գործադիր մարմնին մէջ 11տարիներ ստանձնելով պատասխանատուութիւններ ֆինանսաւորման, վարչական, միջավայրի,  մնայուն զարգացման եւ տնտեսական զարգացման բաժիններու մէջ:

Ան եղած է զօրաւոր նեցուկ մը եւ մօտէն գործակցող մը Հայ համայնքին հետ, ծառայելով աւելի քան 31տարիներ, յատկապէս Սէն-Լորան քաղաքի համայնքային կեդրոններու եւ Ցեղասպանութեան յուշատօներուն կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նշումներուն:

Պրն. ՏըՍուզա գործակցած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետ աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ ՌԱԿ-ը կը քաջալերեն Սէն-Լորան բնակող բոլոր հայերուն, արձանագրուելու Ազատական (Liberal) որպէս անդամներ, որպէսզի կարենան ընտրել Պրն. ՏըՍուզան իբրեւ Սէն-Լորանի Լիպերալ թեկնածուն եւ յետոյ՝ մեր արժանաւոր ներկայացուցիչը Օթթաուայի մէջ որպէս Խորհրդարանի Անդամ:

Մենք պիտի գործակցինք Պրն. ՏըՍուզայի խումբին հետ որ յաջողութեամբ պսակուի քաղաքական իր նոր ասպարէզը: Աշխատինք որ Պրն. ՏըՍուզան ըլլայ մեր ձայնը      Օթթաուայի մէջ: