Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առիթով՝ Նիակարա ջրվէժը լուսաւորուեցաւ հայկական դրօշի գոյներով

Երկուշաբթի՝ 21 Սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ «Նիակարա փարք քօմիթէ»-ի համատեղ ջանքերով՝ Նիակարա ջրվէժը լուսաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյներով:

Աննախադէպ եւ նշանակալից այս ձեռնարկը կը հովանաւորէր Հ.Հ.-եան Գանատայի մօտ՝ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան: Հակառակ գիշերուայ ժամերուն Գանատահայ գաղութէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ անհատներ եկած էին բաժնեկից ըլլալու պարզուող բացառաբար տպաւորիչ եւ յուզիչ երեւոյթին: Յատկապէս ներկայ էր Գանատահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան եւ թեմի քահանայ հայրերէն Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգ արեան  եւ Տէր Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան: