Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի Մոնթրէալի մէջ համագաղութային նշումները ընթացք առաւ Կիրակի՝ 22 Ապրիլ 2018-ին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինի կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ, խուռներամ ժողովուրդի մասնակցութեամբ:
Բազմաթիւ հայրենակիցներ փութացած էին իրենց հաւաքական եւ միասնական յարգանքը եւ ուխտը մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Ձեռնարկին ներկայ էին Գանատահայոց Առաջնորդ Գեր. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետ Հայր Գէորգ Զապարեան, Հայ Աւետարանական Լաւալի Եկեղեցւոյ հովուապետ Պատուելի Յովհաննէս Սվաճեան, եւ Հայ Աւետարանական Մոնթրէալի Եկեղեցւոյ հովուապետ Պատուելի Տապօ, շրջապատուած հոյլ մը եկեղեցական սպասաւորներով: Ներկաներուն մէջ էին հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, որ յաջող կերպով մեկնաբանեց Քլօէ Պալեանը, ապա օրուան հանդիսավար Ռաֆֆի Երէցեան ողջունեց ներկաները յիշելով թէ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս համախմբուած ենք միատեղ ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը, նշելով թէ պատմական անմոռանալի այս անկիւնադարձը նաեւ առիթ մըն է վերանորոգելու մեր ուխտը:
Հանդիսավար Ռաֆֆի Երէցեան յաջորդաբար փոխանցեց պատգամներ՝ վարչապետ Justin Trudeau-ի, Պահպանողական ղեկավար՝ Andrew Sheer-ի, NDP-ի, Emmanuella Lambropoulos-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Լեւոն Մարտիրոսեանի կողմէ ուղղուած, ապա բեմ հրաւիրեց ասմունքող Անահիտ Պալեան, որ Եղիշէ Չարենցին մասին ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, ասմունքեց Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան անգլերէն տարբերակը: Ասմունքին ընկերակցեցաւ վարպետ սրնգահար եւ դուդուկահար Համբիկ Ճապուրեանը մեկնաբանելով՝ Աշոտ Պատրիկի «Զօրս ըստ պատկերի քում» կտորը:
Յաջորդաբար խօսք առին Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ՝ Magda Popeanu եւ Արամ Էլակէօզ, ինչպէս նաեւ Քէպէքի նահանգային խորհրդարանի անդամ Saoul Polo: Քաղաքական ներկայացուցիչները անխտիր իրենց ցաւակցութիւնները եւ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին, դատապարտելով ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը:
Ապա դարձեալ բեմ հրաւիրուեցաւ տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեանը որ յաջողութեամբ մեկնաբանեց՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն Հաւուն» կտորը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Քէպէքի համալսարանի (L’Université du Québec à Montréal) պատմութեան դասախօս Մարի Պլանշ Ֆուրքատ, որ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերը։
Յայտագրի վերջաւորութեան, ներկայ կրօնականները կատարեցին խմբային ոգեկոչման արարողութիւն մը, մինչ երկու սկաուտներ յուշարձանին առջեւ կը զետեղէին աւանդական ծաղկեպսակը, ի յիշատակ մեր Սրբադասուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն:
Գնահատելի են հայկական կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որոնք մէկդի դրած բոլոր վերապահութիւններն ու տարբերութիւնները, միասնականութեան ոգիով ու կազմակերպութեամբ, անգամ մը եւս համահայկական նշում մը իրագործեցին: