Հայրերու տօնին առիթով՝ դարձեալ յիշատակելի օր մը Մոնթրէալի Թ.Թ.Միութեան պուրակին մէջ

Գարնան անոյշ ու ջերմ օդին կը համընկնի Հայրերու տօնը:

Գարնան հետ եկաւ Հայրերու օրը…  որովհետեւ գարնան կը վայելէ Հայրերու տօնը:

Կիրակի Յունիս 19, 2022

Շամփուրներու վրայ փաթաթուած, խորովածի քաղցրահամ ու թարմ միսի հոտը կը բուրէր մինչեւ մերձաւոր հարեւաններու երդիքները, մինչ Թէքէեան Մշակ. Միութեան ժիր վարչութիւնը, կանուխէն եկած էր պատրաստելու բոլորին սիրելի՝ հայրիկներու տօնին հաւաքը:

Նոր դէմքեր, հին ու նորէն երեւցող հարազատներ, վերջապէս դո’ւրս պոռթկացող ու անհամբեր վայելել փափաքող բարեկամներ քով-քովի, հանդարտ այլ անհամբեր, զիրար ըմբոշխնելու անյագ ու միակ մտահոգութեամբ՝ կը դիտէին իրենց զաւակներուն ու թոռներուն ճռուողիւնը:

Բախտաւոր էին բոլորը. թարմ ու ջերմ օդին պահանջքը աւելի կը սրէր խորովածի ախորժը:

… Սակայն այս բոլորին կողքին, պատրաստուած անակնկալներու շարքին ծալքը կը քակուէր:

Ներշնչուած այս տաքուկ ու փոխանցիկ մթնոլորտէն, ժրաջան Տիկնանց յանձնախումբէն՝ Տիկ. Մայտա Մանուկեան մաքուր առոգանութեամբ՝ բանաստեղծութիւն մը կը յօրինէր ու կը խանդավառէր ներկաները:

Յայտնութիւն մըն էր:

Ահաւասիկ՝

 

ՀԱՅՐԴ

Հա՞յրդ

 

Քո ազգանունն է հայրդ

Քո մականունն է հայրդ

Քո վերնագիրն է հայրդ

Քո բեռնակիրն է հայրդ

Քո տանը դուռն է հայրդ

Քո մէջքի թուրն է հայրդ

Քո հսկայ վէմն է հայրդ

Քո ապաւէնն է հայրդ

Քո տան երդիքն է հայրդ

Քո երախտիքն է հայրդ

Քո ճամբու լոյսն է հայրդ

Քո ուղեցոյցն է հայրդ

Քո տանը սիւնն է հայրդ

Քո բազկի արիւնն է հայրդ

Քո զօրութիւնն է հայրդ

Քո վստահութիւնն է հայրդ

Քո քաջ ասպետն է հայրդ

Քո նահապետն է հայրդ

Հա՛յրդ …քո հայրդ …

Քո վեհ արծիւն է հայրդ ։

                                  Մայտա Մանուկեան

Երբ յանկարծ Վարչութիւնը, գաղափարը ունեցած էր յայտարարելու օրուան «Հայրը» յանձինն՝ Ռ.Ա.Կ.-ի ատենապետ Արա Պալեանը. երկրորդ այլ օրինակելի անակնկալ մը որ արժանի էր սովորութիւն դարձնելու Հայրերու տօնակատարութիւններուն առիթով:

          Կ’ըսեն թէ, ամէն ինչ որ, սկիզբ ունի, կունենայ եւ վերջ… սակայն հաճելի ժամեր, որքան որ կարճ թուին, կը շարունակեն մնալ մեր յիշողութեան մէջ. եւ կեանքն ի՞նչ է, եթէ ոչ մաքուր ու գեղեցիկ յիշատակներու պատկերատետր մը (album) ուր կը յիշես, կը յիշուիս ու թերեւս կը մնաս յիշատակելի բոլոր սիրելիներուդ մտքին մէջ…

… Այնպէս …ինչպէս Հայրերու տօնը՝ սիրելի, Թէքէեան Մշակ. Միութեան անզուգական պուրակին մէջ:

 

Պերճ Գոգորեան