Մասնաւորի Յարգանք Ընկ. Ազատեանին

Շաբաթ՝ 1 Ապրիլ 2023-ին, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ կատակերգակ

KEV ORKIAN-ի մենակատարութեամբ եւ 600-ի մօտ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, ծիծաղի բացառիկ երեկոյ մը:

Միջազգային ճանաչում ունեցող ծիծաղի աստղը հաճոյալի պահեր հրամցուց ներկայ հասարակութեան:

Սոյն գրութեամբ կ’ուզենք մատնանշել պատեհութիւն մը, որ յուզիչ տեսարան մը պարզեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն մօտ: Անոնք բոլորն ալ կը փափաքէին՝ օրեր առաջ մեզմէ յաւերժ բաժնուած ընկ. Երուանդ Ազատեանի յիշատակը յարգուէր գոնէ մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ, սակայն երեկոյեան օրուան աստղը մերժեց նմանատիպ քայլով մը սկսիլ ծիծաղի երեկոն, զայն համարելով ձեռնարկը ձախողութեան մատնելու լաւագոյն պայմանը:

Այսու ամենայնիւ, ան խոստացաւ ընկ. Ազատեանի յիշատակը յարգել յայտագիրի աւարտին:

Անհամբեր կ’սպասէինք անակնկալը եւ ահա KEV ORKIAN վերջ տուաւ զուարճալի բաժինը ու յատուկ կերպով մատնանշեց սփիւռքահայ մտաւորականի՝ ընկ. Ազատեանի մահը եւ ներկաներուն յայտնեց թէ ինք կը փափաքի հանգուցեալի յիշատակը յարգել դաշնամուրի վրայ IMPROVISE ձեւով, ու յատուկ հանգուցեալի նուիրուած անակնկալ ելոյթով մը:

Հոյակապ ստեղծագործութիւնն ու զգացական երաժշտութիւնը եւ կատարումը, լիապէս արժեւորեց սպասուածը՝ պատշաճ ձեւով յարգանքի նուազագոյն տուրք մը դառնալու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած մտաւորական, ազգային ղեկավար ընկերոջ՝ Երուանդ Ազատեան-ի յիշատակը:

Նախ արցունքներով ու ապա ծափահարութեամբ ներկաները ընդունեցին KEV ORKIAN-ի նուիրած յարգանքի լուման:

KEV ORKIAN մեզ խնդուքի պահեր պարգեւեց, միեւնոյն ատեն ցոյց տալով իր մարդկային զգացումներու հոսքը:

Շնորհակալ ենք KEV ORKIAN:

            Արթօ Մանուկեան